Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ

Ս. Ստեփանոս նորակերտ սեղանը
Գատըգիւղի բարեզարդուած Ս. Թագաւոր Եկեղեցին, 17 Դեկտեմբեր 2011, Շաբաթ, ժամը 16.00-ին, ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ի ներկայութեան հաւատացեալներու բազմութեան, որոնց միջեւ ուրախացուցիչ էր տեսնել Արամեան Ունճեան Վարժարանի սաները գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհի Լեռնա Քարաքիւթիւկի եւ ուսուցիչներուն։

Եկեղեցւոյ շրջափակի արտաքին դրան առջեւ Արամեան Ունճեան Վարժարանի սաները ժողովրդական զգեստներ հագած աղ ու հացով դիմաւորեցին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը։

Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ.,Գէորգ, Անդէաս, Կորիւն, Յուսիկ քահանայ հայրերը, Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան։

Դռնբացէքի սրտառուչ արարողութեամբ, Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ բանալիով թակեց վերանորոգուած եկեղեցւոյ դուռը, հայցելով Տիրոջ ողորմութիւնը։ Ապա հոգեւորականներն ու հաւատացեալներու բազմութիւնը միասնաբար մուտք գործեցին եկեղեցիէն ներս՝ §Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր¦ հոգեպարար շարականի երգեցողութեամբ։

Նորին Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, բեմի ճակատը, առաջադրութեան սեղանն ու պահարանը, աջակողմեան Ս. Թագաւոր Մատրան խորանը, բեմը եւ Ս. Մկրտութեան աւազանը, ձախակողմեան Ս. Կարապետ Մատրան խորանը եւ գաւիթի նորակերտ Ս. Ստեփանոս եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց սեղանները։

Ապա կատարուեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը քարոզեց, վեր առնելով տաճարի մաքրութեան կարեւորութիւնը եւ զայն ներկայացուց որպէս ցուցիչը հաւատքի կեանքին։ Դրուատեց եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի տարած աշխատանքը վերանորոգութեան գործի յաջողութեան մէջ։ Նաեւ բարեմաղթանքով յիշեց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Կազմին, Արտաշէս Տիւմէճեանի եւ Մկրտիչ Սէրթշիմշէքի ու որդւոյն՝ Սարվէն Սէրթշիմշէքի ներդրումը եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն։

Նախ քան վերջին օրհնութիւնը, Սրբազան Հայրը գնահատելով Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ երկու սպասաւորներ՝ Բրկ. դպիրներ Յակոբ Մէլիքեանի եւ Զարեհ Ազարեանի բազմամեայ վաստակը, իրենց շնորհեց ուրարակրութեան արտօնութիւն։

Արարողութեանց աւարտին, Թաղական Խորհուրդի ժողովասրահին մէջ Տիկնանց Կազմին կողմէ սարքուեցաւ թէյասեղան մը։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ