ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ «VIZA» նուագախումբին հետ համագործակցաբար ու «Broadcause» համացանցային կայքին միջոցաւ, Դեկտեմբեր 5էն սկսեալ նախաձեռնած է համացանցային արշաւի մը, որուն նպատակն է Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ստացուծքներու վերադարձը ապահովել:
Արշաւին միանալու համար այցելել www.broadcause.com/Armenian-National-Committee-of-America կամ www.broadcause.com/Viza կայքէջերը:
Յայտնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը Երեքշաբթի` Դեկտեմբեր 13-ի երեկոյեան, վաւերացուց կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ հայկական եւ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներն ու եկեղեցական կալուածներն ու ստացուածքները վերադարձնել իրենց պատմական իրաւատէրերուն, թոյլատրել անոնց մէջ հոգեւոր արարողութիւններ ու նորոգութիւններ կատարել ու վերջ տալ կրօնական խտրականութիւններուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ կապ կարելի է հաստատել ընկերային ցանցերու հետեւեալ հասցէներով՝
facebook.com/ancagrassroots, twitter.com/anca_wr կամ
ancawr.wordpress.com:
http://asbarez.com/arm/118590/
Leave a Reply