Պատրիարքարանը դատ բացաւ, համայնքիս վերաշահեցնելու համար «Սանասարեան խան»ը


Կը տեղեկանանք թէ Պատրիարքական Ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ դատ բացած է, որպէսզի մեր համայնքը վերատիրանայ Սիրքէճիի Սանասարեան Խանին, որ տարիներ առաջ պետութեան որոշումով պետական գանձին փոխանցուած էր։

Ինչպէս ծանօթ է, նախկին հայապատկան «Սանասարեան խան»ը տխրահռչակ անուն ունի, որովհետեւ այս խանը պետական գանձին փոխանցուելէ ետք, «Սանասարեան» անուամբ ծառայած է որպէս բանտ, ուր արգելափակուած, չարչարանքներու ենթարկուած, երբեմն ալ մահացած են թուրք քաղաքական կեանքի կարեւոր դէմքեր, ինչպէս՝ Նազըմ Հիքմէթ, Վէտաթ Թիւրքալի, Աթիլլա Իլհան, Էճէ Այհան, Րուհի Սու, Ճիհան Ալփթէքին եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Սանասարեան խանը աւելի ետք վարձու տրուած եւ գործածութեան յանձնուած է զանազան ասպարէզներու տէր անձերու, առաւելաբար փաստաբաններու։

Պատրիարքարանի փաստաբանը՝ Ալի Էլպէյօղլու Սանասարեանի դատը բացաւ, եւ անցեալ շաբաթ, դատավարութեան նիստի ընթացքին յաջողեցաւ շէնքին վրայ սառեցման որոշում կայացնել։ Այս զարգացման հիման վրայ, շէնքը այսուհետեւ պիտի չկարենայ նոր վարձակալ ընդունիլ։

Արամ Սրբազան այս առիթով յայտարարութիւն մը ըրաւ մամուլին եւ յայտնեց որ հայոց փափաքն է վերատիրանալ այս խանին, ուստի կը յուսայ որ կառավարութիւնը կամ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը ժէսթ մը պիտի ընէ այս նիւթի առընչութեամբ, ինչպէս որ ըրաւ Յունաց Պատրիարքարանին, վերադարձնելով անոնց իրենց Որբանոցը։

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ