Կարս–Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցման աշխատանքները կը սկսին 2013ի սկիզբը: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական SalamNews գորածակալութիւնը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան տուեալները:
Դեսպանատունէն յայտնած են, որ կողմերուն միջեւ պարբերաբար հանդիպումներ տեղի կ’ունենան` բուն շինարարութեան անցնելու հետ կապուած հարցերը քննարկելու համար:
Նշենք, որ Կարս-Նախիջեւան երկաթուղիին միջոցով Թուրքիա կ’ուզէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան վրայով երկաթուղային կապ հաստատել Իրանի հետ:
http://tert.am/hy/news/2012/01/13/railway/
Leave a Reply