Ֆրանսայի հետ քաղաքական բոլոր յարաբերութիւնները կը կասեցնենք. Էրտողան

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունելէն ժամեր ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչին հետ, ապա անոնց համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն ըսաւ.

«Իբրեւ հակադարձ օրինագիծի ընդունման` մենք կը սահմանենք հետեւեալ պատժամիջոցները.

-Ֆրանսայի հետ քաղաքական ամէն տեսակի յարաբերութիւնները կը կասեցնենք. ասկէ ետք Ֆրանսայի վարած քաղաքականութեան համաձայն` հանգրուան առ հանգրուան կեանքի պիտի կոչուին նոր պատժամիջոցները։

-Առ այժմ Փարիզի մեր դեսպանը ետ կը կանչենք. յետ այսու երկու երկներու միջեւ իրականացուելիք փոխադարձ այցերը, խորհրդաժողովները, գիտական գործունէութիւները կը կասեցուին,

–Թուրքիոյ օդային տարածքը փակ պիտի ըլլայ ֆրանսիական ռազմաօդային ուժերուն համար. Ֆրանսային ռազմական օդանաւերու իւրաքանչիւր թռիչքի համար արտօնութիւն պէտք է առնուի,

-Եւրոմիութեան ծիրէն ներս մեր համագործակցութենէն զերծ պիտի մնայ Ֆրանսան, 

-Պիտի արգիլուի ֆրանսական ռազմածովային ուժերու նաւերու մուտքը Թուրքիայի ջրային տարածք,

-Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը դադեցուին հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը,

-Թուրքիա պիտի չմասնակցի 2012-ին կայանալիք Թուրքիոյ եւ ֆրանսայի տնտեսական նախարարներու նիստին»:

Ապա էրտողան աւելցուց` ըսելով. «Ընդգծելով կ’ուզեմ յայտնել, որ սա առաջին հանգրուանն է. առանց երկմտելու այս բոլորը պիտի իրագործուին եւ դէպքերու զարգացումներու ընթացքին նոր կարգադրութիւններ պիտի դրուին օրակարգի վրայ։

Մենք հպարտ ենք մեր պատմութեամբ, մեզի նեղ կացութեան մատնելու պատմոււթիւն չունինք, մենք բացինք մեր բոլոր արխիւները։ Պատմութիւնը խորհրդարաններու մէջ չի գրուիր, քուէարկութիւններով պատմութիւնը կրնայ խեղադիւրուիլ, իսկ պատմութիւնը զինք խեղադիւրողները չի ներեր»։ 

http://tert.am/hy/news/2011/12/22/erdogan/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ