Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Ճրագալոյցի տօնը, որ կը խորհրդանշէ Աստուածայայտնութիւնը, Սուրբ Ծնունդը:
Ճրագալոյց կը կոչուի Սուրբ Ծնունդին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Զատիկին նախորդող օրը, որ կը նշանակէ Ճրագ լուցանել, այսինքն վառել: Ճրագալոյցին կը վառուին եկեղեցիներու ջահերը եւ կանթեղները եւ վառուող մոմեր կը բաժնուին ժողովուրդին, ուրկէ ետք կը մատուցուի սուրբ պատարագը:
Պոլսոյ մէջ այս տարի յատուկ նշանակութիւն ունի Սուրբ Ծննդեան տօնը, նկատի առած որ ձեռնարկներու շարք մը տեղի պիտի ունենայ, պատրիարքական աթոռի 550-ամեակին առիթով: Շատոնց ի վեր աւանդութիւն դարձած էր, Մեսրոպ Բ. պատրիարք հօր նախաձեռնութեամբ, ամէն տարի 3 Յունուարին հոգեւոր համերգի մը կազմակերպումը: 2012ի առաջին այս համերգը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ: Համերգի յայտագրին մաս կազմեցին հայկական վարժարաններու աշակերտներ եւ երգչախումբ: Նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ քայլերգ մը, Սահակեան դպրաց դասի երգչախումբի անդամներուն կողմէ, որու խօսքերը գրի առնուած են «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագիր օր. Մաքրուհի Յակոբեանի կողմէ: Այս քայլերգը ձօնուած է Պոլսոյ պատրիարքական Աթոռի 550-ամեակին եւ ներկայացուած է որպէս առաջին ունկնդրութիւն:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Կիրակի 1 Յունուար 2012ին, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ձեռամբ՝ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ բացումը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Հայաթի Հազըճըն:
Նշենք, որ այս եկեղեցին իբրեւ աղօթատեղի օգտագործելը պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի երազն էր եւ այն յաջողուեցաւ երկար ջանքերէ ետք: Ծախսերուն 70% յատկացուցած է պետութիւնը, իսկ միւս 30%` Գումգափուի հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը: Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ ասիկա առաջին դէպքն էր, որ կառավարութիւնը ֆինանսաւորեց հայկական համայնքին պատկանող եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:
Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի “Ազատ Օր” օրաթերթը։
http://tert.am/hy/news/2012/01/05/bolis/
Leave a Reply