Սարքոզի կ’ուզէ Հայկական ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքը ի զօրու դարձնել Եւրոմիութեան ողջ տարածքին

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքին ընդունումէն ետք՝ 23 Դեկտեմբերին, տուն դարձած Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու երէկ Ֆրանսա վերադարձին սպասուելիք զարգացումներուն մասին պարզաբանումեր ըրաւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրրիէթ» թերթը:

Թահսին Թուրճուօղլու ըսաւ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզին այս անգամ աշխատանք կը տանի Եւրոմիութեան տարածքին ի զօրու ըլլալիք օրէնքի ընդունման վերաբերեալ: Վաղը Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը պիտի քննարկուի Ծերակոյտի յանձնախումբին կողմէ, ապա՝ 23-31 Յունուարին, պիտի դրուի Ծերակոյտի քննարկման:

Սարքոզի, նոյնիսկ Ծերակոյտի որոշումին չսպասելով, անձնապէս յանձնարարութիւններ տուած է Եւրոմիութեան տարածքին ընդունելու օրէնք մը, որ կրնայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան վրայ ազդել, ըսած է Թուրճուօղլու:

Ինչպէս 19 Ապրիլ 2007-ին Եւրոմիութեան Արդարադատութեան եւ ներքին գործերու խորհուրդին կողմէ ընդունուած «պայքար ռասիզմի եւ օտարատիացութեան դէմ» օրէնքին, որ պատիժ կը սահմանէ Հոլոքոստը մերժողներուն դէմ, նոյն ձեւով Սարքոզին Հայկական Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող Օրէնքը կ’ուզէ ի զօրու դարձնել ամբողջ Եւրոմիութեան տարածքին: Այս առնչութեամբ յանձնարարութիւն գացած է Պրիւքսէլի Եւրոմիութեան յանձնաժողովին եւ Եւրոմիութեան խորհուդին: Եթէ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս օրէնքը վաւերացնէ` «Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը» ամբողջական օրէնքի ծիրէն ներս առնելով, մերժողները Եւրոմիութեան տարածքին պատիժի պիտի ենթարկուին:

Ֆրանսայի իշխանութիաններուն կարծիքով օրէնքը Ծերակոյտէն անցնելու պարագային Եւրոմիութեան տարածքին իրաւական ենթակառուցուածք պիտի կազմուի եւ ամբողջական օրէնք պիտի ձեւաւորուի:

http://tert.am/hy/news/2012/01/09/sarkozi-hourriet/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ