Հայկական Ցեղասպանութեան համար ներողութիւն ըսելու տեղը ո՛չ թէ ուրիշ` այլ Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է ըլլայ. Զարաքօլու

«Պելկէ» հրատարաչատան հիմնադիր, գրող եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռաքըպ Զարաքօլու՝ իր փաստաբան Սէննուր Պայպուայի ձեռքով՝ Թուրքիոյ Մեծ Մեճլիսին յղած է խնդրագիր մը, ուր Ազգային Մեծ Մեճլիսին կոչ կ’ուղղէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին, խորհրդարանը ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ բխող ձուլումի ու տեղահանութեան արարքները: Այս խնդրագիրը հրատարակած է թրքական «Տեմոքրաթ Հապէր» կայքը:

Զարաքօլու իր խնդրագիրին սկիզբը կ’ըսէ, թէ 19րդ եւ 20րդ դարերու տեղահանութիւնը, ճնշումի ձեւերը եղած են գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանի գլխաւոր քաղաքականութիւնը: «Կայսերապաշտութեան ժամանակաշրջանին՝ Գաղութատիրութեան վերջին փուլին՝ այս քաղաքականութիւնները ցեղասպանութեան մասին արտայայտուեցան ամէնէն սուր ձեւով»,- կ’ըսէ ան:

Զարաքօլու կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիա պէտք է դէմ հանդիման կանգնի իր պատմութեան եւ այս մէկը միայն զոհի բարոյական պարտաւորութիւն չէ, միեւնոյն ժամանակ թուրք հասարակութեան մաքրումի եւ առողջութեան վերականգման համար պարտաւորիչ պայման է:

«Այս հասարակութեան շատ սուտեր ըսուեցան: Այս հասարակութիւնը շատ անգամ հանցագործութեան մղուեցաւ: Յանցագործները՝ «հերոս», իսկ զոհերը «յանցաւոր» ըրինք: «Զօրաւոր» եւ «արդար» հասարակութիւն ըլլալու ճանապարհը մաքրութենէն կ’անցնի: Այս մաքրուիլը միեւնոյն ժամանակ հասարակութիւնը կազմող հաստատութիւններուն ալ մաքրութեան եւ բարոյականութեան վերականգման կ’օգնէ: Ատկէ ետք կերտուած պատմութիւնը շարունակուեցաւ նոյն հիմքի վրայ: Այս պատճառով 1915ը՝ հիմք ընդունելով արմատական «ներողութիւն»ը՝ կրնայ աճող վտանգին առաջքը առնել:

Տերսիմի ցեղասպանութեան մասին եղած ներողութեան քննարկումները, այսօր մեր երկիրին համար կը ստեղծեն իր պատմութեան դէմ հադիման գալու կարեւոր հնարաւորութիւն մը:

Զարաքօլու կ’առաջարկէ ըսելով,- «Չափազանց պարզ է. Օսմանեան պետութեան ժառանգորդը Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն է: 1915ի ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւող զոհերուն պատճառ եղած տեղահանութեան, տեղափոխութեան եւ ձուլումի քաղաքականութիւններուն պատճառով ներողութիւն պէտք է ըսուի: Բարոյական առումով, այս ներողութեան տեղը ո՛չ թէ ուրիշ երկիրներու խորհրդարաններն են, այլ Թուրքիոյ խորհրդարանը: Այս մէկը մեզ չի նուաստացներ, ընդհակառակը՝ արժանապատիւ եւ զօրաւոր կը դարձնէ: Անատոլուն պիտի օգնէ սփիւռք անունով նուաստացուցած իր զաւակները գրկաբաց ընդունելու գործին: Այն ժամանակ Մարթին Լուտըր Քինկի ըսածին նման՝ «Բոլորս պիտի շահինք եւ ձեռք ձեռքի պիտի քալենք»:

«Իրականութեան հետ դէմ հանդիման գալը, բոլորս ազատ պիտի դարձնէ:

«1915ի ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կը մօտենանք: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ծանր «յանցանքին» համար եւ անկէ բխող տարբեր տեղահանման եւ ձուլումի գործողութիւններուն համար ե՛ւ զոհերէն ե՛ւ մէկ ամբողջութիւն եղող մեր քաղաքացիներէն ներողութիւն պէտք է խնդրէ՝ Նազիմ Հիքմէթի խօսքով «մեր ճակատին քսուած այս սեւ բիծերուն» համար։

«1915ի ցեղասպանութեան 100ամեակի շեմին Թուրքիոյ Հանրապեթուիւնը այս ծանր, բայց միեւնոյն ժամանակ ազնուական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն անունով իր վրայ պէտք է վերցնէ»:

Յիշեցնենք, որ «Պելկէ» հրատարակչատան հիմնադիր Ռաքըպ Զարաքօլու՝ 44 մտաւորականներու հետ՝ ձերբակալուած է 28 Հոկտեմբեր 2011ին: Ան կը մեղադրուի յեղաշրջման փորձ ընելու եւ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան մասնաճիւղ KCK-ին՝ Քիւրտստանի հանրութիւններու միութեան, օժանդակելուն մէջ։

http://tert.am/hy/news/2012/01/11/rakeb-zarakoghlou/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ