«Մուսա լերան 40 օրերը» վէպին անգլերէն ամողջական տարբերակը պիտի հրատարակուի

Յառաջիկայ տարուան Յունուարի կիսուն տրամադրելի պիտի ըլլայ «David R. Godine» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուող «Մուսա լերան 40 օրերը» հատորին անգլերէն նոր եւ ամբողջական թարգմանութիւնը:

Ֆրանց Վերֆելի կողմէ գերմաներէնով գրուած «The Forty Days of Musa Dagh» հատորին անգլերէն առաջին թարգմանութիւնը կատարած էր Ճեֆրի Տալոփ, որ հրատարակիչին սեղմումներուն պատճառով, յատկանշական կրճատումներու դիմած էր՝ թարգմանութենէն դուրս ձգելով ամբողջական գործին գրեթէ քառորդը:

Նոր հրատարակութիւնը հիմնուած է այդ թարգմանութեան վրայ. անոր ամբողջացումը եւ վերամշակումը կատարած է Ճէյմզ Ռէյտըլ, իսկ անոր յառաջաբանը գրած է Վարդան Գրիգորեան:

918 էջնոց թղթակազմ այս հատորին սակը 22.95 տոլար է: Հրատարակիչին հասցէն է՝ info@godine.com:

http://asbarez.com/arm/118458/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ