Ես պարգամաւորական անձեռնմխելիութեան կարիք չունիմ. թուրք կուսակցապետ

Թուրքիոյ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն յայտարարած է, թէ ինք չի վախենար պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը կորցնելէն: Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ստամպուլի շրջանային դատախազութիւնը երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանէն պահանջած է պատգամաւորական անձեռմխելիութենէն զրկել Քեմալ Քըլըչտարօղլուն: Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ` Քըլըչտարօղլուն կը մեղադրուի Թուրքիոյ մէջ 2010ին ռազմական յեղաշրջում նախապատրաստելու առնչութեամբ իրականացուող հետաքննութեան վրայ ազդելու մէջ:

«Ինծի կը մեղադրեն դատական գործընթացին միջամտելու փորձին մէջ: Անոնց արդար դատարանը այն է, որ չհրապարակուած գիրքը յանցագործութիւն կը համարէ եւ կը ձերբակալէ անվճար սորվիլ ուզող ուսանողները: Ես անձեռնմխելիութեան կարքի չունիմ: Նիստէն յետոյ ես անձամբ կը դիմեմ խորհրդարանի Գլխաւոր ասամպլիա: Անոնք, որոնք յանուն ժողովուրդին հանդէս կու գան, վախ չունին: Եթէ դուք կը ցանկանաք հաշուեյարդար տեսնել Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան հետ, զրկեցէք զիս անձեռնմխելիութենէն»,– ըսած է ան:

Քըլըչտարօղլու աւելցնելով ըսած է, որ չի վախենար դատարաններէն եւ դատախազներէն: «Եթէ զիս նոյնիսկ կախաղան ուղարկէք, կ’ըսեմ այն, ինչ գիտեմ»,–ընդգծած է թուրք կուսակցապետը:

Նշենք, որ վերոնշեալ յեղաշրջումը «բացայայտած էր» թուրքական Taraf պարբերականը: Թերթին տուեալներով` Թուրքիոյ զինուած ուժերը 2010-ին մշակած էին «Պալիոզ» (կռան) անունը կրող ծրագիրը, որ նպատակ ունեցած էր, հասարակութեան մէջ քաոսային վիճակ ստեղծելով, տապալել կառավարութիւնը: Այդ ծրագիրին համաձայն` Ստամպուլի Ֆաթիհ եւ Պայազիտ մզկիթներուն մօտ պայթիւններ պէտք է տեղի ունենային, ապա` յարձակում Թուրքիոյ ռազմական թանգարանին վրայ, որմէ յետոյ երկրին զինուած ուժերը պէտք է տապալէին կառավարութիւնը:

Թերթի հաղորդմամբ` 2002–2003-ին մշակուած ծրագիրին տակ դրուած էր Թուրքիոյ զինուորական ուժերու նախկին զօրավար Չեթին Տողանի ստորագրութիւնը: Յեղաշրջումէն յետոյ երկրին մէջ նաեւ զանգուածային ձերբակալութիւններ պէտք է սկսէին:

http://tert.am/hy/news/2012/01/10/kemal/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ