Վալերի Պոյէր (Պուայէ) մահուան սպառնալիք կը ստանայ թուրքերէն

Ֆրանսայի «Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրէնքի հեղինակ Վալերի Պոյէր (Պուայէ-Ակունքի խմբ.) Թուրք կայքահէններու կողմէ իր կայքին վրայ յարձակումէն ետք, կը շարունակէ բազմաթիւ սպառնալիքներ ստանալ թուրքերէն: Պոյէր նախապէս BFM հեռուստաալիքին յայտնած էր, որ ան մահուան եւ բռնաբարութեան սպառնալիքներ կը ստանայ. «Այս բոլորը զիս մեծապէս կը ցնցեն: Իմ կարծիքովս պէտք է բողոքարկեմ: Այդպէս ալ պիտի ընեմ»,- ըսած է ան:

Պոյէր (Պուայէ-Ակունքի խմբ.), Ծննդեան իր արձակուրդը կէս ձգելով, ներկայացած է Փարիզի ոստիկանութիւն եւ բողոքի դիմում ներկայացուցած է: Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ եւ հեռուստաալիքներ ներկայ եղած են ոստիկանութեան շէնքին առջեւ: Պոյէրի facebook-ի էջին մէջ թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բազմաթիւ հայհոյանքներով լեցուն հաղորդագրութիւններ գրուած են:

Ըստ «Հուրրիէթ»ի՝ «Լէ Ֆիկարօ» թերթը, վկայակոչելով ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու փոխանցած տեղեկութիւնները, կը գրէ, թէ Պոյէր որոշ ժամանակով պիտի հսկուի ապահովական ուժերու կողմէն:

Իսկ «Սապահ»ի համաձայն՝ սպառնալիքներ ստացած է ո՛չ միայն Պոյէր, այլեւ անոր ընտանիքն ու Ֆրանսայի այլ խորհրդարանականներ։

27.12.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ