Թուրքիոյ ոճրագործութիւններուն զոհ դարձած Պուլկարիան վաղ թէ ուշ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Հայկ Դեմոյեան

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Պուլկարիոյ խորհրդարանը երէկ ձայներու մեծամասնութեամբ մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը: Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Tert.am-ի հետ զրոյցին՝ իբրեւ պատճառ մատնանշեց այն հանգամանքը, որ հարցը ճիշդ պահուն չդրուեցաւ խորհրդարանի օրակարգ:

«Առաջին հերթին ասիկա կը բխի Պուլկարիոյ քաղաքական շահերէն: Հարցը խորհրդարանին մէջ բարձրացուցին ազգայնականները: Այդպիսով անոնք կը փորձէին իրենց շահերը ներկայացնել, որ չյաջողեցան ընել»,- ըսաւ Հայկ Դեմոյեան: Անոր կարծիքով` Պուլկարիան, այնուամենայնիւ, յառաջիկային պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Պուլկարիան նոյնպէս Թուրքիոյ ոճրագործութիւններուն զոհ է եւ ունի վատ փորձ: Այնպէս որ, անոնք վաղ թէ ուշ պիտի ճանչնան, ինչպէս եղաւ Կիպրոսի եւ Յունաստանի պարագային»,- ըսաւ Ցեղասպանութեան-թանգարան հիմնարկի տնօրէնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի մերժումը Պուլկարիոյ խորհրդարանին կողմէ, ըստ Հայկ Դեմոյեանի, խանգարող հանգամանք չի դառնար այլ պետութիւններու համար: Իսկ հարցին, թէ Յունուար 23ին Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը, պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, Հայկ Դեմոյեան պատասխանեց. «Լսենք քննարկումները եւ այնուհետեւ խօսինք «այո»ի, կամ՝ «ոչ»ի մասին: Բայց կը կարծեմ, որ թափ առած այս մեկնարկը պէտք է որ դրական ելք ունենայ»:

 http://tert.am/hy/news/2012/01/12/demoyan/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ