ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի Իրաւական հարցերով յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Յունուար 18ին աւարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծին նուիրուած քննարկումը եւ հասած է այն եզրակացութեան, թէ փաստաթուղթը հակասահմանադրական է:
Սակայն ՀՅԴ Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան կը տեղեկացնէ, թէ որոշումը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Յունուար 23ին մեկնարկող օրինագիծի քննարկման գործին վրայ՝ յիշեցնելով, որ Ծերակոյտի անդամներուն մեծ մասը կողմ է օրինագիծի վաւերացման:
«Ծերակոյտի Իրաւական հարցերով յանձնախումբը բաղկացած է 49 հոգիէ՝ նախագահողին հետ միասին։ Այս քուէարկութեան ընթացքին 23ը դէմ, 9ն թեր քուէարկեցին, իսկ 8 անձ ձեռնպահ մնաց։ Յանձնախումբի որոշումը այն էր, որ օրէնքը հակասահմանադրական է՝ նախքան Ծերակոյտին հասնիլը։ Կարգը հետեւեալն է. եթէ այսօր այս յանձնախումբը օրինագիծը հակասահմանադրական չնկատէր, յառաջիկայ Երկուշաբթի օր ընդհանուր նիստին ընթացքին քննարկում տեղի պիտի չունենար եւ Ծերակոյտը ուղղակի քուէարկութեան պիտի անցնէր։ Սակայն այսօրուան որոշումը կը նշանակէ, թէ Երկուշաբթի օրուան լիագումար նիստի ընթացքին դարձեալ քննարկում պիտի ըլլայ ծայրէ ծայր, եւ ապա Ծերակոյտը պիտի անցնի քուէարկութեան։ Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, կ՛ակնկալէինք, որ յանձնախումբը այսպիսի որոշումով դուրս գայ, որովհետեւ կարգը այսպէս է», կ՛աւելցնէ Հրաչ Վարժապետեան:
Leave a Reply