Հաւանական է, որ Ֆրանսիայի օրինակը ընդունին նաեւ ԵՄ անդամ միւս երկրները. Կիրօ Մանոյեան

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը Ֆրանսայի Ազգային ժողովի կողմէն կամրապնդէ հայ-ֆրանսական յարաբերություները, Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան՝ մեկնաբանելով Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ընդունած նախագիծը:

«Սա հայկական կողմի յաղթանակն է: Իսկ եթէ օրինագիծի ընդունումը ազդէ թուրք-ֆրանսական յարաբերություններուն վրայ, ապա ան երկարատեւ բնոյթ չ’ունենար: Չնայած Թուրքիան անընդհատ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ, սակայն այնտեղ ալ կա հակառակ տեսակէտ: Այսինքն` այդ վատթարացող յարաբերութիւնները աւելի շատ խորհրդանշական բնոյթ պիտի կրեն, քան գործնական»,-ըսաւ Մանոյեան:

Ան այն կարծիքը յայտնեց, որ Ֆրանսայի օրինակը, հնարաւոր է, որ որդեգրեն Եւրամիութեան միւս անդամ երկրները: «Յատկապէս խօսքը այն պետութիւններու մասին է, որոնք արդէն ընդունած են ցեղասպանութիւնը»,– նշեց Մանոյեան։

Յիշեցնենք, որ այսօր Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն համաձայն Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն կը սպառնայ մինչեւ մէկ տարուան ազատազրկում եւ 45.000 եուրօ տուգանք։ Օրինագիծը Մարտին պէտք է քննարկուի Վերին պալատի՝ Ծերակոյտի մէջ։

http://tert.am/hy/news/2011/12/22/kiromanoyan/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ