Ֆրանսա մեկնած Թուրքիոյ Խորհրդարանական եւ գործարարներու պատուիրակութիւնները՝ Ցեղասպանութիւը օրինականացնող օրէնքի ընդունումէն առաջ՝ վերջին անգամ կը զգուշացնեն Ֆրանսան: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Զաման» օրաթերթը։
Ֆրանսացիներու հետ իրենց տեսակցութիւններէն եւ բանակցութիւններէն ետք՝ խորհրդարանականներու, գործարարներու, միութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկան միասին: Թուրքիոյ Մեճլիսի Արտաքին յարաբերութիւններու նախագահ Վոլքան Պոզքըր վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուց Ֆրանսան: «Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ասկէ առաջ 1915ի դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցաւ: Այդ ատեն Թուրքիան պէտք եղածին պէս չկրցաւ հակադարձել, իսկ այսօրուան Թուրքիան նոյն Թուրքիան չէ»,- ըսաւ ան:
Ըստ Պոզքըրի՝ Թուրք-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ կարեւոր հանգրուանի մը մէջ: «Այսպիսի հանգրուանի մը մէջ այս նախագիծին ընդունումը անիմաստ, անտեղի եւ ժամանակավրէպ կը համարուի, ըսաւ ան եւ աւելցուց,- «2001ին Թուրքիան թէեւ հակազդեցութիւն ունեցաւ, բայց կտրուկ միջոցներու չի դիմեց: Այդ ժամանակ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ չէր, իսկ այսօր Թուրքիան աշխարհի ամէնէն մեծ տնտեսութիւններէն մէկն է, եւ տարածաշրջանին մէջ իր խօսքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի։ Այսօր Թուրքիան տնտեսական, քաղաքական համաշխարհային կարեւորութիւն ունեցող երկիր է: Հանրապետական Թուրքիան իր պատմութեան ամէնէն զօրաւոր ժամանակաշրջանը կ’ապրի: Այսպիսի կարողութեան տէր ուժի մը անցեալի ըրածները քննարկելը շատ մեծ սխալ է»:
«ԹՈՊՊ»ի (TOBB) նախագահ Րըֆաթ Հասարճըօղլու, իր հերթին ըսաւ, թէ Եւրոպայի թուրքերը պէտք է միաւորուին: «Մենք կազմակերպուելու դժուարութիւն ունինք»,- ըսաւ ան եւ աւելցուց,- «Ֆրանսայի 500 հազար հայերը երկրի օրակարգը այսքան զբաղ կրնան պահել, իսկ թուրք քաղաքացիները ոչ մէկ ձեւի աշխատանք չեն տանիր»:
«ԹՈՒՍԻԱՏ»ի (TÜSİAD) նախագահ Ումիթ Պոյնէր ըսաւ, թէ Ֆրանսայի մէջ ամէն ընտրութիւններէ առաջ Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ կու գայ: Իսկ «Ճէ.Հէ.Փէ.» (CHP) կուսակցութեան պատգամաւոր Հալուք Քոչ, Եւրոպայի բոլոր թուրքերուն միասնակամութեան կոչ ուղղելով ըսաւ,- «Միասնաբար պէտք է գործենք: Տարբեր մտածողութիւն կրնանք ունենալ, բայց՝ մէկ նպատակ: Մեր երկիրը մեզմէ սպասելիք ունի»:
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու բոլոր թուրքերուն կոչ ուղղեց միաւորուելու մէկ յարկի տակ, որ աւելի ազդեցիկ խօսք ունենան Եւրոպայի մէջ:
http://tert.am/hy/news/2011/12/20/europ-union/
Leave a Reply