Ֆէրիգիւղի Նազար Շիրինօղլու Սրահին Մէջ
«ՄԱՐՄԱՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ 70 ԱՄԵԱԿԸ ՏՕՆՈՒԵՑԱՒ ԳՐԱԿԱՆ-ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ
Ոգեկոչուեցաւ Մարմարայի Հիմնադիրը, Երախտիք Մատուցուեցաւ Թերթի Խմբագիրներուն, Հին Ու Նոր Բոլոր Ծառայողներուն
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ, “Մարմարա Օրաթերթ”ի հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով, գրասէր եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ սարքուեցաւ գրական-գեղարուեստական բարձրորակ հանդէս մը։ Հանդէս մը, որ երախտաշատ տուրք կը վճարէր Մարմարայի հիմնադիր Սուրէն Շամլեանէ սկսեալ, թերթի հին ու նոր բոլոր աշխատակիցներուն ու ծառայողներուն, միւս կողմէ երաժշտական, գրական եւ թատերական հոյակապ եւ յագեցուցիչ խնջոյք մը հրամցնելով ներկաներուն։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ներկայ էր, իր կողքին ունենալով Զաքէոս Հայր Սուրբն ու քահանայ Հայրեր։ Ներկայ էին նաեւ Մխիթարեան Վարդապետները. Արհի. Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան, Հայր Յակոբոս Վրդ. Չոփուրեան, Հայր Սարգիս Վրդ. Էրմէն, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, տնօրէններ, ուսուցիչներ, թերթիս Հայաստանցի ընթերցողները եւ Մարմարայի բազմաթիւ համակիրներ։
Այս նշանակելի տարեդարձին առիթով, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը ազնիւ գտնուած էր տրամադրելու Եկեղեցւոյ սրահը եւ ամէն դիւրութիւն ընծայած էր լաւագոյն կերպով տօնակատարելու համար թերթի յոբելեանը։
Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեան, իր որդին Արաս Մանուկեան եւ ուսուցչուհիներէն՝ Տիկին Արմենուհի Պալամեան, համակարգչային հսկայ աշխատանքով, ծանր բեռ ստանձնած էին, իրենց կարեւոր բաժինը բերելով յայտագրի յաջողութեան։ Անոնք սրահի խորքին զետեղած էին հսկայ պաստառ մը, ուրկէ կը ցոլանային նկարները թերթիս Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանէ սկսեալ, թերթի ներկայ բոլոր անդամներուն։
Օրուան հանդիսավարն էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներէն, յայտնի հանդիսավար Տիկին Ժագլին Էրմէն, որ հանդէսը բացաւ, ներկաներուն փոխանցելով Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մուրատ Էօղէրի շնորհաւորական խօսքերը, քանի որ յարգելի ատենապետը վիրահատութեան մը պատճառով հիւանդանոցն էր տակաւին եւ չէր կրցած ներկայութիւն բերել։ Պրն. Էօղէր կը շնորհաւորէր թերթին տարեդարձը եւ կը յայտնէր թէ ինք եւ իր ընկերները միշտ կողքին էին Մարմարային, միշտ պատրաստ՝ ամէն դիւրութիւն ընծայելու եւ իրենց նպաստի բաժինը բերելու թերթի գոյատեւման եւ յաջողութիւններուն։
Պրն. Էօղէրի անունով փոխանցուած այս խօսքերը առաջին հերթին, արդէն իսկ սրահին մէջ ստեղծեցին տաքուկ շունչ եւ գոհունակութեան զգացում։
Այնուհետեւ, Տիկին Ժագլին Էրմէն գրական առինքնող ոճով սկսաւ յայտագրին, արտասանելով քառեակ մը թերթիս աշխատակից բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիէ, որուն մէջ Խրախունի կը պատգամէր ծա՛ռ տնկել անպայման, այսինքն ձեռնարկ մը իրագործելու նախաքայլ առնել, որովհետեւ այդ ծառը անպայման պիտի աճի ու պիտի զարգանայ։
Այս տեղին նախամուտէն ետք, Տիկին Էրմէն յայտնեց որ այս գիշերուան մէկտեղումը Մարմարայի հաւատարիմ ընթերցողներու եւ ներկայ անձնուէր ծառայողներու մէկտեղում մըն է, յիշատակութեան փոքր արտայայտութիւն մը՝ բոլոր այն անձերուն նկատմամբ, որոնք անցեալի մէջ իրենց աչքի լոյսը, սրտի զեղումները, մտքի պաշարը ցոլացուցիած են Մարմարայի էջերուն մէջ։
Այնուհետեւ, լուսապատկերներու ցուցադրութեամբ, պաստառին վրայ տողանցեցին նախ թերթի հիմնադիր, խմբագրապետ Սուրէն Շամլեանէ եւ իր յաջորդին, խմբագրապետ փեսին՝ Պետրոս Զօպեանէ սկսեալ, անունները այն անձերուն, որոնք Մարմարայի աշխատակցած եւ հրաժեշտ առած էին կեանքէն։ Պատկերներու եւ անուններու զուգահեռ, հոգեհանգստեան յատուկ երաժշտութեան մը սփռումը՝ հանգուցեալներու հոգիներուն համար խունկի մատուցման յուզիչ մթնոլորտ կը ստեղծէր։
Այսպէս՝ Տիկին Էրմէն, թերթիս փոխ-խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ պատրաստուած տեղեկատուական այս ցանկերը գրական մէջբերումներով հարստացնելով, կը ներկայացնէր պատշաճ բացատրութիւններով։ Հանգուցեալ աշխատակիցներէ ետք պաստառին վրայ տողանցեցին կարգաւ, թերթի անցեալի աշխատակիցները, թերթի արտասահմանեան աշխատակիցները կամ թղթակիցները, թրքերէն եւ հայերէն բաժինններու ներկայ աշխատակիցները, նաեւ գիրքերու հեղինակ գրագէտ աշխատակիցները։ Բացի խմբագրապետներէն, կը ծանօթացուէին օրինակ՝ Յակոբ Մնձուրի, Յակոբ Մարթայեան եւ Շնորհք Պատրիարքի նման բացառիկ դէմքեր, որոնք բոլորն ալ աշխատակցութեան եւ գործակցութեան ամուր կապ ունէին Մարմարայի հետ, իրենց անջնջելի կնիքը դրած էին Մարմարայի տարեգրութեան մէջ եւ իրենց պատգամները փոխանցած էին թերթին։
Տիկին Ժագլին Էրմէնի յաջորդեց Մարմարայի նախկին անդամ, ներկայիս Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի երիտասարդ անդամուհի Գարէն Թէրզեան, որ վճիտ եւ դիւրասահ հայերէնով մը, նախ իր զգացումները յայտնեց Մարմարայի մէջ իր անցուցած օրերու մասին, յայտնեց թէ բախտաւոր կը զգայ ինքզինքը, որ որպէս գրաշարուհի բախտաւորութիւնն ունեցած է շնչելու Մարմարայի ապահով եւ ջերմ մթնոլորտը, հոն, շնորհիւ մեր խմբագրապետին եւ փոխ-խմբագրապետին, մեր մայրենիին հանդէպ իր պաշտամունքի զգացումը ա՛լ աւելի ամրացած է նոր ծլարձակումներով, ուր գուրգուրանքի եւ հոգատարութեան առարկայ դարձած է։ Երախտագիտական այս արտայայտութիւններէն ետք Գարէն Թէրզեան ներկայացուց Մարմարայի Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանէ սկսեալ, ներկայ աշխատակազմի բոլոր անդամները, նկարներու սփռումին առընթեր, կարդալով անոնց կենսագրութիւնները։
Այնուհետեւ սկսաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը։
Այս բաժնի երեք գլխաւոր հերոսներէն առաջինն էր, Արամ Կոստանեան, որ Իսթանպուլ տեղափոխութեան օրէն սկսեալ մեծ հիացում ունեցած է մեր Խմբագրապետին գրականութեան նկատմամբ եւ կարդացած է անոր ամէնէն հին ու այժմ մոռցուած էջերը։ Արամ Կոստանեան իր կողմէ կատարուած ընտրութիւններով, կազմած էր մենախօսական թատերախաղ մը, “Կեանքիս մէջէն օր մը եւս անցաւ” խորագրին ներքեւ։ Ընդհանրապէս կեանքի ու մարդէ-մարդ յարաբերութիւններուն շուրջ դարձող փիլիսոփայական ու բանաստեղծական այս հատուածները հրաշալի ճշգրտութեամբ մարմին գտան Արամ Կոստանեանի խաղարկութեան մէջ, որ այս անգամ ո՛չ միայն բեմադրիչ էր, այլ նաեւ առաջնակարգ դերասան։ Իր ձայնի ելեւէջները, խօսակցական ոճը, իր մտածումները մարմնական շարժումներով արտայայտելու բացառիկ կարողութեամբ մը, Կոստանեան մեկնաբանեց որոշ էջեր ինչպէս. “Կեանքէս օր մը եւս անցաւ”, “Ի՞նչպէս սիրել կամ չսիրել մարդը”, “Ձանձոյթը մեր կեանքին մէջ” եւ տակաւին ուրիշ թէմաներ, որոնք վարպետօրէն իրարու կա կապուէին։ Մօտաւորապէս քառասուն վայրկեան տեւողութեամբ այս թատերախաղը, որ կրճատուած ձեւ մըն էր, ներկաներու երկարատեւ եւ խանդավառ ծափողջոյններով ողջունուեցաւ։
Գեղարուեստական բաժնի երկրորդ հերոսն էր երգիչ Պարթեւ Կարեան, որ երեք երգերով մասնակցեցաւ հանդիսութեան։ Օրուան հանդիսավարը նախ ընդգծեց թէ Պարթեւ Կարեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայերէն երգի, հակառակ որ եթէ ուզէր կրնար երգել նաեւ օտար լեզուներով։ Պարթեւ յամառեցաւ միայն հայերէն երգելու մէջ եւ իր հզօր ձայնն ու բեմական կարողութիւնները գործածեց միայն հայերէն երգի կալուածէն ներս։ Այսպէս, մեր այս սիրուած երգիչը երէկ գիշեր ներկայացուց իր ամէնէն շատ սիրուած երեք երգերը, որոնք էին “Կիլիկիա”, “Բարի արագիլ” եւ “Երեւան-Էրեբունի”։ Պարթեւ յաջողեցաւ իր խանդավառութիւնը փոխանցել ամբողջ սրահին ու վերջին երգը, որ ամբողջ հայ ժողովուրդին ամենասիրած երգերէն մէկն է, վերածուեցաւ երգչախմբային երգեցողութեան, քանի որ ամբողջ սրահը բարձրաձայն կ՚ընկերակցէր Պարթեւին, այնքան որ Պարթեւ երբեմն լռեց ու ձայնը թողուց իր ունկնդիրներուն։
Յայտագիրը կը շարունակուէր առանց ընդմիջումի ու այս անգամ բեմ հրաւիրուեցաւ գեղարուեստական բաժնի երրորդ հերոսը, Սիլվա Կոմիկեանը, մեր անզուգական ասմունքողը, որ պատրաստած էր Մարմարա թերթի գլխաւոր բազմաթիւ գրողներէն գործերէն բաղկացեալ յայտագիր մը։ Սիլվան, որուն մասին քիչ վերջ մեր Խմբագրապետը պիտի ըսէր որ “երկու չոր խոտի նման տողերէ իսկ կրնայ հրաշալի ծառ մը ստեղծել”, երէկ գիշեր անգամ մը եւս գերազանցեց ինքզինք ու շատ արդար տուրք վճարեց մեր բանաստեղծներուն։ Իսկական հաճոյք էր լսել Սիլվան, որ սկսաւ մեր Խմբագրապետէն, արտասանելով կտոր մը, որ կազմուած էր “Մեսրոպ Մաշտոց” ու “Ասիկա Այբ է” խորագրեալ կտորներու միացումէն։ Մեր հրաշալի ասմունքողը գիտէր իր ամբողջ հոգին դնել այն ազգասիրական ու հայ մշակոյթի նկատմամբ պաշտամունք ցոլացնող տողերուն մէջ, որոնք կային այս կտորներուն մէջ։ Այնուհետեւ Սիլվան նոյն յաջողութեամբ ու հաղորդականութեամբ շարունակեց արտասանեց Մարմարայի ամէնէն սիրուած բանաստեղծներէն, ինչպէս Ֆչըճեան, Զահրատ, Անդան Էօզէր, Իգնա Սարըասլան, Մկրտիչ Մարկոսեան, Զարեհ Խրախունի, Վարդ Շիկահեր, Իրմա Աճէմեան, Խորէն Մանավեան, Հիլտա Գալֆայեան։
Բոլոր կտորները հաւասարապէս յաջող էին նոյնիսկ եթէ բովանդակութեան տեսակէտէ քիչ մը կը զանազանուէին իրարմէ։ Սիլվա չմոռցաւ կարճ ու նոր հատուածով մը յիշել նաեւ իր ողբացեալ ամուսինը, Վարդան Կոմիկեանը։ Շիկահերին “Կոմիտաս”, կամ Խրախունիին “Ծառ տնկեցէք”ը, մանաւանդ Իգնա Սարըասլանի “Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք”ը ցնցիչ տպաւորութիւն գործեցին հակառակ որ ունկնդիրներէն շատեր աւելի առաջ ալ լսած էին այս կտորները։ Սիրելի ասմունքողը իր յայտագիրը աւարտին բերաւ արտասանելով կտոր մը եւս մեր Խմբագրապետէն, կտոր մը որ այս անգամ ընտրուած էր Պտոյտ մը Հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ” հանրածանօթ գիրքէն։ Գիրքին վերջամասը, որ գրական գոհար մըն է ու գովքը կը հիւսէ հայոց բանաստեղծութեան, պսակումը ելաւ ո՛չ միայն գիշերուան գեղարուեստական ապրումներուն, այլ նաեւ Մարմարա օրաթերթի երէկ գիշերուան յոբելեանին։
Այնուհետեւ Մարմարայի կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան այս ձեռնարկի մէջ քրտինք հոսեցուցած անձերու։ Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի անունով յուշանուէրը յանձնուեցաւ Պրն. Որդիք Փափազեանի, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի, ուսուցչուհի Արմենուհի Պալամեանի, հանդիսավար Ժագլին Էրմէնի, երգիչ Պարթեւ Կարեանի, ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի, արուեստագէտ Արամ Կոստանեանի եւ յայտագրի մասնակից Գարէն Թէրզեանի։
Յայտագրի վերջաւորութեան իր սրտի խօսքը ըսելու հրաւիրուեցաւ մեր Խմբագրապետը, որ իր երախագիտութիւնը յայտնեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, Մէրամէթճեան վարժարանի Տնօրէնուհիին ու գործակիցներուն, Տիկիններուն, որոնց միասնական ջանքերով կ՚իրականանար այս հոյակապ երեկոյթը։ Ռ. Հատտէճեան յետոյ սապէս շարունակեց իր խօսքերը. “Ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ էի որպէս հիւանդ, իսկ հիմա, ժամեր անց, հոս նստած եմ ու կը հետեւիմ հանդիսութեան։ Այո՛, մարդ կարծես թէ թռչուն մըն է, քանի մը ժամուան մէջ որքա”ն տարբեր աշխարհէ մը որքան տարբեր աշխարհի մը մէջ եմ։ Հիանալի գիշեր մը ապրեցանք բոլորս միասնաբար ու անգամ մը եւս, Մարմարայի 70ամեայ յոբելեանի ընդմէջէն, մեր յարգանքի տուրքը մատուցանեցինք մեր մայրենիին, մեր Մեսրոպեան տառերուն։ Այո՛, մենք տուրք մը ունինք մեր մայրենիին ու պիտի շարունակենք մեր մայրենիով տեղեկատուութիւն ու գրականութիւն հասցնել մեր հազարաւոր ընթերցողներուն, պիտի շարունակենք մանուկներուն սորվեցնել մայրենին ու ըսել “Ասիկա Ա՛յբ է”։ Ես խորապէս շնորհակալ եմ այս ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, որոնք գիշեր-ցերեկ զբաղեցան այսօրուայ ու Կիրակի կայանալիք միջոցառումներու համար։ Շնորհակալ եմ այս ձեռնարկի գլխաւոր հեղինակ իմ օգնականիս, Մաքրուհիին, որ վստահ եմ թէ տառապալի գիշերներ անցուց, որպէս գլխաւոր կազմակերպիչ։
“Տեղս նստած, մեծ հիացումով հետեւեցայ Արամ Կոստանեանի ելոյթին։ Հիացայ ու մէկ կողմէ ալ զարմանալով զարմացայ թէ ո՞ւրկէ գտած ու իրարու հետ այսքան հրաշալի կերպով միաձուլած է իմ “Յուշատետր”երը, մէջտեղ հանելով փիլիսոփայական մտածումներով հարուստ այսպիսի մենախօսութիւն մը։ Զարմացայ նաեւ իր այնքան գեղեցիկ արեւմտահայերէն առոգանութեան վրայ ու միտքէս ըսի. ան մեզի տուաւ այն, ինչ որ արդէն մե՛րն էր։
“Երախտապարտ եմ օրուայ հանդիսավար Ժագլին Էրմէնի, որ Մարմարա-ի առաքելութեան ներբողը հիւսեց խորիմաստ ելոյթով մը, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ թերթիս հանդէպ իր հաւատարմութիւնը եւ իր բանախօսութեան մէջ կարեւոր մատնանշումներ կատարեց Մարմարա-ի տարած կարեւոր դերակատարութեան մասին։
“Ի՞նչ կրնամ ըսել երգիչ Պարթեւի մասին։ Մարմարա-ի սիւնակներուն մէջ միշտ ալ գնահատած ենք զինքը ու իր արուեստը, բայց մեծագոյն գնահատանքն այն է որ Պարթեւ հայերէնով կ՚երգէ ու հայ մշակոյթին կը ծառայէ հաւատարիմ մնալով իր ինքնութեան։ Մեզի համար ուրախալի է որ ան անձամբ փափաք յայտնեց մասնակցիլ այս յայտագրին ու այդպէս իր յարգանքը արտայայտել Մարմարա-ի վաստակի նկատմամբ։
“Ու վերջապէս Սիլվա Կոմիկեանը, որ կրնայ խոտի նման չոր երկու գիրը ծառի վերածել ու իր հոյակապ ասմունքով տպաւորել հանդիսականները։ Յաճախ կը պատահի որ երբ իրմէ նմոյշներ լսեմ իմ գրականութենէս, շուարիմ ու հարց տամ ես ինծի. ասոնք ե՞ս գրած եմ, այսքան խորիմաստ նախադասութիւններ իմ գրիչէ՞ս ելած են։ Մեր ասմունքի իշխանուհին նոր ոգի մը կը դնէ անոնց մէջ ու այդ նորովի գործը կը հրամցնէ բացառիկ կատարելութեամբ։
“Ինծի համար նաեւ բացառիկ հաճոյք էր տեսնել Մարմարա-ի մեր անձնակազմի նախկին անդամուհի Տիկին Գարէն Թէրզեանը, որ ի”նչ մեղք որ բաժնուած է թերթէս։ Բայց ուրախ եմ որ զինքը տեսայ այստեղ ու վստահ եմ որ ան նոյն յաջողութիւնը պիտի ունենայ նաեւ հանրային կեանքէն ներս։
“Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին՝ Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ, Տնօրէնուհի Տիկին Արփի Մանուկեանին ու իր գործակիցներուն, որոնք ամէն ջանք ու եռանդ ի գործ դրին մեր այս յոբելեանը լաւագոյնս պսակելու համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիներուն, որոնք մեծ անձնուիրութեամբ ոգի ի բռին աշխատեցան ընդունելութիւն սարքելու համար։
“Այսօրուան այս հանդիսութիւնը անգամ մը եւս զիս յիշողութիւններու գիրկը տարաւ։ Իմ պաշտօնի ստանձնելուն նախորդող 25 տարիները պատիւ կը բերեն նախկին խմբագիրներուն, իսկ յաջորդող 45 տարիները ինծի կը պատկանին ու պատիւ կը բերեն ինծի, իսկ եթէ 25ին միացնենք 45 տարիները, յառաջ եկած 70 տարիներն ալ պատիւ կը բերեն ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդին, քանի որ այս ժողովուրդը կրցեր է 70 տարի կանգուն պահել Մարմարա-ի նման մշակութասէր ու ազգասէր թերթ մը։ Մարմարա-ն պիտի շարունակէ խօսք ու պատգամ փոխանել սերունդներուն ու ինչպէս ըսած է իմ սիրելի գրչեղբայր Զարեհ Խրախունին, այսօր ալ ծառ մը տնկեցինք հոս, ու օր մը անպայման այս ծառին պտուղներն ալ տեսանելի պիտի ըլլան։ Եթէ նոյնիսկ մենք չըլլանք, մե՛զ ալ պիտի յիշեն։ Այո՛, կեանքիս մէջ օր մը եւս անցաւ։ Հոս անգամ մը եւս կրկնենք Արամ Կոստանեանի ընտրած խորագիրը, “Օր մը եւս անցաւ գնաց կեանքիս մէջէն”, եւ հիմա ալ պիտի ըսեմ որ դարձեալ օր մը անցաւ կեանքիս մէջէն, բայց այդ օրը պարապ չանցաւ ու հրաշագործ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ վրայ, անգամ մը եւս բոլորս միասնաբար մեր մայրենիի սիրելի պտուղներու անուշ համը առինք իր լաւագոյն ցոլացումով”։
Յոբելենական հանդէսի հուսկ բանքը խօսեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, որ նշեց թէ գնահատելի են բոլոր այն անձերը եւ հաստատութիւնները, որոնք իրենց պաշարէն գոնէ տասանորդ մը կը փոխանցեն ու աւելի բուրումնաւէտ կը դարձնեն ծաղկաստանը։ Մարմարա-ն 70 տարեկան է, բայց աւելի հին կը կարծէինք զայն։ Յետոյ աւելցուց. “Տարիքը կարեւոր չէ, կարեւորը առաքելութիւնն է։ Թերթերն ալ հաստատութիւններու պէս կը ծնին, կը հասուննան, կը զօրանան, բայց թերթ մը որ չի՛ կրնար բան մը փոխանցել իր ընթերցողներուն մեռել մըն է, հովը պիտի փչէ ու պիտի տանի զայն։ “Մարմարա”ն հոգի՛ ունի, բա՛ն մը ունի տալիք իր ընթերցողին ու մանաւանդ հոն սինակ մը կայ, որ ամէն օր նորութիւն մը, մտածելու մղելու գաղափարներ կուտայ ընթերցողին։ Բազմաթիւ թերթեր կան, որոնք կ՚ապրին, բայց բան մը չեն տար, բան մը չես սորվիր անոնցմէ։ Այդպիսի թերթեր մեռած են, գոյութիւն չունին։ “Մարմարա” սիրուած օրաթերթ մըն է ո՛չ միայն մեր գաղութի, այլ նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդի համար։ “Մարմարա” հայատառ թերթ է եւ մեր տառերը սրբազան են։ Աշխարհի վրայ այբուբենները Այբ-ով կը սկսին, բայց ո՞ր ազգի լեզուի մէջ այբուբենը կը վերջանայ Քէ տառով։ Այբ կը նշանակէ Աստուած, իսկ Քէ՝ Քրիստոս։ Մեր այբուբենի եօթներորդ տառը Է է, որ կը նշանակէ էութիւն, եօթը խորհուրդներ։ Այսինքն, ինչպէս ըսի, մեր տառերն ալ սուրբ են ու արժանի են պաշտամունքի։ Կ՚աղօթենք որ մեր սրբազան տառերը շարունակեն իրենց գոյութիւնը ապրող թերթերու ընդմէջէն”, ըսաւ Արամ Սրբազան, իր խօսքը եզրափակութեան բերելով հետեւեալ մաղթանքով. “Մարմարա”ն մարմարի պէս թող հաստատուն եւ տոկուն ըլլայ, ծառայելով իր նպատակին։
Աւարտին, մէջտեղ բերուեցաւ 70 թիւի զարդարանքով պատրաստուած հսկայ կարկանդակը, որ ծափահարութիւններու մէջ կտրուեցաւ Արամ Սրբազանի եւ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ։
Այնուհետեւ ներկաները հրաւիրուեցան Ֆէրիգիւղի Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած շատ ճոխ ընդունելութեան մը, շնորհաւորելով Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանը եւ թերթին բոլոր ծառայողները։
16-01-2012
ՕՐՈՒԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի 70ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՆՈՅՆԱՑԱՒ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՀՈՅԱԿԱՊ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ՀԵՏ
Մաժակ Թօշիկեանի “Դարէ Դար Աղթամար” Օրաթօրիօն Վերջին Երեսուն Տարիներու Ընթացքին Ստեղծուած Գործերու Մէկ Գագաթնակէտն Էր – Մեր Խմբագրապետը Ըսաւ Որ Հպարտ Է Որ Մարմարա-ի Յոբելեանը Առիթ Դարձաւ Որ Այսպիսի Հոյակապ Գործի Մը Առաջին Ունկնդրութիւնը Ձօնուի Մեր Թերթին:
Ուրբաթ գիշեր Ֆէրիգիւղի “Նազար Շիրինօղլու” սրահին մէջ Մարմարայի 70-ամեակի առթիւ սարքուած գրական յաջող երեկոյթէն վերջ, երէկ Շիշլիի Ճէվահիր Պանդիկի հանդիսասրահին մէջ կայացաւ այս յոբելեանին առիթով թերթիս աշխատակից բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի “Դարէ Դար Աղթամար” բանաստեղծութեան վրայ Մաժակ Թօշիկեանի կողմէ յօրինուած “Դարէ Դար Աղթամար” օրաթօրիօն։ Այս հանդիսութիւնը, ինչպէս ամէնէն վերջ հրապարակաւ պիտի ըսէր մեր Խմբագրապետը, արուեստի աննախընթաց իրագործում մըն էր, որուն նմանը մեր համայնքէն ներս չէր տեսնուած գոնէ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին։
Օրաթօրիօն սէնֆոնիք ու երգչախմբային երաժշտութեան գլուխ գործոց մըն էր, որ մարմին առաւ մասնաւորաբար երեք հզօր մենակատարներու մեկնաբանութեամբ։
Հանդիսութեան կը նախագահէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազան, որուն կ՚ընկերակցէին Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Քահանայից դասը, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան եւ օգնականը Վազգէն Խուպլարեան, Շիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Փոխ Քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ լման սրահը լեցնող հանդիսատեսներ։
Մարմարայի համակիրներուն ու ընթերցողներուն համար ցնծութեան ու վերանորոգութեան գիշեր էր երէկուանը, թերթը իր պատնէշին վրայ կանգնեցնելու ու անոր կատարած դերը անգամ մը եւս ընդգծելու առիթ։ Այսպէս է որ յայտագրի բուն իսկ մասը կազմող երաժշտական բաժնէն առաջ գործադրուեցաւ յոբելենական պատշաճ յայտագիր մը, երկու բանախօսութիւններով, որոնցմէ առաջին մէջ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան երախտաշատ տուրք պիտի մատուցանէր թերթի հիմնադրին ու նախկին խմբագիրներուն նկատմամբ, ապա պիտի անդրադառնար այսօրուան Խմբագրապետին, եւ որոնցմէ երկրորդին մէջ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան պիտի պատմէր թէ ի՞նչ էր Մարմարան եւ ո՞վ էր Մարմարան։
Օրուան հերոսներէն մէկն էր երիտասարդ ուսուցչուհի Անի Տելիմելքոնօղլու, որ աննախընթաց յաջողութեամբ վարեց հանդէսը, իր հայերէն եւ թրքերէն հիանալի առոգանութեամբ օրուան ձեռնարկի յաջողութեան բերելով իր անուրանալի նպաստը։
Նախ բեմ հրաւիրուեցաւ թերթիս փոխ-խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, որ իր սքանչելի հայերէնով, արտասանեց շատ բովանդակալից ուղերձ մը, սիրոյ եւ յարգանքի տուրք մատուցանելով Մարմարայի հիմնադիր Սուրէն Շամլեանէ սկսեալ, իր յաջորդին, Պետրոս Զօպեանի եւ ներկայ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի նկատմամբ։ Երախտաշատ տուրք մատուցանեց նաեւ բոլոր այն անձերուն, որոնք թերթի հիմնադրութենէն սկսեալ, 70 տարիներու ընթացքին որպէս հիմնադիր, խմբագիր կամ աշխատակից, զոհաբերած են իրենց կեանքը, հայ գիրին, հայ մշակոյթին եւ այս ճամբով հայ ժողովուրդին ծառայելու սրբազան նպատակով եւ ազնիւ ցանկութեամբ։ (Այս ուղերձի ամբողջական պատճէնը կարդալ այսօր մեր ներքին էջերուն մէջ)։
Յետոյ արտայայտուելու հրաւիրուեցաւ թերթիս երկարամեայ աշխատակից բանաստեղծ Տօքթ. Իգնա Սարըասլան, որ իր բանախօսութեան որպէս հիմնական նիւթ ընտրած էր Մարմարա Օրաթերթի տեղն ու դերը հայ մամլոյ աշխարհին մէջ։ Իգնա Սարըասլան, համաշխարհային եւ հայ մամլոյ պատմութեան վրայ հակիրճ ակնարկ կը նետելէ ետք, հանգամանալից ոճով եւ պերճախօս արտայայտութիւններով, ճշգրիտ տուեալներու հիման վրայ, արտայայտուեցաւ Մարմարայի ինքնութեան, առաքելութեան եւ հայաշխարհի մէջ վայելած համբաւի մասին։ (Այս ուղերձը եւս կարդալ մեր ներքին էջերուն մէջ)։
Անի Տելիմելքոնօղլու, Տօքթ. Իգնա Սարըասլանի ճառախօսութենէն ետք, սքանչելի մեկնաբանութեամբ արտասանեց բանաստեղծի “Դարէ Դար Աղթամար” ստեղծագործութենէն ընտրուած հատուածներ, ապա ներկայացուց արուեստագէտները, բեմը յանձնելով Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ, Լուսաւորիչ Երգչախումբին, սէնֆոնիք եւ փոփ նուագախումբերուն եւ երեք մեներգիչներուն։
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ԽՆՋՈՅՔ ՈՒ ՄԵԾ ԵՂԵԼՈՒԹԻՒՆ
“Դարէ Դար Աղթամար” օրաթօրիօն տակաւին առաջին քանի մը նախադասութիւններով ցնցեց ամբողջ սրահը, նուագախումբէն, մենակատարներէն ու երգչախումբէն միասնաբար հնչող հրաշալի կշռոյթով ու պայթուցիկ բացագանչութիւններով։ Դեռ առաջին վայրկեանէն յանկարծ զգացինք որ երաժշտական արտակարգ ստեղծագործութեան մը հետ դէմ յանդիման պիտի գայինք ամբողջ ժամ մը։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Օրաթօրիօն, իրերայաջորդ մասերով ման եկաւ զանազան տրամադրութիւններու ու արտայայտչական ձայնաւորումներու ընդմէջէն, ձայներու, երգերու ու պարերու կշռոյթի մը մէջէն հիւսուեցաւ Աղթամարի առասպելը եւ նոր ողջոյն մը տրուեցաւ “Դարէ Դար” դիմադրող Աղթամար եկեղեցիին։ Կարելի է ըսել որ երէկ գիշերուան համերգը նոր վերակենդանացում մըն էր Աղթամարի անզուգական եկեղեցիին համար, հոգեկան ու ոգիի վերակենդանացում մը, որ կը յաջորդէր վերանորոգութեան շնորհիւ իրականացած ֆիզիքական վերակենդանացումին։
Ամէն բանէ առաջ տանք իրաւունքը սէնֆոնիք նուագախումբին, որ աննկարագրելիօրէն հոյակապ էր։ Մօտաւորապէս յիսուն անդամներէ բաղկացեալ սէնֆոնիք նուագախումբը հրաշք երաժշտութիւն մը իրականացուց իրեն հետ տանելով մենակատարներն ու ամբողջ երգչախումբը։ Այստեղ էր որ տակաւին առաջին վայրկեանէն կը յայտնուէր երաժշտական տաղանդը, յօրինող՝ Մաժակ Թօշիկեանին որ նուագախումբին համար գրած էր ստեղծագործութեան հիմն ու ենթահողը կազմող հոյակապ փարթիսիոն մը։
Օրաթօրիօն կը բաղկանար տասը հատուածներէ, որոնք իրարու կը յաջորդէին կարճատեւ լռութիւններէ վերջ։ Կը սկսէր նախերգանքով, ապա կը շարունակուէր սա մասերով. “Տասնըմէկ դար առաջ”, “Պատմութեան էջերուն մէջ”, “Շինականի ճակտի քրտինքը”, “Խորաններու զարդն աննման”, “Դուն այս գիշեր”, “Երջանկութեանս Ակը”, “Հին անձրեւ մը մշուշին մէջ”, Միշտ վիշտով օծուն են մեծ սէրերը” եւ “վերջանուագ”։ Այս վերջինը ողջոյն էր երազ Թամարին, առասպելին հերոսուհիին։
Օրաթօրիոյի իւրաքանչիւր հատուածը տարբեր մթոնոլորտի մը մէջ երաժշտական նոր ու յարափոփոխ կշռոյթ մը կամ հրաշալի մեղեդի մը կը բերէր, փոխն ի փոխ ման գալով արդիական երաժշտութեան ու դասական երաժշտութեան միջեւ։ Ամբողջ օրաթօրիոյի մէջ մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը պարբերաբար ինքզինք կը կրկնէր նախերգանքի այն հոյակապ պոռթկումն ու պայթումը, որով սկսած էր գործը տակաւին առաջին վայրկեանին։ Ասիկա հոյակապ միասնութիւն մըն էր նուագախումբին, մենակատարներուն ու երգչախումբին միջեւ։ Գործը կը սաւառնէր ոչ միայն մինչեւ Աղթամար գացող աշխարհագրութեան մը վերանկենդանացող տեսարաններուն մէջէն, այլ նաեւ հայ ժողովրդական երաժշտութեան ոլորտներէն ծնունդ առնող մեղեդիներու ու կշռոյթներու արանքէն, երգչախումբը հրաշալի քայլ կը յարմարցնէր այս մեծ եղելութեան, հետեւելով օրաթօրիոյին երեք մեծանուն մենակատարներուն, որոնք էին սօփրանօ Այլին Աթէշ, պարիթոն Գէորգ Դաւիթեան ու թէնոր Տիգրան Գարակէօզեան, երեք շատ հզօր երգիչներ։ Անուրանալի է այն մեծ բաժինը որ այս երեք մենակատարները վերցուցին գործին ամբողջական յաջողութեան մէջ։ Երաժշտական գործադրութեան տեսակէտէ դիւրին բաժիններ չէին, եւ հակառակ ատոր, անոնք սկիզբէն մինչեւ վերջ, իրենց բաժինները երգեցին անօրինակ վարպետութեամբ։ Կը կարծենք թէ Մաժակ Թօշիկեան կրցած էր ընտրել ո՛չ միայն սիրուն մեղեդիներ ու տպաւորիչ կշռոյթներ, այլ նաեւ գտած էր այս գործին լաւագոյն մեկնաբանները։
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին գործը դիւրին չէր որպէս վարիչ թէ՛ նուագախումբի, թէ երգչախումբի, բայց ամէն ինչ կը քալէր զարմանալի կատարելութեան մը մէջ։ Եւ երաժշտական այս հոյակապ մթնոլորտին վրայ կուգային աւելնալ Յակոբ Կիւլէչի պարախումբին պարերը, որոնք նոր գոյն, նոր փայլ եւ նոր իմաստ կը շահեցնէին օրաթորիոյէն ցոլացող հոգեկան պատկերներուն։ Այսպէս՝ անոնք միջոց մը նոր մեկնաբանութեամբ կենդանացուցին Աղթամարի առասպելը, լիճին կապոյտ ջուրերուն ընդմէջին ցոլացնելով պատկերը երկու յաւերժական սիրահարներուն, որոնք վերջին հաշուով հեռու կ՚իյնային իրարմէ, զոհ երթալով իրենց անկարելի սիրոյն։
“Դարէ Դար Աղթամար” օրաթօրիօն այս մթնոլորտին մէջ է որ վերջացաւ, զարմանքի ու հիացումի մատնելով սրահը ամբողջովին լեցնող հանդիսականները։ Այս օրաթօրիոն երաժշտական լայնաշունչ իրագործում մըն էր, հայ սէնֆոնիք ու երգչախմբային երաժշտութեան գրականութիւնը հարստացնող նոր գործ մը, որ, ինչպէս քիչ վերջ հրապարակաւ պիտի ըսէր մեր Խմբագրապետը, արժանի էր որ շուտով կրկնուէր քանի մը անգամ եւս։ Գործի աւարտին բեմ հրաւիրուեցան յօրինող Մաժակ Թօշիկեան եւ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որոնք եւս բաժին ստացան հանդիսականներու խանդավառ ծափահարութիւններէն։ Գործին վերջին մասը, որ ժողովրդական մեղեդիներով հարուստ ու ծայր աստիճան առինքնող բաժին մըն էր, կրկնուեցաւ։ Պէտք է ըսել որ հրաւիրեալները չէին յագեցած աւելի քան մէկ ժամ տեւած այս երաժշտական խնջոյքէն։
Հանդէսի աւարտին, ձեռամբ թերթիս Հրատարակութեան Տնօրէն Արի Հատտէճեանի, յուշանուէրներ յանձնուեցան Շիշլիի քաղաքապետ՝ Մուսթաֆա Սարըկիւլի, Փոխ- Քաղաքապետ Վազգէն Պարընի, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի, “Դարէ Դար Աղթամար” օրաթորիոյի յօրինող Մաժակ Թօշիկեանի, յիշեալ բանաստեղծութեան հեղինակ Տօքթ. Իգնա Սարըասլանի, Լուսաւորիչ Երգչախումբի եւ Նուագախումբի ղեկավար Յակոբ Մամիկոնեանի, թերթիս Փոխ-Խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի եւ ձեռնարկի աջակից՝ Մարիամ Տրամէրեանի։
Ամէնէն վերջ մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեան հրաւիրուեցաւ արտասանելու իր սրտի խօսքը։ Մեր Խմբագրապետը իր խօսքը ամէնէն առաջ ուղղեց Շիշլիի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլին, որ արդէն կանգնեցաւ ու եկաւ մեր Խմբագրապետին քով։ Ան անմիջապէս բարձրախօսը ձեռք առաւ ու ըսաւ. “Որքան ատեն որ հոս եմ, Մարմարան ալ կանգուն պիտի մնայ”։ Ապա մեր Խմբագրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Քաղաքապետին, դիտել տալով որ յարգելի քաղաքապետը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ վազելով եկած էր այս գեղեցիկ գիշերը բաժնելու համար մեզի հետ։ “Ան բարեկամն է ամբողջ համայնքին, ամբողջ Շիշլիին ու ամբողջ քաղաքին։ Բայց մեր համայնքը մասնաւոր տեղ մը ունի անոր սրտին մէջ։ Ան շարունակ գեղեցիկ հայերէնով մը “Ձեզի շատ կը սիրեմ” կ՚ըսէ, բայց վստահ ենք որ ինք ալ գիտէ թէ մենք ալ զինքը շատ կը սիրենք”, ըսաւ մեր Խմբագրապետը։ “Քաղաքապետը քիչ առաջ ալ կրկնեց որ Մարմարան կանգնուն կը մնայ որքան ատեն որ ինք հոս է, իսկ մենք պիտի ըսենք որ մենք ալ, որքան ատեն որ հոս ենք, պիտի կանգնինք Սարըկիւլին կողքին, պիտի հետեւինք իր ուղիին, որովհետեւ անոր ուղին մարդկութեան ու սիրոյ ուղի մըն է” ըսաւ մեր Խմբագրապետը։
Ապա մեր Խմբագրապետը հայերէնով իր խօսքը ուղղեց բոլոր հրաւիրեալներուն, ըսաւ որ վստահ է թէ անոնք ալ անդրադարձան որ այս գիշեր արուեստի հոյակապ դէպք մը պատահեցաւ, աննախընթաց իրականացում մը՝ որուն նմանը ինք չէր կրցած տեսնել գոնէ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին։ Արուեստի գործի մը առաջին ունկնդրութիւնը արուեստի դէպք է ու այդ ստեղծուած նոր գործին կենսագրութեան մէջ կ՚արձանագրուի անոր առաջին գործադրութեան թուականը։ Այսօրուան թուականը անքակտելի կերպով պիտի քանդակուի այս գործին կենսագրութեան մէջ, բայց հոն պիտի քանդակուի նաեւ Մարմարայի անունը։
“Ես շատ հպարտ եմ որ այսպիսի հոյակապ գործ մը ստեղծուեցաւ Մարմարայի յոբելեանին առիթով, հարիւր գիրք գրելով կամ 45 տարի Մարմարան ղեկավարելով այնքան հպարտ պիտի չկարենայի ըլլալ, որքան հպարտացայ այս գիշեր այս գործին իրականացումը տեսնելով։ Մաժակ Թօշիկեան իր երկար տարիներու կուտակումի ամբողջ արգասիքը կրցած է դնել այս օրաթօրիոյին մէջ” ըսաւ մեր խմբագրապետը, յայտնելով որ այս գործը շուտով պէտք է կրկնուի քանի մը անգամ եւս։
Ապա մեր Խմբագրապետը իւրաքանչիւրին մասին պատշաճ գնահատանքի նախադասութիւններով իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Պատրիարքական ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանին, Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզին, Իգնա Սարըասլանին, Մաժակ Թօշիկեանին, Յակոբ Մամիկոնեանին, մենակատարներ Այլին Աթէշին, Գէորգ Դաւիթեանին ու Տիգրան Գարակէօզեանին, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչին, հանդիսավար Անի Տէլիմելքոնօղլուին, իր գլխաւոր օգնական եւ Մարմարայի յոբելենական այս ձեռնարկներու կազմակերպիչ՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին, Մարիամ Տրամէրեանին ու վերջապէս Մարմարայի անձնակազմէն Կարօ Համամճեանին, որ նմանապէս այնքան լայն աշխատանք տարած էր այս նպատակին համար։
Մեր Խմբագրապետը իր խօսքի վերջաւորութեան յիշեց Արամ Սրբազանին անցեալ Ուրբաթ գիշերուան խօսքը, թէ Մարմարա մարմարի նման տոկուն ու մաքուր էր։
“Ճիշդ է որ մարմարի նման տոկուն ենք ու անաղարտ, ըսաւ մեր Խմբագրապետը, բայց եթէ Արամ Սրբազան արտօնէ, պիտի ըսեմ որ մարմարը պաղ է ու կարծր, մինչդեռ մենք կ՚ուզենք ըլլալ տաք ու կակուղ։ Այս պատճառաւ եկէք Մարմարան նմանցնենք մարմարի մէջէն ծնունդ առնող կանանչազարդ ու պտղատու ծառի մը, որ արդէն դարձած է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին անմահացուցած յաւերժութեան ծառերէն մէկը”։
Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ է որ աւարտին հասաւ այս աննախընթաց յոբելենական հանդիսութիւնը, որմէ ետք ներկաները փութացին շնորհաւորելու մեր խմբագրապետը, ձեռնարկին մասնակից ատենախօսներն ու բոլոր արուեստագէտները։
Յայտնենք որ Մարմարայի 70ամեակի այս տարեդարձին առթիւ մեր համայնքային հաստատութիւններու եւ զանազան անձերու կողմէ ուղարկուած էին բազմաթիւ ծաղկեկողովներ, այս կարգին, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի, Պօմօնթիի Մխիթարեան Վրժ.ի Վարչութեան ու Տնօրէնութեան, Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, տեղւոյն Քառասուն Մանկանց Դ. Դաս երգչախումբի վարչութեան, Էսաեան Ս. Միութեան եւ “Մարալ” երգ ու պարի անսամպլի վարչութեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի, Սահակեան Նունեան վրժ.ի տնօրէնութեան կողմէ։
Մարմարայի 70 ամեակին Առիթով
ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐ՝ “ՄԱՐՄԱՐԱ ՕՐԱԹԵՐԹ”Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՄԷՋ
Գրեց՝ ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ծ. Խմբ.- Ստորեւ կը հրատարակենք այն ուղերձը, զոր երէկ,15 Յունուար 2012 Կիրակի, Ճէվահիր հանդիսասրահին մէջ արտասանեց թերթիս փոխ–խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, “Մարմարա Օրաթերթ”ի 70ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին։
Այսօր յարգանքի, սիրոյ եւ երախտագիտական զգացումներու մատուցման գիշեր է բոլոր այն անձերուն նկատմամբ, որոնք մեր թերթի՝ Մարմարայի հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, 70 տարիներու ընթացքին որպէս հիմնադիր, խմբագիր կամ աշխատակից, բազում մաքառումներու գնով զոհաբերեցին իրենց կեանքը հայ գիրին, հայ մշակոյթին եւ այս ճամբով հայ ժողովուրդին ծառայելու սրբազան նպատակով եւ ազնիւ ցանկութեամբ։
Սուրէն Շամլեանն էր որ եղաւ այն առաջին երախտարժան անձը, որ մեր ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրի մութ օրերէն ետք, համայն մարդկութեան կեանքին սպառնացող քաղաքական եռեւեփումներու եւ համայնքին մէջ ծնունդ առնող գաղափարական ճակատումներու շրջանին, քաջութիւնն ունեցաւ հրապարակ իջնելու եւ 31 Օգոստոս 1940ին հիմնելու մեր թերթը՝ Մարմարա-ն։
Թերթի առաջին թիւին մէջ Սուրէն Շամլեան կը գրէր որ երկարատեւ երկունքէ մը յետոյ վերջապէս յաջողած էր լոյս ընծայել թերթը եւ վստահ էր որ իւրաքանչիւր ընթերցող բացառիկ հետաքրքրութեամբ պիտի թերթէր “Մարմարա”ի առաջին թիւը, որովհետեւ հոն իւրաքանչիւր սիւնակի մէջ վաղեմի ծանօթներու պիտի հանդիպէր։ Երկու հին ծանօթներու ժամադրավայրը պիտի ըլլար Մարմարան, ուստի այդ պատճառով ալ ինքզինքը նորաբոյս ձեռնարկ մը չէր նկատեր ու աւելորդ կը համարէր մեծ մեծ ծրագիրներով հրապարակ իջնել (\)
Սուրէն Շամլեան թերթի լոյս ընծայման լուրը կ՚աւետէր “Մտերիմ Զրոյց” խորագրին ներքեւ, “Մուրճ” ստորագրութեամբ եւ հետեւեալ կարգախօսով.
“Գործի կը ձեռնարկենք հաճոյքով ու խանդավառութեամբ՝ երբ Մարմարայի շուրջ կը տեսնենք լաւագոյն գրիչները։ Իմ հաշուոյս ինքզինքս կը զգամ սեփական տանս մէջ, շրջապատուած արժէքաւոր գրչեղբայրներէ, որոնք իրենց լաւագոյն արտադրութիւնները տրամադրած են Մարմարային, նշանաբան ունենալով հանրային շահը, գեղեցիկն ու ճշմարիտը միայն”։
Սուրէն Շամլեան “Մարմարա”ն հիմնելու այս գեղեցիկ նշանաբանով ճամբայ ելած էր, երբ թերթի լոյս ընծայման յաջորդ օրն իսկ, 1 Սեպտեմբեր 1940ին, նշաւակ դարձաւ անլուր դաւադրութեան մը։ Կարգ մը անձեր կաշառած էին Մարմարայի գրաշարները եւ ջանացած էին մահացու հարուածով արգելք հանդիսանալ թերթի հրատարակութեան։ Այս դաւադրութեան մէջ ամենամեծ դերը կատարած էր թերթի գրաշարներէն մէկը, որ գործը երեսի վրայ ձգելով մեկնած էր եւ դուռնէ դուռ շրջելով արգելք հանդիսացած էր գրաշարներու աշխատանքին։ Սուրէն Շամլեան այս սահմռկեցուցիչ կացութեան դիմաց չէր յուսալքուած, այլ խոստացած էր թերթի հրատարակութիւնը շարունակել առաւելագո՛յն կորովով։ Ուստի ընթերցողներու ներողամտութիւնը կը խնդրէր գրաշարական տագնապի հետեւանքով մէկ երկու օր թերթի տպագրութեան կրած փոքր յապաղումներուն պատճառով։
Այսպէս է որ Սուրէն Շամլեան հաւատարիմ մնալով իր խոստումին, կուրծք տալով ահեղ սադրանքներու եւ անլուր մեքենայութիւններու, կամքի ուժով յաջողեցաւ փշրել իր դիմաց ցցուած արգելքները, կանգուն պահել թերթը եւ որպէս խմբագրապետ շարունակել իր առաքելութիւնը տասնեւմէկ տարիներ, մինչեւ իր կանխահաս մահը՝ 1951, 52 տարեկան հասակի մէջ։
Կորովի եւ անձնդիր հիմնադիր Սուրէն Շամլեանի կորուստէն ետք, իր դուստրը Սեդա Զօպեան եւ փեսան Պետրոս Զօպեան իրենց հօր աւանդը անմար պահելու հաստատակամութեամբ, ձեռք առին Մարմարայի ղեկը եւ հրապարակ իջան հետեւեալ խոստումով.
“Առաւելագոյն ջանքը պիտի թափենք թերթը լոյս ընծայելու համար աւելի շինիչ, հիւթեղ եւ ընտիր բովանդակութեամբ։ Պիտի ծառայենք միշտ հանրային նուիրական դատերուն, պիտի ծափահարենք բոլոր իսկական արժէքները եւ պիտի գուրգուրանք ամէն գեղեցկութեան վրայ։
Պիտի թողունք որ գո՛րծը խօսի եւ անոր արդիւնքը գնահատուի հանրային դատաստանին կողմէ։ Մեր շուրջը պիտի խմբենք ամէն ոյժ եւ խոստում եւ եղբայրական վերաբերում պիտի ունենանք ամէնուն հանդէպ։ Մեր ուղղութիւնը պիտի ըլլայ անկաշառ եւ ինքնագիտակ եւ միշտ հաւատարիմ պիտի մնանք մեր հանրային աւանդութիւններուն, պատկառանքով պիտի մօտենանք այն յիշատակարաններուն՝ զորս այս ժողովուրդը կերտեր է դարերէ ի վեր։ Պիտի փառաւորենք հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթն ու դպրութիւնը եւ պիտի խուսափինք աւելորդ ու սնոտի վէճերէ։
Մեր նշանաբանը պիտի ըլլայ միմիայն ծառայել ժողովուրդին եւ միշտ տեղ մը ունենալ անոր տաքուկ ծոցին մէջ”։
Ահա այսպէս, իրենց հերթին, Սեդա եւ Պետրոս Զօպեան ամոլը, նաեւ միջոց մը Պետրոս Զօպեանի եղբայրը՝ Վահրամ Զօպեան, կուրծք տալով այդ շրջանին եւս մեր համայնքին մէջ առկայ անվերջանալի սուր պայքարներու եւ հոգեմաշ տաղտուկներու, ջանացին հաւատարիմ մնալ իրենց ուխտին եւ ապահովեցին որ Մարմարայի հրատարակութիւնը տասնեւվեց տարիներ եւս շարունակուի անխափան, որպէս իրենց հօր կողմէ իրենց փոխանցուած նուիրական աւանդ։
Վերջապէս հասաւ այն թուականը, երբ Զօպեանները որոշեցին ընտանեօք գաղթել Գանատա, մնայուն կայք հաստատելու մտադրութեամբ։ 1967 թուականին էր այդ, երբ անոնք ընկերային եւ բարեկամական շրջանակի մէջ փնտռեցին պարկեշտ, վստահելի եւ կարող անձ մը, որպէսզի իրենց մեկնումէն ետք, հանգիստ եւ ապահով սրտով Մարմարայի ճակատագիրը յանձնէին անոր եւ Մարմարան շարունակէր իր առաքելութիւնը, առանց դէմ յանդիման մնալու փակուելու վտանգին հետ։
Պէտք է սրտաբացօրէն խոստովանիլ որ Զօպեանները չափազանց բախտաւոր էին, որ կրցան գտնել ո՛չ միայն պարկեշտ, վստահելի ու կարող անձ մը, այլ նաեւ ընդհանուր զարգացման տէր, գաղափարապաշտ, տաղանդաւոր նուիրեալ մը, որ յաջողեցաւ ո՛չ միայն փրկարարի դեր կատարել, այլ յաջողեցաւ Մարմարան բազմեցնել կենսատու աւիշով յագեցած այնպիսի ամրապինդ ենթահողի մը վրայ, որուն յուռթի բերքէն երկար տարիներ շարունակ առատօրէն բաժին ստացան հայ գիրի եւ գրականութեան սիրահար եւ հայ ապրումներով խանդավառ հայաշխարհի մեր բոլոր ազգակիցները։
Այդ հրաշալի անձը ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ մեր ներկայ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանը, որ ճիշդ ու ճիշդ 45 տարի առաջ, 1967ին Մարմարայի ղեկը ձեռք առաւ երկչոտ ու անհամարձակ քայլերով, անձայն-անշշուկ, առանց աղաղակող շլացուցիչ խոստումներու։
Բայց եղաւ մեր լեզուի, մեր գրականութեան եւ մշակոյթի ամէնէ՛ն առատաձեռն, ամէնէ՛ն խանդավառ նուիրատուն, Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի ամէնէ՛ն հարազատ երկրպագուն եւ հայկական ինքնութեան, եկեղեցական ու ազգային սրբութիւններու պահպանութեան գօտեմարտի ամէնէ՛ն բոցաշունչ քարոզիչը։
Հայ ժողովուրդի լինելութեան պայքարին մատուցանեց իր մեծագումար տուրքը, դափնիներով զարդարեց հայաշխարհի բոլոր տաղանդաւոր զաւակներու ճակատը եւ երկիւղածութեամբ գովերգեց արարչագործութեան սքանչելի հրաշքը։
“Աղօթք” խորագրեալ իր գրութեան մէջ սա յուզիչ տողերով է որ դիմեց արարչին. “Տէր Աստուած, չեմ վախնար դատաստանէդ, որովհետեւ ես միշտ ուզեցի դառնալ մէկը քու այն անհամար զաւակներէդ, որոնց դիմաց չես զղջացած զանոնք ստեղծած ըլլալուդ համար”։ Այսպիսի խօսքերով, ան իր սիրտը միշտ բաց պահեց Աստուծոյ դատաստանին առջեւ։
Ատե՛ց Խաւարը։ Սիրեց Լո՛յսը, սիրեց Արե՛ւը։
Արեւը, որ կը ծագի խաւարը փարատելու, չարիքը մեկուսացնելու համար։ Արեւը, որ կը ծագի բարիք բաշխելու, հոգիները ջերմացնելու համար։
Տասնամեակներ շարունակ, մեր ժողովուրդին միտքը լուսաւորող, հոգին ջերմացնող Արե՛ւը եղաւ։
Աստուծոյ փառաբանութեան նուիրուած իր գրութիւններէն մէկուն մէջ սա տողերով է որ կատարեց Արեւին գովերգութիւնը.
“Արեւը բոլոր մարդոց վրայ կը ծագի, բայց քիչեր միայն կը լուսաւորուին անոր լոյսով։ Քիչեր միայն գիտեն որ Արեւը վարձատրութիւն մըն է։ Քիչեր միայն Արեւը իրենց հետ կը կրեն, նոյնիսկ երբ ան կորսուի հորիզոնին ետին”։
Սիրելի Պրն. Ռոպէր,
Ես որպէս ձեր 35 տարիներու անմիջական գործակիցը, նաեւ իմ կարգին այս սրահին մէջ ներկայ ու բացակայ մեր ամբողջ ժողովուրդի գիտակից զաւակները, գիտենք թէ դուք՝ մեր Արեւը, ինչո՞ւ կը ծագի ամէն օր։ Գիտենք բոլորս թէ մեր Արեւը գերագոյն վարձատրութիւն մըն է մեզի համար։ Գիտենք տակաւին թէ մեր Արեւը տասնամեակներ շարունակ պիտի լուսաւորէ, պիտի լուսազարդէ եւ պիտի ջերմացնէ մեր մշակոյթին սիրահար բազմահարիւր հայորդիներու սրտերն ու հոգիները։
Արեւոտ օրեր ձեզի Սիրելի Պրն. Ռոպէր։
Յարգա”նք եւ պատիւ ձեզի մեր թերթի՝ Մարմարայի, ձեր թերթի՝ Մարմարայի, թանկագին եւ սիրելի ընթերցողներ։
(Սուրէն Շամլեան “վաղեմի ծանօթներ” բացատրութիւնը կուտար ակնարկելով թերթ հիմնելու իր այն մէկ քանի նախափորձերուն, զոր ըրած է “Մարմարա Օրաթերթ”ը հիմնելէ առաջ)։
ՄԱՐՄԱՐԱ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՏԵՂՆ ՈՒ ԴԵՐԸ ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ
ՏՕՔԹ. ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Յարգելի Հանդիսականներ,
“Մարմարա” օրաթերթի թանկագին ընթերցողներ եւ սրտակից համակիրներ,
Պատմական օր մըն է այսօր։
Հայ մամլոյ, հայ գիրի, հայ լեզուի, հայ ինքնութեան եւ մշակոյթին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար պատմական օր մըն է այսօր։
Նշանակելի եւ նշանակալից օր մը, տօն մըն է այսօր։
“Մարմարա” օրաթերթի հիմնադրութեան 70ամեակն է որ կը տօնենք այսօր։
Պատմութիւն որ ըսինք, պատմական օր որ ըսինք, քանի մը թուական շարայարենք գոնէ, քանի մը անուն յիշատակենք։
“Մարմարա” օրաթերթը հիմնուեցաւ 1940ին՝ 31 Օգոստոս 1940ին։
“Մարմարա”ի հրատարակութենէն ճիշդ, ճիփ ու ճիշդ 2000 տարի առաջ, Հռոմի մէջ հրատարակուեցաւ աշխարհի առաջին լրագիրը։
Ձեռագիր օրաթերթ մը՝ Հժէհ Ւսաիոհ (Օրուան Լուրեր) անունով։ Ձեռագիր լրատու թերթ մը, որ կը կախէին քաղաքին զանազան հրապարակներուն եւ կարեւոր շէնքերուն պատերուն վրայ։
Իսկ հայերէն լեզուով առաջին լրագիրը լոյս տեսաւ “Մարմարա”ի հիմնադրութենէն 146 տարի առաջ 1794ին՝ 14 Հոկտեմբեր 1794ին Յարութիւն Շմաւոնեան քահանային կողմէ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ։
Հարաւ-արեւելեան Հնդկաստանի այս պատմական քաղաքը՝ Մատրաս ներկայիս Թամիլ լեզուով կը կոչուի Չէննաի։
Շնաւոնեան քահանայի կողմէ հրատարակուած “Ազդարար” ամսագրէն 2 տարի ետք միայն, 1796ին Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ այս հողերուն վրայ հրատարակուող առաջին լրագիրը “Ըհնդէէդ վիհոբհսմդ ւդ Ժճոմէհոէսոճղլդ”ը Ալպէր Տիւպէյի խմբագրութեամբ։
Իսկ Պոլսոյ մէջ առաջին հայերէն թերթը լոյս կը տեսնէ 36 տարի ետք 1832ին “Լրոյ Գիր Մեծի Տէրութեանն Օսմանեան”ը։
Ուրեմն Պոլսոյ մէջ առաջին հայերէն թերթը լոյս կը տեսնէ 1832ին, “Մարմարա”ի հրատարակութենէն 108 տարի առաջ։
Պոլսոյ մէջ հայ մամլոյ անցեալը կ՚երկարի ուրեմն լրիւ 180 տարիներու վրայ։
Այս 180 երկար տարիներուն աւելի քան 70 տարուան վկան է “Մարմարա”ն։ Միշտ ոգեւոր եւ գործօն, միշտ աշխոյժ եւ ժողովրդանուէր. միշտ յաղթապանծ։
Ճանչնանք “Մարմարա”ն՝ այդ 70 ամեայ փառահեղ եւ փառապանծ թերթը։
Թերթին ճակտին, այդ սպիտակ, այդ ձիւնասպիտակ ճակտին վրայ կը բազմի եօթը կարմիր տառերով թերթին անունը՝ “Մարմարա”. իսկ տակն ալ հետեւեալ ծանօթագրութիւնը՝ “Քաղաքական, հասարակական օրաթերթ”։
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ՝ ածականը չի նշանակեր միայն քաղաքականութեան վերաբերեալ, այլ կը նշանակէ նաեւ քաղաքացիական, քաղաքի յատուկ, քաղաքավարական, քաղաքավար։ Բոլոր այս նշանակութիւնները, բոլոր այս յատկանիշներու սահմանումներն ալ լիուլի կը յարմարին “Մարմարա”ի։
ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ՝ հասարակութեան յատուկ, ժողովրդական, ընդհանուրին վերաբերեալ։ “Մարմարա”ն ո՛չ թէ միայն հասարակական է, այլ նաեւ ՀԱՍԱՐԱԿԱՍԷՐ՝ հասարակութիւնը սիրող, հասարակութեան շահերուն նախանձախնդիր է. ՀԱՍԱՐԱՕԳՈՒՏ է։ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ է. ընդհանուրին, բոլորին կը պատկանի։
Նաեւ ան, երկրագունտին շրջանը ընող ՀԱՍԱՐԱԿԱԾԻ նման կը փաթթուի, կ՚ողջագուրուի, կը գիրկընդխառնուի ամբողջ աշխարհին հետ. կը պատէ ամբողջ հայաշխարհը, ամբողջ համայնքը։
ՕՐԱԹԵՐԹ՝ օրագիր, օրաբեր՝ օր բերող, լոյս բերող, օրածին։
Հաւատարիմ հայ ընթերցողին համար արշալոյսին ծագող արեւէն վերջ, կէսօրուան ժամերուն կը ծագի նոր արեւ մը։ Օրուան երկրորդ արեւը՝ “Մարմարա”ն։
Ի՞նչ է “Մարմարա”ն։
Քաղաքական լուրերուն առընթեր, համայնքային, ազգային եւ սփիւռքեան լուրերու, օրուան անցքերու ծաղկաքաղ մըն է։ Թանկարժէք շտեմարան մը, երփներանգ համադրութիւն մը, այդ լուրերուն ընտրութեան եւ դասարաւորման մաղն է։ Անկողմնակալ եւ առարկայական։
Իր դիպուկ յառաջաբաններով, իր մեկնաբանութիւններով եւ արժեւորումներով ուղեցոյցն է համայնքային եւ ազգային կեանքին։ Մութ եւ մռայլ օրերուն փարոսն է ան։ Հայ լեզուի զարգացման, ուռճացման, այժմէացման ուղիին վրայ, գործօն եւ շնորհաւորելի դեր ստանձնած է ան։
Իր ակնարկներով, յօդուածներով, թերթօններով , խաչ-բառերով մեր ընթերցման պահերուն համն ու հոտն է ան։
Իր գրական-գեղարուեստական էջերով արեւմտահայ գրականութեան կորիզը, առանցքը, նեկտարն է ան։ Մեր սրտերուն, մեր հոգիներուն մէջ թափանցող, խարսխող ադամանդեայ փայլերով զգացումներու եւ գաղափարներու ժամադրավայրն է ան։
Օր կ՚ըլլայ կը ծիծաղինք ակնարկի մը մէջ հրամցուած սրամտութեամբ, օր կ՚ըլլայ կը լիանանք, կը վերանանք գեղահիւս յօդուածով մը, օր կ՚ըլլայ կը պրկուինք, կը լարուինք լուրի մը կամ արժեւորումի մը դիմաց։ Օր կ՚ըլլայ մեր աչքերէն արցունքի կաթիլներ կը թափին, կը հոսին սիրելիի մը մահազդին վրայ։
Առողջապահութեան եւ սննդականոնի վերաբերեալ յօդուածներով եւ արդիական գիտելիքներով մեզի կեանքի թարմ շունչ մը, առողջապահական գաղտնիքներ եւ տուեալներ կը փոխանցէ ան։
Ոչ թէ միայն իր յօդուածներով զօրավիգ կ՚ըլլայ մեր առողջութեան, այլ շատ աւելի տարբեր ճամբով մըն ալ օգտակար կը հանդիսանայ մեր առողջութեան։
Թէ՞ ինչպէս։ Կը ճանչնամ բազմաթիւ ընթերցողներ, տարեց եւ հաւատարիմ ընթերցողներ, որոնք ամէն օր իրենց առօրեայ թերթը, իրենց “Մարմարա”ն հայթայթելու համար կէս ժամ կամ ժամ մը կը քալեն եւ ահա այս ճամբով ալ “Մարմարա”ն կը նպաստէ իր ընթերցողներու առողջութեան։
Եթէ կը հետեւիք Սփիւռքի կամ Հայաստանի մամուլին, շատ յաճախ կը հանդիպիք, հպարտութեամբ դէմ յանդիման կուգաք “Մարմարա”ի մէջ հրատարակուած լուրի մը, նկարագրութեան մը, յօդուածի մը կամ բանաստեղծութեան մը, որոնք կը շրջին, կը պտըտին աշխարհի չորս ծագերը։
Մինչեւ հիմա ջանացինք պատասխանել թէ ի՞նչ էր “Մարմարա”ն։
Բայց թերեւս հարցումը պէտք է ըլլար հետեւեալը։ Ո՞վ էր “Մարմարա”ն։
Որովհետեւ “Մարմարա”ն ապրող, շնչող, բաբախող, աճող, զարգացող, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ շրջող, միշտ յառաջացող,իր ընթերցողներուն խօսք ուղղող, պատգամ փոխանցող էակ մըն է։ Անշունչ մարմին մը չէ. իր մը, առարկայ մը չէ ան։
Ուրեմն ամբողջացնենք մեր խօսքը, ուղղելով հետեւեալ հարցումը։
Ո՞վ է “Մարմարա”ն։
“Մարմարա”ն միայն շէնքը, մեքենան, համակարգիչը, թուղթը, մելանը չէ։ “Մարմարա”ն միմիայն խմբագրապետը եւ խմբագրական կազմը չէ։ “Մարմարա”ն միայն անձնազոհութեան տիպար անձնակազմ մը չէ։ “Մարմարա”ն միայն իր ստուարաթիւ աշխատակիցները, անձնուիրաբար եւ սիրայօժար ծառայող իր աշխատակիցները չէ։”Մարմարա”ն միմիայն իր բազմահազար ընթերցողները եւ համացանցի վրայ իր կայքէջին հետեւող ընթերցողները չէ։
“Մարմարա”ն միեւնոյն ատեն դուք էք։ Դուք որ ջերմօրէն սիրեցիք “Մարմարա”ն, դուք որ ջերմօրէն սիրեցիք մեր պաշտելի Ա.Բ.Գ.ը։
Դո՛ւք, այո դուք “Մարմարա”ն էք։
52 տարուան համեստ աշխատակիցէ մը համբոյր քեզի, յարգանք քեզի սիրելի “Մարմարա”։
Leave a Reply