ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը կը գրէ, թէ վերջին երկու ամիսներուն Հաթայի (Իսքենտերուն) եւ Ատանայի մերձակայքը տեսնուած են լրտեսական իսրայէլեան անօդաչու երկու օդանաւեր՝ թուրք պաշտօնատարներու մօտ այն կասկածը յառաջացնելով, որ օդանաւերը քիւրտ անջատողականներուն տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Թուրքիա-Սուրիա սահմանային շրջաններու զարգացումներուն մասին։ Կը հաղորդուի, որ Իսքենտերունի ոստիկանական դիրքի մը վրայ յարձակումի քիւրտ պատասխանատուն, քանի մը առիթներով Իսրայէլ այցելած է։ Նաեւ կը պնդուի, թէ քիւրտ ղեկավարներէն Ֆեհման Հիւսէյն Սուրիա կը գտնուի եւ այդտեղէն կ՛առաջնորդէ թրքական ուժերուն վրայ յարձակումները:
Leave a Reply