Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէն՝ «Ալ Ժազիրա Ինկլիշ» Կայանէն

Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մօրս դաջուածքները»

11-18 Յունուար 2012-ին, «Ալ Ժազիրա ինկլիշ» արբանեակային կայանէն կը ցուցադրուի Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մօրս դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը պատմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, հայ կիները եւ աղջիկները պարտադրաբար դաջելու մասին:

Ամիսներ առաջ ժապաւէնի հեղինակը մամուլի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած էր, որ ժապաւէնը դաջուածքներու ետին պահուած իրականութիւններուն եւ զանոնք կրող հայ կիներու ճակատագիրին մասին է: Խարտալեան ազդուելով Ռուանտայի ջարդերուն ընթացքին բռնութիւններու ենթարկուած կիներու պատմութիւններէն՝ կը միտէր ժապաւէն պատրաստել Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնութիւն կրած հայ կիներուն մասին, սակայն Ֆրանսայի արխիւներուն մէջ իր յայտնաբերած դաջուած կիներուն լուսանկարները յիշեցուցած են իր մեծ մօր դաջուածքները, որոնք հիմք ունենալով՝ ան լուսարձակի տակ բերած է ցարդ թաքուն մնացած այս թղթածրարը։ Սիւզան Խարտալեանը միշտ հետաքրքրած է այդ դաջուածքներուն իմաստը եւ տարիներ ետք անոնց բացատրութիւնը կը փորձէ գտնել այս ժապաւէնով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ