«Կրթական նախարարութիւնը արդէն լուծումներ գտաւ անցեալի մէջ մեր ունեցած խնդիրներուն համար, մեզի համար ալ դասագիրքեր տպուեցան ու ձրիաբար մեզի տրամադրուեցան։ Հիմա մեր դպրոցներուն մէջ արձանագրութիւն ալ կրնանք ընել առանց նախապէս ուրիշ տեղ դիմելու։ Այս բոլորին համար շնորհակալութիւն յայտնեցինք կրթական մեր նախարարին։ Բայց ըսինք նաեւ, որ մեր ընկերային գիտութիւններու դասագիրքերուն մէջ 1915ի մասին գրուածներէն անհանգիստ ենք։ Նախարարն ալ մեզմէ խնդրեց որ անհանգստացնող այդ պարբերութիւնները արձանագրենք ու թղթածրարով մը իրեն յանձնենք։ Ան խոստացաւ հետաքրքրուիլ այս խնդիրով»։

Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները գանգատեցան Թուրքիոյ Կրթական նախարարին՝ դասագիրքերու մէջ 1915-ի մասին գրուածներէն
•
Leave a Reply