Տինքի սպանութիւնը հրահրողները կապ ունեցած են ոստիկանութեան հետ

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ, Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով Երեքշաբթի, Յունուար 10ին կայացած 24րդ նիստի ընթացքին նոր փաստեր բացայայտուած են:

Ըստ «CNN Turk»ի, նիստի ընթացքին Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին յայտարարած է, որ հեռահաղորդակցութեանց կապի վարչութեան կողմէ ներկայացուած գրառումներէն յստակ դարձած է, թէ Տինքի սպանութեան հրահրիչներ Եասին Հայալ եւ Էրհան Թունճել, նախքան սպանութիւնը եւ սպանութեան օրը բազմաթիւ հանդիպումներ եւ հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Թուրքիոյ ապահովութեան տնօրինութեան պաշտօնեաներ Մուսթաֆա Էզթուրքի, Սահիլ Հաճըսահիլօղլուի եւ երեք այլ ոստիկաններու հետ: Աւելին, յիշեալ պաշտօնեաները սպանութեան օրը գտնուած են Տինքի «Ակօս» թերթի խմբագրութեան մօտակայքը, ուր տեղի ունեցած էր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:

«Սպանութեան օրը, յիշեալ 5 անձերը կա՛մ «Ակօս»ի խմբագրութեան մօտերը եղած են եւ կամ հեռային կապի մէջ եղած են կասկածեալներուն հետ: Անոնք բազմաթիւ հանդիպումներ եւ հեռախօսազրոյցներ ունեցած են սպանութիւնը իրագործողին եւ զայն հրահրողներուն հետ», ըսած է Չեթին՝ դատարանէն պահանջելով հետաքննել այս նոր ապացոյցները:

Միւս կողմէ, ամբաստանեալ Եասին Հայալ նոյն նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը կը փորձէ զինք սպաննել: «Բոլորը թող իմանան, որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կը ցանկանայ մէջտեղէն վերացնել զիս», աւելցուցած է ան եւ զինք պահպանութեան տակ առնելու պահանջով գրաւոր դիմում ներկայացուցած է դատաւորին: Սակայն, Հայալ մերժած է բացայայտել անունները այն անձերուն, որոնք սպառնացած են սպաննել զինք եւ նոյնիսկ սպառնացած է «խստօրէն անհանգստացնել շրջապատ»ը, եթէ իր պահանջները չկատարուին:

http://asbarez.com/arm/119845/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ