Այթաչ Սէլչուք Վանէն կը տեղեկացնէ.-
Վանի երկրաշարժը պատճառ դարձաւ որ քաղաքի պատմական կառոյցները, որոնք արդէն իսկ կիսաւեր կամ քանդուած վիճակ կը պարզեն, բոլորովին աւերակոյտի վերածուին։ Վանի Էրէք լերան լանջին կառուցուած հայկական պատմական Վարագայ Վանքը, որ լրջօրէն աւերուած էր թէեւ, բայց վերանորոգութեան յոյս կը ներշնչէր եւ կրնար հասոյթի կարեւոր աղբիւր ծառայել զբօսաշրջութեան տեսակէտէ, երկրաշարժի պատճառաւ լուրջ վնասներու ենթարկուեցաւ։ Եկեղեցւոյ մուտքի երեք սիւները փուլ եկան եւ մուտքի ձեղունը գետնին հաւասարեցաւ։ Երկրաշարժէն ետք, տեղացի կարգ մը բնակիչներ գանձ գտնելու յոյսով, աւերակոյտի վերածուած եկեղեցիի փլատակներուն տակ սկսան պեղումներ ընել, պարզապէս թալանի ենթարկելով կառոյցը եւ պատճառ դառնալով որ եկեղեցին որ արդէն իսկ աւերուած էր, բոլորովին չքանայ։
Եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը, ուր մայր շինութենէն անջատաբար վանատան հետքերը գոյութիւն ունէին եւ որուն գմբէթը տակաւին կը դիմադրէր ժամանակի աւերին դիմաց, նոյնպէս կքեցաւ։ Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ ձեղունէն ինկած զանգուածներու պատճառաւ, տեղ տեղ քարակոյտեր գոյացան։ Այնպէս որ եկեղեցին վերանորոգելու եւ զբօսաշրջութեան բանալու բոլոր յոյսերը չքացան։ Կ՚ըսուի որ Մէհմէտ Չօպան անունով անձը, որ երկար ատենէ ի վեր եկեղեցւոյ պահակի պաշտօնն ունի, շատ յուզուած է այս կացութեան դիմաց։ Չօպան յայտնած է որ իր բնակարանը կը գտնուէր եկեղեցւոյ անմիջական շրջանակին մէջ, որ երկրաշարժին պատճառաւ անբնակելի դարձաւ եւ ինք ստիպուեցաւ մէկ քլմ. հեռաւորութեան վրայ, վրանի մը տակ բնակիլ, հեռանալ եկեղեցւոյ շրջակայքէն, եւ չկարենալ կատարել պահակի իր պաշտօնը։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
Leave a Reply