Թուրք երեսփոխանը կ՛ուզէ ներողութիւն խնդրել

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւոր Իսմեթ Ուչման յայտարարած է, թէ հայերէն պէտք է ներողութիւն խնդրել, սակայն ոչ թէ Հայկական Ցեղասպանութեան, այլ՝ միայն տեղահանութեան համար:

Պոլսոյ «Ակօս» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ան կրկնած է Ցեղասպանութիւնը ուրանալու կառավարութեան կեցուածքը՝ պնդելով, թէ 1915ին տեղի ունեցած է «մեծ ողբերգութիւն», սակայն տեղի ունեցածը կարելի չէ անուանել «Ցեղասպանութիւն»:

«Ես այդ դէպքերը ցեղասպանութիւն չեմ համարեր, սակայն անոնք կը նկատեմ անմեղ ազգի մը տեղահանութիւնը, որ մեծ սխալ մըն էր: Այդ շրջագիծին մէջ միայն ես ներողութիւն կը խնդրեմ հայ ազգէն եւ կ՛ուզեմ, որ ուրիշներ եւս ներողութիւն խնդրեն», ըսած է պատգամաւորը:

http://asbarez.com/arm/119837/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ