Հակառակ Թուրքիոյ ընդդիմութեան` Ֆրանսայի կառավարութիւնը 1915ի Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծին առաջարկը անցուց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի օրակագ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրրիէթ» թերթը։
Ֆրանսայի կարգ մը խորհրդարանականներ, ուղղակի «Հուրրիէթ» թերթի հարարցումներուն պատասխանելով, կ’ըսեն, թէ իրենք անձնապէս դէմ են օրինագիծի վաւերացման, բայց խորհրդարանի մեծամասնութեան կարծիքին համաձայն օրինագիծը պիտի վաւերացուի:
Ըստ «Հուրրիէթ»-ի՝ թուրք խորհրդարանականներու, գործարարներու եւ կազմակերպութիւններու հոծ աշխատանքներն ու տեսակցութիւնները արդիւնք չտուին: Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ պատիժ սահմանող օրինագիծը անցաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի օրակարգ: Իշխանութեան եղող Ժողովրդական Շարժում կուսակցութեան Մարսէյի պարգամաւոր Վալերի Պոյէրի կողմէ առաջարկուած օրէնքին նախագիծը Ֆրանսայի խորհրդարանի օրինագիծեր մշակող յաձնախումբին կողմէ ընդունուած էր 7 Դեկտեմբերին:
Ֆրանսայի կառավարութիւնը, հակառակ Թուրքիոյ ճնշումներուն, երէկ` 20 Դեկտեմբերին, օրէնքի նախագիծը անցուց Ազգային Ժողովի օրակագ:
22 Դեկտեմբերին, ժամը 9.30ին, օրինագիծը Ազգային ժողովի գլխաւոր նիստին պիտի քննարկուի եւ քուէարկութեան պիտի դրուի: Ֆրանսայի ընդդիմադիր UMP եւ PS կուսակցութիւնները կողմ պիտի քուէարկեն: Կարգ մը պատգամաւորներ յայտնեցին, որ շատեր օրինագիծին կողմ են, իսկ ուրիշներ դէմ, բայց մեծամասնութեան կողմ ըլլալուն պատճառով օրինագիծը առանց դժուարութեան պիտի ընդունուի, յայտնեցին անոնք:
Վկայակոչելով անգլիական թերթեր` ըստ որոնց օրինագիծին քուէարկութենէն առաջ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու լարուածութիւնը կ’աճի։ Օրինագիծին ընդունման պարագային Թուրքիա «արեան դատ» պիտի բանայ ֆրանսայի դէմ,- կը գրէ «Թայմզ»: Ան մանրամասնութիւններ կը յաղորդէ Թուրքիոյ կողմէ Ֆրանսայի դէմ ուղղուած Ռուանտայի եւ Ալճերիոյ սպաննութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ կը թուարկէ Ֆրանսայի դէմ Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք պատժամիջոցները: «Թայմզ» նաեւ կ’ըսէ. «20 երկիրներ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած են, իսկ Ֆրանսան Ցեղասպանութիւնը մերժողներուն դէմ պատիժ սահմանող առաջին երկիրը կրնայ ըլլալ»:
http://tert.am/hy/news/2011/12/21/hourriet/
Leave a Reply