Ֆրանսացի քաղաքական դէմքեր խստօրէն կը հակադարձեն Անգարայի սպառնալիքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի կառավարութեան եւրոպական հարցերով նախարար Ժան Լէոնեթի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21-ին յստակօրէն կոչ ըրած է Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ դէմ յանդիման գալու իր սեփական պատմութեան հետ: Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, Լէոնեթի նշած է, որ Թուրքիա պէտք է պատմական փաստ համարէ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Ժողովուրդները պէտք է համարձակ ըլլան եւ ընդունին իրենց պատմութիւնը: Արդէն հարիւր տարի անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն. պատասխանատուները մահացած են, եւ պարզապէս կը մնայ ընդունիլ սեփական պատմութիւնը: Արդեօք մեծ ազգերը չե՞ն, որոնք կարող են համարձակութեամբ նայիլ սեփական պատմութեան», հարց տուած է ֆրանսացի նախարարը:

Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագծի ընդունման նախաձեռնուած է իշխող կուսակցութեան կողմէ՝ ֆրանսահայերուն քուէները ապահովելու նպատակով՝ Ժան Լէոնեթի հարցուցած է, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ նաեւ ընդդիմութիւնը կ՛աջակցի այդ օրինագիծին:

Օրինագիծը, Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները՝ ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուրացողները մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եուրօ տուգանքի կը դատապարտէ:

Իր կարգին Ֆրանսայի իշխող կուսակցութենէն պատգամաւոր Էրիք Սիոթի յայտարարած է. «Ֆրանսա ժողովրդավար երկիր է եւ կարիքը չունի ուրիշ երկիրի մը խորհուրդներուն: Փարիզի համար որեւէ սպառնալիք անընդունելի է», մինչ ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Ժան Մարք Էյրոն յայտարարած է, թէ օրինագիծի վաւերացումով Ֆրանսա նպատակ չունի հարուածել Թուրքիան, այլ կ՛ուզէ ուղղել պատմական սխալ մը:

«Օրինագիծին նպատակը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է եւ ոչ թէ որեւէ երկիրի մը դէմ պատժական քայլեր առնելը»,-ըսած է օրինագիծը խորհրդարանին ներկայացուցած պատգամաւոր Վալերի Պուայէ:

«Ես ցնցուած եմ օրինագիծին դէմ թրքական կողմի գործողութիւններով: Կը թուի, թէ ներկայիս Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը հիմնուած է սպառնալիքներու վրայ, ինչ որ հինցած աշխատելաոճ մըն է դիւանագիտութեան մէջ: Թուրքիոյ վերջին քայլերը Ֆրանսայի քաղաքականութեան միջամտելու համազօր քայլեր են: Անոնք կրնան միայն ամրապնդել օրինագիծի վաւերացման շուրջ խորհրդարանականներուն կարծիքներն ու կամքը»,-ըսած է ան:

Միւս կողմէ` Պաքուի մէջ տեղի ունեցող «Արդիականացման քաղաքականութիւնը, նոր տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Մուսթաֆա Քապաքչըի արտասանած խօսքին ընթացքին, խորհրդաժողովին մասնակից ֆրանսացի երեսփոխան Ռաշիտա Տաթի լքած է սրահը։

Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քապաքչը, իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին, պնդած է, որ պատմութեամբ պէտք է զբաղին պատմաբանները։

Լրագրողները մօտեցած են ֆրանսացի երեսփոխանին եւ հարցուցած, թէ ինչո՞ւ լքած է սրահը, սական ան որեւէ բացատրութիւն չէ տուած։

http://asbarez.com/arm/118402/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ