Խումբ մը պոլսահայերու կողմէ Դեկտեմբեր 23ին հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը պախարակէ Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունուած օրինագիծին դէմ Թուրքիոյ ժխտական կեցուածքը եւ կը պնդէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ պաշտպանուած «կարծիքի ազատութիւն»-ը, իրականութեան մէջ ուրացումի ազատութեան պաշտպանութիւն է։ Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Հաղորդագրութիւնը, որ ստորագրուած է Առատ Տինքի, Կարօ Փայլանի, Հայկօ Պաղտատի, Մարգար Էսայեանի, Սիպիլ Չեքմենի, Թամար Նալճըի ու Թադէոս Պեպեքի կողմէ, կը պախարակէ նաեւ այն պնդումը, թէ խորհրդարանները պէտք չէ պատմութեան մասին վճիռ արձակեն։ «Եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն մենք այլեւս Հայկական Ցեղասպանութեան խնդիրին մէջ բան մը պիտի չկարենա՞նք սպասել Թուրքիոյ խորհրդարանէն. եթէ ասիկա ճիշդ է, ուրեմն ինչո՞ւ այսքա՛ն կը խանդավառուինք Տերսիմի մասին խօսուածներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդագրութիւնը նաեւ դիտել կու տայ, որ Թուրքիա երկար տարիներէ ի վեր կարծիքի ազատութեան պաշտպանութեան պատրուակին տակ ուրացումի քաղաքականութիւն կը մշակէ։ Այնտեղ հարց կը տրուի, թէ ցեղասպանութեան ուրացումը գոնէ բարոյական տեսակէտէ յանցագործութիւն մը չէ՞։
Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցում կը կատարուի նաեւ Հրանդ Տինքի խօսքերէն, ու կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա իրեն ի նպաստ գործածեց Տինքի այդ խօսքերը։ Հաղորդագրութեան հեղինակներն ալ կը հաստատեն, թէ այս խնդիրին քննարկումը այլեւս պէտք է առնուի երրորդ երկիրներու ձեռքէն ու անոր լուծումը պէտք է փնտռուի Թուրքիոյ մէջ:
24.12.11
Tert.am
Leave a Reply