ՊՈԼԻՍ.- «Ակօս» թեթի թղթակից Սահակ Կիւրեան (sgurch@agos.com.tr) կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ նորակազմ Սասունի եւ Մուտքի հայրենակցական միութիւնը, աւարտելով իր հիմնադրութեան պաշտօնականացման հետ կապուած ձեւակերպութիւնները, գումարած է իր ընդհանուր ժողովը եւ ընտրած է իր վարչութիւնը:
Նորակազմ վարչութեան մէջ մտած են Արամ Տեմիր, Հալիլ Իչ, Սեֆեր Եըլտըրըմ, Կիւլնազ Ուլութաշ, Պետրոս Տամար, Սիլվա Ասլան Տեմիրճի, Այհան Թիւֆեքճի, Մուրատ Վուրալ, Խաչիկ Գօչ, Իլիաս Կէզ, Եուսուֆ Թօփարլաք եւ Լեւենթ Պալճը:
Կիւրեան կը յիշեցնէ, որ տասը տարի առաջ Մուսա Լեռի Վագըֆ գիւղի նախկին բնակիչները հիմնած էին Մուսա Լերան հայրենակցական միութիւնը: Այս փորձէն խրախուսուած կազմուած է սասունցիներու, տերսիմցիներու եւ մալաթիացիներու հայրենակցական միութիւնները:
«Ներկայիս նման որոնումներու մէջ են սեբաստացի, արաբկիրցի եւ պուրունգըշլացի հայերը», կը գրէ Կիւրեան:
Սասունի եւ Մուտքի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ Արամ Տեմիր «Ակօս»ի թղթակիցին յայտնած է, որ միութեան առաջնահերթ գործունէութիւնը պիտի ըլլայ հայերէն լեզուի դասընթացքներու իրականացումը:
«Մենք՝ սասունցի եւ մուտքիցի հայերս, միութեան բացակայութեան արդէն իսկ որդեգրած էինք զօրակցութեան գիտակցութիւնը: Այժմ միութեան շնորհիւ ունեցանք պաշտօնականացում: Մեր առաջին գործունէութիւնը պիտի ըլլայ հայերէնի դասընթացքը: Ապա պիտի ձեռնարկենք համալսարաններու մուտքի քննութեանց պատրաստուող երիտասարդներուն օժանդակելու միջոցներու: Մեր աշխարհի մշակոյթը պահպանելու համար ճամբայ ելանք: Կը գիտակցինք մշակութային արժէքներու փոխանցման մէջ կանանց կարեւոր ներդրումին: Այդ պատճառաւ ալ՝ յատուկ ուշադրութիւն պիտի սեւեռենք միութեան աշխատանքներէն ներս իգական սեռի մասնակցութիւնը ապահովելու համար», ըսած է Արամ Տեմիր:
http://asbarez.com/arm/119718/
Leave a Reply