Քուէյթի իշխանական ընտանիքի անդամը քրիստոնէութիւնը ընդունած է: Ան ուղերձ յղած է նշելով, որ եթէ անգամ իրեն սպաննեն, ան վստահ է, որ դրախտին մէջ կը յայտնուի: Այս մասին տեղեկատւութիւն կը յայտնուի Сhristian Тelegraph եւ Assist News պարբերականներուն մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ իրանական Mohabatnews.com քրիստոնէական նորութիւններու գործակալութիւնը վկայակոչելով՝ արաբական Al-Haqiqa արբանեակային հեռուստակայանը, որ քրիստոնէական հաղորդումներ կը հեռարձակէ, ներկայացուցած է Քուէյթի իշխան Ապտալլահ Ալ Սապահի խօսքերը: «Ես լիովին համաձայն եմ տարածուած այս տեղեկութիւններուն: Ես նաեւ կը հաւատամ, որ եթէ ինձ սպաննեն, ապա յաւէրժ Յիսուս Քրիստոսի հետ կ’ըլլամ», – նշած է իշխան Ալ Սապահ:
Ան աւելացուցած է, որ շատ գոհ է իր որոշումէն, քանի որ Աստուածաշունչն է, որ զինք ճշմարիտ ուղղիին վրայ դրած է: Բացի այդ, իշխանը խօսած է մահմետականութեան եւ Եգիպտոսի մէջ իշխանութեան եկած իսլամականներուն մասին: «Մահմետական խմբաւորումները մշտապէս ուզած են յարձակիլ աշխարհի տարբեր քաղաքներու վրայ, սակայն Աստուած պահած է եւ կը շարունակէ պահպանել ամբողջ աշխարհը: Ճիշտ այդ է պատճառը, որ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս իսլամականներու շարքերուն մէջ բաժանումներ եւ հակամարտութիւններ կ’առաջանան, որոնք կը շարունակեն աճիլ, իսկ խումբերը աւելի կը տրոհուին ու կը փոքրանան», – նշած է Քուէյթի իշխանը:
Դաւանափոխութեան մասին լուրը փոթորկած է մահմետական աշխարհը, եւ արաբական լրատուամիջոցներու առաջին տողերուն մէջն է ան:
Իր հերթին, մահմետական անկախ կայքերէն մէկը հերքած է այդ հաղորդագրութիւնը, մէջբերելով Քուէյթի մէկ ուրիշ` Ազպա Ալ-Սաբահ իշխանին, որ ըսած է, թէ թագաւորական ընտանիքին մէջ նման անունով իշխան չկայ:
Իսլամութիւնը Քուէյթի պաշտօնական կրօնն է, զայն կը դաւանի է երկրի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը: Յարկ է նշել նաեւ, որ աւելի վաղ, իսլամութենէն քրիստոնէութեան անցած էր «Համաս»ի հիմնադիրին որդին` Մոսապ Հասան Եւսէֆը:
http://tert.am/hy/news/2012/01/13/kuwaiti-prince-christian/
Leave a Reply