Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը յունուար 24ի փոխարէն 23ին պիտի քննարկէ

Ֆրանսայի խորհրդարանի Վերին պալատը` Ծերակոյտը, որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող օրինագիծը քննարկել Յունուար 23ին: Այդ մասին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ըսած է Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան:

«Այսօր Ծերակոյտի վարչական խորհուրդը, որ կ’որոշէ Ծերակոյտի օրակարգերը, այսինքն` դիւանը, հաստատեց, որ ամսուն 23ին է»,- երէկ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին փոխանցած է Վարժապետեան:

Ըստ անոր` հարցը պէտք է լսուէր Յունուար 24ին, բայց որոշում կայացուած է մէկ օր շուտ սկսելու, «որովհետեւ երկու օրուան վրայ է լիագումար նիստը` 23 եւ 24, ուզեցին 23ին ընել, որպէսզի առաջին օրը աւելի շատ ժամանակ ունենան քննարկելու եւ քուէարկելու, եւ վերջին օրուան չձգելու զայն»,– ընդգծած է Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավարը` հաստատելով, որ հարցը պաշտօնապէս Ծերակոյտի օրակարգին է, եւ նշանակուած է քննարկման օրը. «Քննարկման եւ քուէարկութեան, բնականաբար»:

Անդրադառնալով ներկայիս Ծերակոյտին մէջ օրինագիծին կողմ եւ դէմ ձայներուն մօտաւոր յարաբերակցութեան` Հրաչ Վարժապետեան ըսած է. «Ներկայ պահուն՝ մեր հաշուարկներով եկած ենք այն եզրակացութեան, որ թէ՛ իշխող աջակողմեան կուսակցութեան մօտ, թէ՛ ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան մօտ որոշ համաձայնութիւն կայ երկուքի միջեւ, եւ 65%, այսօրուան դրութեամբ, կրնայ թեր քուէարկուիլ: Բայց միշտ ալ, անշուշտ, քաղաքական կեանքին մէջ վերիվայրումներ կրնան պատահիլ, եւ վերջին պահուն քաղաքական տարբեր ճնշումներով եւ տարբեր հաշուարկներով կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Բայց ներկայ պահու դրութեամբ` 65% թեր պիտի քուէարկուի եւ, կը կարծեմ, օրէնքը պիտի անցնի` պիտի հաստատուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ»:

Անցեալ ամիս Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հաւանութեան արժանացած օրինագիծը Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրապարակաւ ժխտողներուն համար մէկ տարուան ազատազրկում եւ 45 հազար եուրօ տուգանք կը նախատեսէ:

Պաշտօնական Անգարան առաջին իսկ պահէն կտրուկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ խորհրդարանի Ստորին պալատին կողմէ օրինագիծին ընդունման եւ այժմ ալ ջանքեր կը գործադրէ Վերին պալատին կողմէ անոր հաստատումը կանխելու համար:

 http://tert.am/hy/news/2012/01/11/genocidebill/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ