Ռուսաստանի Լիպերալ-Տեմոկրատական կուսակցութեան առաջնորդ Վլատիմիր Ժիրինովսկին յայտարարած է. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին մեր կուսակցութիւնը շատոնց արդէն կը խօսի եւ մենք կ’ողջունենք ֆրանսացի խորհրդարանականներու որոշումը: 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններուն զոհ դարձած է աւելի քան 1,5 միլիոն մարդ, եւ ատոր վրայ աչք փակելը ուղղակի սրբապղծութիւն է: 1915 Ապրիլի դէպքերը մարդկութեան պատմութեան ամէնէն մութ էջերն են: Ժողովուրդի նման դաժան ոչնչացում չէ եղած եւրոպական ու ասիական ոչ մէկ երկրի մէջ: Մօտ մէկ դար առաջ մարդոց ուղղակի ոչնչացում իրականացուած է ազգային հողի վրայ: Այսօր աշխարհը կը խօսի ժողովրդավարութեան մասին, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ընդունի հայերու ցեղասպանութիւնը»:
Ժիրինովսկիի կարծիքով՝ իրականացուած յանցանքը պէտք է ընդունի նաեւ ինքը՝ Թուրքիան, իսկ Հայաստանը պէտք է ետ ստանայ իր պատմական տարածքները:
Leave a Reply