Արամ Ա. կ՛ողջունէ Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ` Դեկտեմբեր 23ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի յղուած նամակով մը Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց մէկ օր առաջ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը: Ստորեւ՝ այդ նամակը.

«Որպէս կաթողիկոս Մեծի տանն Կիլիկիոյ` յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Ֆրանսայի խորհրդարանին առած վերջին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող: Կ՛ողջունեմ նաեւ ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին:

Կիլիկիոյ հայերը յատկապէս զոհ դարձան Ցեղասպանութեան եւ որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարտադրուեցաւ ձգել իր դարաւոր վայրը Կիլիկիոյ մէջ եւ հաստատուիլ Անթիլիասի մէջ` Լիբանան:

Արդարեւ, Ֆրանսան մարդկային արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց ու արդարութեան նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մնայ տիպար այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք տակաւին կը փորձեն ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ժխտողական վերաբերումը այս պատմական իրողութեան նկատմամբ պատճառ կրնայ հանդիսանալ նոր ցեղասպանութիւններու: Հետեւաբար` միջազգային համայնքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է որդեգրէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, որ կը շարունակէ մնալ անպատիժ:

Ձեր եւ Ֆրանսային դիրքը, պրն. նախագահ, Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ կը մարմնացնէ Ֆրանսայի եզակի դերը միջազգային համայնքէն ներս՝ ի պաշտպանութիւն մարդկային իրաւունքներու:

Հաճեցէք, պրն. նախագահ, ընդունիլ հայ ժողովուրդին եւ անձնապէս մեր խոր շնորհակալութիւնը՝ Ֆրանսայի ժողովուրդին ու ֆրանսական պետութեան որդեգրած այս քաջ կեցուածքին համար»:

http://asbarez.com/arm/118646/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ