Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու` ներկայ գտնուելով Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան օրինագիծին աջակցող խումբ մը ծերակուտականներու կողմէ կազմակերպուած ժողովին՝ յստակ եւ խիստ ձեւով զգուշացուցած է Ֆրանսան Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը ընդունելէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրրիէթ» թերթը։
Ըստ «Հուրրիէթ»ի՝ Պուրճուօղլու ծերակուտականներուն ըսած է,- «Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին, տասը տարի ռազմաճակատներուն վրայ ընթացող պատերազմի տարբեր ազգութենէն շատ մարդիկ ցաւ ապրեցան: Մենք սկսանք այս հարցը լուրջ ձեւով քննարկել Թուրքիոյ մէջ եւ անիկա մեր երկրին մէջ քննարկելը այլեւս արգիլուած չէ: Բայց դուք հոս քննարկումներուն վերջ կու տաք, դուք այս քննարկումները կ’արգիլէք: Ձգեցէք մարդիկ, պատմաբաններ քննարկեն»:
Ան նաեւ ըսած է,- «Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզի իր նախագահութեան սկիզբէն Թուրքիան քաւութեան նոխազի վերածած է: Մեռցուցած է Եւրոմիութեան անդամակցելու մեր փափաքը: Իւրաքանաչիւր ընտրութենէ առաջ թուրքերը եւ Թուրքիան քաւութեան նոխազի կը վերածուին: Մենք յոգնեցանք Սարքոզիի ըրած նախընտրական չմտածուած քայլերէն: Թուրքիան 2001ի եւ 2006ի Թուրքիան չէ: Այս անգամ վճռած է շատ ծանր պատասխան տալ: Եթէ սոցիալիստները իշխանութեան գան եւ այս օրէնքին աջակցին՝ անոնք ալ այս բոլորին համար պիտի վճարեն»:
Ծերակուտական Ֆիլիփ Գալտէնպահ (սոցիալիստներուն անունով օրէնքը պատրաստողը) ըսած է, թէ Թուրքիոյ համար Ցեղասպանութեան ընդունումը Եւրոմիութեան անդամակցելու պայման է: Պուրճուօղլու իր կարգին յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը այդպիսի չափանիշներ չունի եւ ոչ մէկ երկիրի համար Եւրոմիութիւն մտնելու համար նման պայման չէ դրուած, իսկ միւս չափանիշները մենք ալ կ’ուզենք իրականացնել:
Պուրճուօղլու առաջարկած է, որ եթէ օրէնքի բնագիրին մէջ ցեղասպանութիւն բառին տեղ «Միջազգային դատարաններու կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը գրուի, Թուրքիան գոհ կը մնայ:
Իսկ այլ ծերակուտականի մը այն հարցին, թէ եթէ օրէնքը ընդունուի, Թուրքիոյ հակադարձը ի՞նչ պիտի ըլլայ, Պուրճուօղլու պատասխանած է, որ կարգ մը տնտեսական յարաբերութիւններ պիտի շարունակուին, բայց մեծ ծրագիրները սահմանափակ պիտի ըլլան, քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի կասեցուին: «Եթէ օրէնքը անցնի շատ ծանր եւ մնայուն հետեւանքներ պիտի ունենայ»,- ըսած է ան:
Leave a Reply