Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան «վճիռ»ը կը կայանայ յունուար 17-ին

«Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութեան յառաջիկայ նիստը պիտի կայանայ 17 Յունուարին: 19 մեղադրեալներու (երկուքը ձեռբակալուած) գործի դատաքննութեան կայանալիք 24-րդ նիստը, որ մեծ հաւանականութեամբ դատավարութեան վերջին նիստը պիտի ըլլայ, եւ այդ ընթացքին պիտի կայացուի վճիռը։ Այս մասին կը գրէ թրքական «Տեմոքրաթ Հապէր» կայքը:

Յիշեցնենք, որ Լրագրող Հրանդ Տինք 19 Յունուար 2007-ին «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ ժամը 15.00-ին զինեալ յարձակման ենթարկուած եւ սպաննուած էր: Սպանութեան վայրին մէջ գտնուղ տարբեր անվտանգութեան տեսախցիներէն կարելի եղած էր որոշել սպաննողի ինքնութիւնը ՝ 17 ամեայ Օկիւն Սամասթը, որ 20 Յունուար 2007-ին ձեռբակալուած է Սամսուն կայարանին մէջ: Սամասթ ոստիկաններուն կողմէ ձեռբակալուեցաւ Սթամպուլէն Հոբա գացող հանրակարգին մէջ: Սամասթի մօտ գտնուեցաւ նաեւ սպանութեան ատրճանակը: Սպանութեան հետ առնչուող հետաքննութիւններուն աւարտին ձերբակալուեցաւ 18 հոգի, եւ յարուցեցաւ քրէական գործ: 2009 Յուլիսին այլ կասկածեալի մը ձերբակալութեամբ մեղադրուողներու թիւը հասաւ 19ի:

26-ի Դերկեմբեր 2011-ի դատական նիստին փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին յատնեց, որ բոլոր արձանագրութիւնները ուսամնասիրուած են, եւ երեւան եկած է, թէ դէպքին օրը նոյն վայրին մէջ գտնուող հինգ հոգիներ (կամ հեռաձայնի թիւեր) ամբաստանեալներուն հետ կապի մէջ եղած են: Բայց դատախազը մերժած է այդ կարեւոր փաստը եւ ըսած, թէ այս արձանագրութիւնները սպանութեան հետ կապ չունին: Նոյն նիստին դատարանը «վճիռ»ի ազդանշան տուած է:

17 Յունուարի նիստին համար դատախազը բոլոր փաստաբաններէն պահանջած է ներկայ գտնուիլ դատական նիստին, որուն ընթացքին, մեծ հաւանականութեամբ, դատարանը պիտի տայ իր «վճիռ»ը:

Սամասթի սպանութեան հետ առնչուած կապերը տակաւին մութի են. եթէ վաղը տրուի դատի վերջին վճիռը, դատավարութիւնը կիսատ պիտի մնայ, կը գրէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը:

Այդ պատճառով, Հրանդի ընկերները, արդարութեան համար հաւաք հրաւիրած են: Անոնք իրենց յայտարարութեան մէջ կը գրեն. «Պետական որոշում. անվտանգութեան, ոստիկանութեան, հետախուզութեան, լրատուամիջոցներու, կառավարութեան, եւ ընդդիմութեան բոլոր մարմիններով Հրանդը մեր մէջէն առնելու որոշում կայացնողները իրենց դատական պալատներուն մէջ մէկ այլ որոշում եւս պիտի տան: Պիտի ըսեն, որ «մենք անմեղ ենք, մեղաւորները այս երեք փամփուշտը արձակող մեղաւորներն են: Կայ բան մը, որ չեն գիտեր. այս դատը չի վերջանար, մինչեւ մենք չըսենք վերջացաւ: Մենք դարձեալ հոն ենք՝ Հրանդին համար՝ Հրանդին ընկերները: Երեքշաբթի` 17 Յունուարին` ժամը 10.00-ին բոլորդ Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ»:

16.01.12

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ