Մէկ դար ետք՝ իբրեւ եկեղեցի իր դռները կը բանայ Պոլսոյ Որդուոց Որոտման եկեղեցին

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Հայկական Ցեղասպանութեան մասին վերջին որոշումէն ետք, ուշադրութեան արժանի դէպք մը տեղի կ’ունենայ Պոլսոյ մէջ։ Այս մասին կը գրէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը:

Ըստ թերթին՝ մէկ դար ետք՝ իբրեւ եկեղեցի իր դռները կը բանայ Պոլսոյ պատրիարքարանին դիմաց գտնուող Որդուոց Որոտման եկեղեցին։ Ս. Աստուածածին գլխաւոր եկեղեցւոյ եւ յարակից շինութիւններու կառոյցի այրուելէն ետք՝ Հռչակաւոր Պալեան գերդաստանի անդամներէն մէկը` ճարտարապետ Գրիգոր Ամիրա Պալեան՝ 1828ին կը վերակառուցէ Որդուոց Որոտման եկեղեցին։ Համաշխարային առաջին պատերազմէն ի վեր փակ եղած Որդուոց Որոտման եկեղեցին՝ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ կ’օգտագործուէր իբրեւ մշակոյթի տուն:

Այսօր ժամը 4ին՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ձեռամբ՝ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի պիտի ունենայ Որդուոց Որոտում եկեղեցուոյ բացումը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Հայաթի Հազըճըն:

Նշենք, որ այս եկեղեցին իբրեւ աղօթատեղի օգտագործելը պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի երազն էր:

Որդուոց Որոտմանի վերանորոգման աշխատանքները կ’իրականացուին “Սթամպուլը 2010 թուականի Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք” ծրագիրին ծիրէն ներս: Ծախսերուն 70% յատկացուցած է պետութիւնը, իսկ միւս 30%` Գումգափուի հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամը: Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ ասիկա առաջին դէպքն է, որ Կառավարութիւնը կը ֆինանսաւորէ հայկական համայնքին պատկանող եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Վերանորոգման աշխատանքներուն համար յատկացուած է մօտ 1,5 միլիոն տոլար։

Վերաբացուելէն ետք՝ եկեղեցին պիտի շարունակէ ծառայել իբրեւ մշակութային կեդրոն` պահպանելով սրբավայր ըլլալու իր նշանակութիւնը: Այստեղ պիտի կատարուին եկեղեցական արարողութիւններ, եւ կայ մոմ վառելու յատուկ տեղ:

28.12.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ