Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները գանգատեցան Թուրքիոյ Կրթական նախարարին՝ դասագիրքերու մէջ 1915-ի մասին գրուածներէն

Աշակերտները՝ նախարարին հետ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հիւրրիյէթ»ի Հինգշաբթի, 5 Յունուարի թիւին մէջ կը կարդանք, որ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները, իրենց տնօրէններու ընկերակցութեամբ Անգարայի մէջ այցելած են Խորհրդարան ու հանդիպում մը ունեցած են կրթական նախարար Էօմեր Տինչերի հետ։ Դպրոցի աշակերտական խորհուրդի նախագահ Պրենտա Էօզեըլմազ այս այցելութեան կապակցութեամբ հետեւեալը ըսած է «Հիւրրիյէթ»ի թղթակիցին.

«Կրթական նախարարութիւնը արդէն լուծումներ գտաւ անցեալի մէջ մեր ունեցած խնդիրներուն համար, մեզի համար ալ դասագիրքեր տպուեցան ու ձրիաբար մեզի տրամադրուեցան։ Հիմա մեր դպրոցներուն մէջ արձանագրութիւն ալ կրնանք ընել առանց նախապէս ուրիշ տեղ դիմելու։ Այս բոլորին համար շնորհակալութիւն յայտնեցինք կրթական մեր նախարարին։ Բայց ըսինք նաեւ, որ մեր ընկերային գիտութիւններու դասագիրքերուն մէջ 1915ի մասին գրուածներէն անհանգիստ ենք։ Նախարարն ալ մեզմէ խնդրեց որ անհանգստացնող այդ պարբերութիւնները արձանագրենք ու թղթածրարով մը իրեն յանձնենք։ Ան խոստացաւ հետաքրքրուիլ այս խնդիրով»։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ