ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի` Դեկտեմբեր 19-ի գիշերը, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանը մօտաւորապէս երեք ժամ տեւողութեամբ հաղորդեց հրապարակային ասուլիս մը, որ ամբողջովին նուիրուած էր Ֆրանսայի մէջ քուէարկութեան սպասող Ցեղասպանութեան օրինագիծին։ Յայտնի լրագրող ու հաղորդավար Ահմետ Հաքանի վարած ասուլիսին կը մասնակցէին նախկին դեսպան Էօզտեմ Սանպերկ, պատմաբաններ Էրկիւն Այպարս, Քեմալ Չիչեք եւ Ահմետ Քույաշ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի երիտասարդ ուժերէն՝ Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Կարօ Փայլան եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի նախկին դատաւորներէն Ռըզա Թիւրմեն։
Կարօ Փայլան կ՛առանձնանար 1915-ի պատահարներուն մասին իր պարզած յստակ ու համարձակ տեսակէտներով, մինչ միայն Ահմետ Քույաշն էր, որ մասամբ կը մօտենար անոր տեսակէտներուն։
Յայտագիրը, որուն գլխաւոր նիւթն էր քննարկել, թէ այսպիսի օրէնք մը կարծիքի ազատութեան դէ՞մ է, թէ ոչ, տուեալ նիւթէն աւելի կը զբաղէր այն հարցով, որ հայերուն ինչպիսի՞ վերաբերում ցոյց տրուած էր 1915ին եւ ինչպիսի՞ սպանդ մը կատարուած էր հայերուն դէմ։
Մասնակիցներէն ոչ մէկը կը ժխտէր, թէ իսկապէս ցաւալի սպանդ մը պատահած էր, բայց թրքական պաշտօնական տեսակէտին մօտիկ դիրքորոշում ունեցողները շարունակ կը յիշեցնէին, թէ ասիկա տեղահանութիւն մըն էր պարզապէս, եւ ոմանց տեսակէտով՝ տեղահանութիւնը յանցագործութիւն չէ: Հաղորդավարը պնդելով կը հարցնէր, թէ ճի՞շդ էր, որ այսպիսի տեղահանութեան մը կամ սպանդի մը կ՛ենթարկուէին նոյնիսկ այն հայերը, որոնք բոլորովին անմեղ էին։
Կարօ Փայլանի դիրքորոշումը շատ յստակ էր։ Ան համարձակօրէն պաշտպանեց այդ տեսակէտը, թէ 1915-ի պատահարը ուղղակի ցեղասպանութիւն մըն էր։
Բոլորն ալ բնականաբար համաձայնեցան, որ մօտիկ անցեալին կարելի չէր համարձակօրէն խօսիլ այս նիւթերուն մասին, այնպէս, ինչպէս կը խօսուի այսօր։ Կարօ Փայլան հոս եւս ըրաւ ուշագրաւ դիտողութիւն մը՝ ըսելով, որ երբ կը պնդուի, թէ Ֆրանսական օրինագիծը արգելք կ՛ըլլայ կարծիքի ազատութեան, պէտք չէ մոռնալ, որ կարծիքի ազատութեան կաշկանդում Թուրքիոյ մէջ ալ կար, եւ Հրանդ Տինք դատապարտուած էր, ապա սպաննուած՝ պարզապէս իր կարծիքը ազատօրէն արտայայտած ըլլալուն համար։
Կարօ Փայլան դիտել տուաւ նաեւ, որ մօտիկ անցեալին մարդիկ չէին կրցած միասնաբար իրենց ցաւը արտայայտել այս ողբերգութեան մասին, եւ կարեւոր է այդպիսի մթնոլորտ մը ստեղծելը, որպէսզի մարդիկ միասնաբար քննեն այդ հարցը` թեթեւցնելու համար այդ ցաւին տուն տուող ազդակը։
Այնուհետեւ օրակարգի վրայ դրուեցաւ ներողութիւն խնդրելու խնդիրը, որուն Թուրքիոյ պետութիւնը երբեք չէ մօտեցած։ Պետութեան դիրքորոշում պաշտպանողները շարունակ յիշեցուցին տարբեր պետութիւններու կողմէ կատարուած սպանդներ, որոնց համար անոնցմէ ոչ մէկը ներողութիւն խնդրած է։ Էօզտեմ Սանպերկ ըսաւ, որ կողմնակից չէ այն բանին, որ անհատներն իսկ ներողութիւն խնդրեն հայերէն, մինչ անոր ընդդիմացաւ Ահմետ Քույաշ, որ յիշեցուց, թէ ինք ներողութիւն խնդրողներէն մէկը հանդիսացած էր։ Քույաշ նաեւ յիշեցուց, որ երբ Ֆրանսա կը գտնուէր, իր բարեկամները զինք շատ կը նեղէին՝ ԱՍԱԼԱ-ի (Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակ) կողմէ գործուած սպանդներուն պատճառաւ, որոնց ընթացքին ինք ալ բարեկամներ կորսնցուց։ Բայց Քույաշ ըսաւ, որ ինք միշտ մտածած է եւ այսօր ալ կը մտածէ, թէ ԱՍԱԼԱ-ն իրականութեան մէջ որեւէ տարբերութիւն չունի Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութենէն, որովհետեւ երկուքն ալ ստեղծուած են որոշ դատի մը պաշտպանութեան համար, եւ այսօր ատոր շնորհիւ է, որ մարդիկ կը խօսին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։
«Հայկական կողմը ուրիշ ճար չունէր, եթէ ոչ՝ ստեղծել ԱՍԱԼԱ-ն», յայտնեց Քույաշ։
Քույաշ նաեւ յիշեցուց, որ 1915-էն ետք հայերէ պարպուած հողամասերուն վրայ տեղադրուեցան չերքեզներ եւ այլ ցեղախումբեր, որոնք անշուշտ գոհ էին այդ կարգադրութեամբ եւ երբե՛ք պիտի չընդունէին, որ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարուած է։
Քննարկումին հեռաձայնով մասնակցեցաւ նաեւ Հրանդ Տինքի եղբայրը՝ Օրհան Տինք, որ պնդեց, թէ ֆրանսական օրինագիծը վնաս կը հասցնէ կարծիքի ազատութեան եւ անոր դէմ կենալու կոչ ըրաւ սփիւռքահայութեան:
Շատ բան ըսուեցաւ, որպէսզի թեթեւցուի 1915-ի պատահարներու յանցագործական բաժինը. դիտել տրուեցաւ, որ հայերը ապստամբած էին, թուրքերն ալ կորուստներ ունեցած էին, պատերազմական վիճակ կար եւ այլն։ Այս բոլորին պատասխանելով՝ շատ կարեւոր եզրակացութիւն մը ըրաւ իրաւագէտ Ռըզա Թիւրմեն, որ ըսաւ, թէ ապստամբութիւն, պատերազմ կամ որեւէ արդարացում իրաւունք չի տար, որ կատարուի այն, ինչ կատարուեցաւ 1915-ին, հայ ժողովուրդին հետ, եւ աւելցուց, թէ ինք ատոր համար խորունկ ցաւ զգացած է միշտ:
Leave a Reply