Արմէն Քիւրքճեան
Հայոց ջարդէն՝ ցեղասպանութենէն քառասուն տարի յետոյ Թուրքիոյ մէջ նոր ոճիր մը եւս գործուեցաւ: Ոճիր մը, որուն ականատես եղան ոչ միայն Կ. Պոլսոյ ժողովուրդը ու թուրք լրագրողներ, այլ նաեւ IMF-ի ու World Bank-ի 8 Սեպտեմբերի ժողովին հետեւելու համար Կ. Պոլիս եկած օտար լրատուական գործակալութիւններու բոլոր ներկայացուցիչները:
6 Սեպտեմբեր 1955-ի երեկոյեան լաւ կազմակերպուած խուժան մը, Կ. Պոլսոյ զանազան թաղերուն մէջ, նոյն պահուն ոչ-մահմետական բնակիչներու բնակարաններուն, վաճառատուներուն եւ գործատեղիներուն վրայ յարձակեցաւ: Նման դէպքեր զուգահեռաբար պատահեցան նաեւ Զմիւռնիոյ (Իզմիր) մէջ:
6-7 Սեպտեմբերի այդ ոճիրը՝ բռնաբարում, թալան, սպանդ, գործադրուեցաւ օրուայ վարչապետին գիտակցութեամբ ու հրահանգով, ինչպիսին էր 1915-ի ջարդը:
«6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը», ինչպէս յետագային կոչուեցաւ, Հանրապետական Թուրքիոյ կառավարութեան հետապնդած՝ Թուրքիան թրքացնելու քաղաքականութեան արիւնոտ մէկ պտուղն էր:
* * *
Օսմանեան Կայսրութիւնը «Բազմազգ պետութիւն» մըն էր: Այդ շրջանին «Օսմանեան ազգ»-ի հասկացողութիւնը կար: Բոլոր ժողովուրդները եւ ցեղային միաւորումները միասնաբար կը համարուէին «Օսմանեան ազգ՝ օսմանցի»: Օսմանեան վերնախաւը, ի սէր կայսրութեան գոյատեւման, պետութեան «բազմազգ եւ բազմամշակութային» պատմուճանը հագցուցած էր` խորքին մէջ թուրքը նկատելով տիրապետող ազգ (millet-i hakime-միլլէթ-ի հաքիմէ):
3 Նոյեմբեր 1839-ին հռչակուած երկրին առաջին սահմանադրութեամբ (Թանզիմաթ Ֆէրմանը) օսմանցիին մարդկային իրաւունքները պետական երաշխաւորութեան տակ առնուեցան: Իւրաքանչիւր օսմանցի, առանց ազգութեան ու կրօնքի խտրութեան, յաչս օրէնքի իրարու հաւասար նկատուեցաւ: Մահմետական տարրը իր գերակայութիւնը կորսնցուց, ինչ որ որոշ անհանգստութիւններու տեղի տուաւ: Սահմանադրութիւնը պետական աւագանիին արգիլեց քմահաճ տնօրինութիւններ կատարել, որոնք կը կիրարկուէին պետութեան հիմնադրութեանէն ի վեր:
Այս սահմանադրութիւնը պատրաստուեցաւ` նկատի առնելով ֆրանսական սահմանադրութիւնը՝ գոհացում տալու Եւրոպային, յատկապէս Անգլիոյ եւ ոչ թէ օսմանցի ժողովուրդին:
Օսմանեան Կայսրութեան մէջ պետական պաշտօնէութիւնը եւ զինուորական ծառայութիւնը, որպէս պատուաբեր ասպարէզներ, վերապահուած էին թուրք ցեղին, թէեւ կայսրութեան վերջին շրջաններուն նախարարական աթոռ գրաւած հայեր ալ եղան: Ոչ-մահմետական ժողովուրդը առհասարակ կը զբաղուէր առեւտուրով, որով տնտեսական կեանքը՝ առեւտրական ու ճարտարարուեստի հրապարակը, մեծամասնութեամբ հայերու եւ յոյներու ձեռքն էր, մասամբ ալ՝ հրեաներու: Անոնք իրենց արդար վաստակով հարստացած էին:
Ոչ-մահմետական այր մարդիկ թէեւ չէին զինուորագրուեր, սակայն «պէտէլ»՝ փոխարժէք կը վճարէին: 1914-ին հռչակուած օրէնքով մը (Mukellefiyet-i Askeriye Kanun-i Muvakkati -Միւքէլլէֆիյէթ-ի Ասքէրիյէ Քանուն-ը Մուվաքքաթի–Զինուորական Պարտաւորութեան Առժամեայ Օրէնք) ոչ-մահմետականներն ալ զինուորագրուեցան:
Երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը փլուզումէ փրկելու համար Սուլթան Համիտի եւ Երիտթուրքերու որդեգրած պանիսլամիզը եւ պանթուրանիզմը իր սպասուած արդիւնքը չտուաւ, Պալքանեան պատերազմի պարտութենէն յետոյ (1913) ազգային՝ թրքական ոգի մը ստեղծելու աշխատանքին թափ տրուեցաւ:
Յաչս Իթթիհատ վէ Թէրաքքի կուսակցութեան Թուրքիան կը պատկանէր թուրքերուն եւ այդ Թուրքիան պէտք է ըլլար ոչ-թուրք տարրերէ մաքրուած Թուրքիա մը: Սա՛ Օսմանեան Կայսրութիւնը քանդելու եւ նոր թուրք պետութիւն մը հիմնելու ծրագիրն էր:
Թալաթ 1911-ին, Իթթիհատ վէ Թէրաքքի կուսակցութեան Սելանիկի մէջ գումարուած 4-րդ համագումարին պատգամաւորները կը վստահեցնէ, թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը թուրք պետութիւն մըն է: Արդէն իթթիհատականներուն համար օսմանցի ըմբռնումը թուրքի համապատասխան էր: Այդ ժողովին կեդրոնական վարչութեան անդամ կ՚ընտրուին թրքացման գաղափարախօսութեան հայրը՝ Զիեա Կէօգալփ՝ ծագումով քիւրդ եւ իր երկու գործակիցները: Այս համագումարի աւարտին հրատարակուած յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի թէ, եթէ օսմանցնելու քաղաքականութիւնը ժողովուրդին կարելի չըլլայ համոզելով կիրարկել տալ, զինուորական ոյժի գործածութեան կարելի է դիմել1:
Իթթիհատի կարկառուն դէմքերէն Տօքթ. Նազըմ գաղտնի ժողովի մը ընթացքին հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենայ. «Եթէ 1909-ի մեր Ատանայի եւ այլ վայրերու մէջ կատարել տուածին նման տեղական ջարդերով պիտի գոհանանք, օգուտի տեղ վնաս կը հասնի, մեր մաքրագործել առաջադրած ուրիշ տարրերը` արաբները, քիւրտերը կ՚արթնցնէ եւ վտանգը մէկի տեղ երեք կ՚ըլլայ. կը մեծնայ եւ գործադրութիւնը կը դժուարանայ….եթէ այս մաքրագործումը ընդհանուր եւ վերջնական պիտի չըլլայ, օգուտի տեղ վնաս կը բերէ. պէտք է հայ ազգը արմատախիլ ըլլայ, մեր հողին վրայ անհատ մը անգամ չմնայ, հայ անունը մոռցուի2»:
Տօքթ. Նազըմ նոյն գաղտնի ժողովին նաեւ ըսած է. «Ես թրքութիւնը կենդանացնելու համար ձեզի ընկեր, եղբայր եղայ, ես թուրքին, միայն թուրքին ապրիլը, այս հողերուն վրայ անկախ իշխող ըլլալը կը փափաքիմ: Ոչ-թուրք տարրերը թող ջնջուին, ո՛ր ազգութեան եւ ո՛ր կրօնին ալ պատկանած ըլլան: Այս երկիրը ոչ-թուրք տարրերէն մաքրել պէտք է»3:
Նոյն ժողովին կը մասնակցի նաեւ Տօքթ. Պահաէտտին Շաքիր: «…Մեր ազգային կալուածին մէջ միայն թուրք յառաջդիմութիւնը եւ բարգաւաճումը կրնանք արտօնել. հինէն մնացած ազգերը` անհարազատ եւ վնասակար խոտերը արմատախիլ ընելով մեր հողը մաքրելու ստիպուած ենք: Մեր յեղափոխութեան նպատակ-ծրագիրը այս է… զանազան տարրերէ բաղկացած Օսմանեան խառնուրդը ազգային դրոշմ չունի…» – կ՚ըսէ ան4:
Այդ ժողովին մասնակցած է նաեւ Ճաւիտ՝ Իթթիհատի կառավարութեան ելեւմտական նախարարը: Ան ալ հետեւեալ արտայատութիւնը ունեցած է. «Տնտեսական իշխանութիւնը հայու ձեռքն է, հայերէն ոչ ոքի մնալու պայմանաւ բնաջնջումը մեր ազգային քաղաքականութեան տեսակէտին որչափ որ ստիպողական պէտք մըն է, նոյնչափ ալ թուրքին տնտեսական իշխանութիւնը հիմնելու համար կարեւոր է, քուէի դիմենք»5:
Տակաւին Սուլթան Մահմութ Բ-ի օրով (1808-1838) առեւտրական հրապարակը թրքացնելու համար ոչ-մահմետական ու օտարահպատակ առեւտրականներու չափ գործունեայ չեղող մահմետական առեւտրականներուն տրուեցաւ այնպիսի մենաշնորհներ, որոնք ժամանակի ընթացքին պարտադրութիւններու տակ օտարներուն շնորհուած էին: Անոնք, հակառակ այս առաւելութիւններուն, առեւտրական հրապարակին վրայ զգալի ուժ մը չկրցին ըլլալ: Սուլթանական ֆէրմանը կրնար առաւելութիւններ շնորհել, բայց ոչ` առեւտրական ձիրք ու յատկութիւն:
Երբ այլեւս Օսմանեան Կայսրութիւը սկսած էր յետադիմել, եւ պատերազմները փոխանակ աւար ու հարստութիւն բերելու, մեծ ծախսերու դուռ կը բանային, ոչ-մահմետականին հարստութիւնը թալանելու եւ հրապարակը թրքացնելու գաղափարը դարձաւ պետական քաղաքականութիւն:
Առաջին Աշխարհամարտը թուրքին առեւտրական հրապարակը ազգայնացնելու, Փոքր Ասիան ոչ-մահմետական տարրերէն մաքրելու, յատկապէս արեւելեան նահանգներու մէջ մեծամասնութիւն կազմող հայերէն ձերբազատուելու առիթը տուաւ:
Եգէականի շրջանին «մաքրութեան» համար կազմուեցաւ գործադիր մարմին մը, որուն անդամներէն մին Իթթիհատ վէ Թէրաքքի կուսակցութեան ներկայացուցիչ Մահմուտ Ճէլալ (Պայար)ն էր` յառաջիկային Թուրքիոյ Հանրապետութեան երրորդ Նախագահը (1950-1960): Թէշքիլաթ-ը Մահսուսայի (Teşkilat-i Mahsusa – Յատուկ կազմակերպութիւն) շրջանի աւազակախումբերը 1914-ի գարնան սկսան յարձակիլ յունական գիւղերու վրայ եւ շրջանը սարսափի մատնել` ստիպելով յոյները Յունաստան գաղթելու: Ըստ Ճէլալ Պայարի տեղեկութիւններուն` 130 հազար, ըստ Իթթիհատ վէ թէրաքքի կուսակցութեան չորրորդ զօրաւոր մարդը եւ յետագային Թուրքիոյ Հանրապետութեան երեսփոխան (1931-1946) Հալիլ Մէնթէշէի՝ 200 հազար յոյներ Զմիւռնիոյ (Իզմիր) շրջանէն բռնագաղթի ենթարկուած էին: Ըստ Թէշքիլաթ-ը մահսուսայի հրամանատարներէն Էշրէֆ Քուշճուպաշըի` 1914-ին եւ պատերազմի առաջին ամիսներուն Էգէականի ափերէն մեկ միլիոն 150 հազար յոյն եւ հայ բռնագաղթի ենթարկուած էին, որոնց կէսը իրենց կեանքը կորսնցուցած էր աքսորի դառն պայմաններուն եւ ջարդի հետեւանք: Այս տուեալները համապատասխան էին Ճէլալ Պայարի հաշիւներուն, ինչպէս նաեւ Անգլիական եւ Ֆրանսական աղբիւրներու տուեալներուն: Երեսփոխանական ժողովին տրուած տեղեկութիւններու համաձայն` Թրաքիայէն ալ 300-500 հազար յոյներ երկրէն դուրս հանուած էին6:
Յոյներէն բռնագրաւուած կալուածներուն արժէքը կը հասնէր 5 միլիառ ֆրանքի, որ պետութեան այդ օրուայ ելեւմտացոյցին հինգ անգամն էր:
Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը Արեւմտեան Հայաստան՝ Օսմանեան Կայսրութեան Փոքր Ասիոյ արեւելեան վեց նահանգներուն մէջ կը բնակէր: Բնականաբար հայ դրամագլուխին ծանրութիւնն ալ հոն էր: Կային 153 արդիւնաբերական հաստատութիւններ, որոնցմէ 3-ը` օտարներուն, 20-ը` թուրքերուն եւ 130-ն ալ հայերուն կը պատկանէր: Մօտաւորապէս 10 հազար վաճառատուներուն 2500-ը` թուրքերուն, 7000-ն ալ հայերուն էր: Կային 5 թուրք ու 32 հայ սեղանաւորներ (սարրաֆ)7:
Ինչպէս որ առեւտրական կեանքը փայլուն վիճակ մը ունէր, նոյնպէս էր նաեւ կրթական կեանքը: Ըստ ռուսական «Նովոյէ վրէմեա – Նոր ժամանակներ» թերթին` կային 785 հայկական դպրոցներ՝ 82 հազար աշակերտութեամբ: Թուրքերը ունէին 150 դպրոց՝ 17 հազար աշակերտով8:
Ըստ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան` 1903-ին իր իշխանութեան սահմաններէն ներս գտնուող գաւառներուն մէջ կային 818 դպրոցներ` 82,695 երկսեռ աշակերտներով եւ 2,153 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով:
Պատերազմական վիճակէն նախ Իթթիհատի անդամները օգտուեցան: Ցորենի առեւտուրը «Իթթիհատ-Թէրագգը կուսակցութեան ականաւոր չարաշահներուն ձեռքը անցած էր: …Ժողովուրդին սնունդը կը գողցուէր… Այս նորելուկ գողերու խմբակին չարաշահութիւնները հրեաներու՝ այս նշանաւոր վաշխառուներու կողմէ կը ղեկավարուէր: Ամէն ինչ` փոխադրութեան միջոցներն ալ կը շահագործուէին: Առանց Իթթիհատ եւ Թէրագգը կուսակցութեան պաշտպանութեան՝ գործ տեսնել, ապրիլ, անկարելի դարձած էր»9:
Իթթիհատականներու այս գործունէութիւնը 1909-ի Սելանիկի համաժողովին մէջ առնուած որոշումներուն կիրարկումն էր:
«Իթթիհատ եւ Թէրագգը կուսակցութիւնը իրականին մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը քանդելու նպատակով «Սիոնիստ» հրեաներուն տաղանդէն ծնած էր: Իրենց այս նպատակը 1909-ի Սելանիկի մէջ գումարուած համաժողովին մէջ նախապէս Սելանիկի Կեդրոնը կառավարող անձնաւորութիւններու միջեւ որոշելով՝ գործադրութեան համար երդում տուած էին:
Որոշումները հետեւեալ չորս կէտերու մէջ ամփոփուած են.
Ա.- Յետ այսու Թուրքիոյ մէջ կրօնքի ազդեցութիւնը բեկանել:
Բ.- Թուրքիոյ հարստութեան աղբիւրները ընկերներու մէջ բաժնել:
Գ.- Մարգարէին փոխանորդութիւնը, իշխանութենէն զատելով, տկարացնել:
Դ.- Առիթը ներկայանալուն միապետութիւնը տապալել եւ հանրապետութիւն հռչակել»10:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահը՝ Ղազի Մուսթաֆա Քէմալ, 1927-ին, Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (Ճումհուրիյէթ հալք փարդիսի – CHP) 2-րդ համաժողովին կուտայ վեց օր տեւողութեամբ ճառ մը, ուր ան, ի միջի այլոց, կ՚ըսէ. «Բոլոր այս դէպքերուն, Թուրքիոյ Ազգ. մեծ Ժողովին, պետութեան Նախագահի, ընդ. հրամանատարի եւ Հանրապետութեան Նախագահի տիտղոսները ստանալէ առաջ, մեր [գաղտնի] կազմակերպութեան նախագահի հանգամանքով՝ այս պարտականութիւնը կատարելու ստիպուած էի»11:
Այդ օրերուն հրատարակուող «Միլլիյէթ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Աղա Օղլու Ահմէտի ստորագրած մէկ յօդուածը, ուր ան կը գրէ. «Այս գործերուն կատարումովը անգամ մըն ալ կը հաստատուի, որ մեր յեղափոխութեան ընթացքը շատ առաջ մշակուած ծրագրով մը նախատեսուած էր: Այդ ծրագրին հետզհետէ գործադրութիւնը այս անգամ իր ամենակարեւոր հանգրուանը կը բոլորէր»12:
Օսմանեան Կայսրութեան Առաջին Աշխարհամարտի մասնակցութեամբ կանխամտածուած աքսորը ու ջարդը գործադրուեցան:
Իթթիհատ վէ թէրաքքի կուսակցութիւնը, 1913-1914-ի «մաքրագործում»-ը յաջողութեամբ գործադրելէ ետք, 1915-ին յաւելեալ վայրագութեամբ սկսաւ հայկական նահանգներուն մէջ հայոց աքսորին, ջարդին: Աքսորեալներուն բոլոր ստացուածքները, յառաջիկային վերադարձուելու խոստումով, մի առ մի արձանագրուեցաւ: Կարաւաններուն մեկնումէն յետոյ անոնց կալուածները շրջանի թուրքերն ու քիւրտերը բռնագրաւեցին: Անոնք, տեղական պաշտօնեաներու մեղսակցութեամբ, մաս մը կալուածագրութիւններու մէջ կալուածատիրոջ անունի փոփոխութիւններ կատարեցին: Իրենք սեփականատէր դարձան: Կառավարութիւնն ալ տարբեր վայրերէ բերուած գաղթականները հայերէ պարպուած տուներու մէջ տեղաւորեց: Աքսորի ճամբուն վրայ Թէշքիլաթ-ը Մահսուսայի աւազակախումբերը պաշտպանութենէ զուրկ մարդոց վրայ յարձակեցան, զանոնք ջարդեինց, անոնց վրայի դրամը ու զարդեղէնները գողցան: Աքսորականներու երկիր վերադարձը արգիլուեցաւ: Մունտրոսի Զինադադարէն (30 Հոկտեմբեր 1918) յետոյ աքսորեալներէն վերադարձողներ եղան: Հայերուն եւ յոյներուն վերադարձին ու իրենց ստացուածքին տէր կանգնելուն արգելք ըլլալու համար կազմուեցաւ «Քուվվա-ի Միլլիյէ կազմակերպութիւն»-ը (Kuvva-i Milliye Teşkilatı):
Աքսոր եւ ջարդ գործադրուած վայրերու կառավարիչները վարձատրուեցան: Անոնց աւելի բարձր պաշտօններ տրուեցան: Թալաթի աներձագը՝ Ապտիւլհալիք (Րէնտա), ջարդի միջոցին Պիթլիսի կառավարիչն էր, իսկ Զմիւռնիոյ հրկիզման ու թալանին ալ՝ Զմիւռնիոյ: Ան հանրապետութեան շրջանին եղաւ տնտեսական, կրթական եւ պաշտպանութեան նախարար: Աւելի յետոյ նշանակուեցաւ Ազգային Ժողովի՝ խորհրդարանի նախագահ եւ շնորհիւ այդ պաշտօնին Աթաթիւրքի մահէն մինչեւ Իսմէթ Ինէօնիւի նախագահ ընտրուիլը՝ երեք օր հանրապետութեան նախագահի տեղակալ եղաւ: Այն պաշտօնեաները, որոնք խուսափեցան մասնակից ըլլալէ ջարդերուն, պատժուեցան, նոյնիսկ մահուան դատապարտուեցան:
Յայտնի մտաւորական ու պատմաբան Ահմէթ Րէֆիք Ալթընայ՝ նախկին սպայ մը, իր «Իքի Քօմիթէ Իքի Քըթալ» գրքին 45-րդ էջը հայկական ջարդերուն անդրադառնալով, ի միջի այլոց կը գրէ. «Հայ հարուստներուն տուները գնուած, արձանագրութիւններու փոխանակումը կատարուելէն անմիջապէս յետոյ, զանոնք չարչարելով դրամը իրենցմէ ետ առնուած է: Այս ողբերգութիւնները իմանալ ու չազդուիլ կարելի չէ…: Նման վարմունք մարդկութեան դէմ ոճիր է: Ոչ մէկ կառավարութիւն ոչ մէկ շրջանի այսքան վայրագ ոճիր մը չէ գործած»: Ան ջարդերու առնչութեամբ կատարած բացայայտութիւններուն հետեւանք քէմալականներու հալածանքին ենթարկուեցաւ, համալսարանի դասախօսական պաշտօնը կորսնցուց (1933), հիւանդացաւ, դեղօրայքի կարօտ մնաց եւ 1937-ին մեռաւ առանձնութեան մէջ:
Մուսթաֆա Քէմալ իր ընդհանուր հրամանատար հռչակումէն երկու օր յետոյ` 8 Օգոստոս 1921-ին, Թէքալիֆ-ի Միլլիյէ“(Tekalif-i Milliye, որ նաեւ կը կոչուի Օն էմիր- Տասը հրաման ) հրամանագրի 6-րդ հրամանով երկրէն հեռացածներուն պետական գանձին փոխանցուած ապրանքները պետութենէն բռնագրաւեց: Բանակին համար կարեւոր նկատուածները բանակին յատկացուեցաւ, մնացեալն ալ՝ զինուորներու ու պաշտօնեաներու ամսականնները վճարելու13: Այս գումարէն 1925-ին թոշակ յատկացուեցաւ Թալաթի եւ Պահաէթթին Շաքիրի ժառանգորդներուն:
Հայոց Ազգային Խորհրդին` 1919-ին Փարիզի մէջ կատարած հաշիւներուն համաձայն` ջարդի ընթացքին հայերէն բռնագրաւուած եւ գողցուած կալուածներու եւ իրերու գումարը կը հասնի 19 միլիառ ֆրանքի:
Տնտեսական նախարար Հասան Ֆէհմիի` 18 Յունիս 1924 թուակիր «Անատօլու կազէթէսի»-ին մէջ հրատարակուած յայտարարութեան համաձայն Զմիւռնիոյ շրջանի յոյներէն մնացած էր 10,678 տուն, 2,173 խանութ եւ վաճառատուն, 79 գործատեղի, 2 բաղնիք եւ 1 հիւանդանոց, իսկ հայերէն ու հրեաներէն՝ 1,600 տուն, 2,821 խանութ եւ վաճառատուն, 89 գործատեղի, 2 բաղնիք եւ 1 հիւանդանոց:
29 Հոկտեմբեր 1923-ին կեանքի կոչուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, չորս ամիս յետոյ` 1924-ի Մարտի 13-ին յայտարարուած «Լքեալ Գոյքեր»-ու (Emval-i Metruke – Էմվալ-ի Մէթրուքէ) օրէնքով ջարդուած, աքսորուած, երկիր վերադարձը արգիլուած քրիստոնեաներուն այս արձանագրեալ կալուածները պետականացուց, յետոյ ալ այդ կալուածները զանոնք արդէն իսկ յափշտակած մահմետականներուն շնորհեց որպէս հատուցում «քրիստոնեաներուն անոնց ըրած չարչարանքին»:
Բռնագրաւուած հայկական հարստութեան` թուրքերու փոխանցումով ծնունդ առաւ երկրի մը տնտեսական ողնայարը կազմող թուրք միջին դասակարգը:
Քեմալականները, Օսմանեան Կայսրութեան փլուզումէն մինչեւ 1923՝ հանրապետութեան հռչակումը, «ազգ-պետութիւն» հիմնելու նպատակով եւ քրիստոնիայ փոքրամասնութիւններէն փրկուելու քաղաքականութեամբ, առանց միջոցի մէջ խտրութիւն դնելու՝ ջարդ, բռնագաղթ…, ջանացին Փոքր Ասիոյ հողատարածքի ոչ-մահմետական տարրին գոյութեան վերջ տալ: Ի հեճուկս իրենց բոլոր ջանքերուն՝ երկրի մէջ մնացած հայերը, յոյները եւ հրեաները Լոզանի դաշնագրով (24 Յուլիս 1924) ստիպողաբար ընդունեցին որպէս փոքրամասնութիւն: Մինչ այդ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրող ժողովրդներու համար իսլամութիւնը հասարակաց եզր նկատող Անգարայի կառավարութեան Լոզանի խորհրդաժողովի ներկայացուցիչներուն ջանքերով ոչ-թուրք, սակայն մահմետական տարրը՝ քիւրտեր, զազաներ, չէրքէզներ, աբխազներ, պօշնակներ, արաբներ, օսէթներ, սուտանցիներ…., փոքրամասնութիւն հասկացողութենէ դուրս մնացին: Քանի որ մահմետական էին, պէտք է թուրք նկատուէին:
Օսմանեան Կայսրութեան հասկացողութեամբ օսմանեան հողատարածքին վրայ կար զանազան ազգերէ բաղկացեալ օսմանցի ժողովուրդը: Իսկ հանրապետական Թուրքիոյ համար ալ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող միակ ժողովուրդը թուրք ժողովուրդն էր:
Հայերու եւ յոյներու` հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գոյութիւնը իրենց համար անհանդուրժելի էր: Անոնց գոյութիւնը որդեգրուած «ազգային պետութիւն» հիմնելու եւ «ազգային ոգի» ստեղծելու ռազմավարութեան ներհակ էր: Լոզանի դաշնագրով իրենց գոյութիւնը երաշխաւորուած փոքրամասնութիւններուն թիւը նուազեցնելու, զանոնք առեւտրական հրապարակէն հեռացնելու ծրագիրը մշակուեցաւ եւ պատեհ առիթներով գործադրուեցաւ: Մինչեւ 1925-ի վերջը մօտ 200 հազար յոյն Յունաստանի թուրքերուն հետ փոխանակուեցաւ: 1922-1923-ի միջոցին Կ. Պոլսէն ու շրջակայքէն 188 հազար յոյներ եւ 150 հազար ոչ-մահմետականներ՝ մեծամասնութեամբ հայեր, արդէն Կ. Պոլսէն հեռացած էին:
Օսմանեան շրջանին խորհրդարանի մէջ ոչ-մահմետական երեսփոխաններ կային: Քէմալիսթ վարչաձեւին մէջ առաջին երեսփոխանական ժողովէն իսկ ոչ-մահմետականները դուրս ձգուեցան: Պերճ Քէրէստէճեան, 1950-էն առաջ, միակ հայն է, որ «ընտրուած էր» երեսփոխան` 1934-էն մինչեւ 1942, Աթաթիւրքի հրամանով, այդ ալ Աֆիոն Գարահիսարէն: Ասիկա պարզապէս ծառայութեան մը վարձատրութիւնն էր: Երբ Մուսթաֆա Քէմալ (Աթաթիւրք) 1919-ի Մայիսին Կ. Պոլսէն նաւով Անատոլու պիտի անցնէր, Պերճ Քէրէստէճեան զինք կը զգուշացնէ` տեղեկացնելով, թէ անգլիացիներ իր նաւը պիտի ռմբակոծեն: Քէրէստէճեան Քէմալականներու մղած անկախութեան պատերազմի միջոցին անոնց առողջապահական կազմածներ կը փոխադրէ, ինչպէս նաեւ 15000 ոսկի փոխ կուտայ, որպէսզի թնդանօթներու համար կրակող կազմածներ գնուին:
Նոյն շրջանին միւիս փոքրամասնութիւններէն ալ երեսփոխաներ ընտրուած են. յոյներէ` երկու եւ հրեաներէն` մէկ:
Հալք կուսակցութիւնը 1946-ի ընտրութիւններուն Պերճ Քէրէստէճեան-Թիւրքէրը Պոլսէն թեկնածու ներկայացուց, սակայն փոքրամասնութիւնները այդ ընտրութեան ի նպաստ նոր հիմնուած Տեմոքրաթ կուսակցութեան քուէարկեցին: Յաչս փոքրամասնութիւններու Հալք կուսակցութիւնը երիտթուրքերուն ծայրայեղ ազգայնական քաղաքականութեան շարունակութիւնը կը մարմնաւորէր:
18 Մարտ 1926 թուակիր ու 788 թիւ «Մէմուրին քանունու- Պաշտօնէութեան քօէնք»-ի 4-րդ յօդուածին համաձայն` հանրային հատուածին մէջ աշխատող պաշտօնեաները կամ թուրք, կամ ալ թրքացման յարմար անձեր պէտք է ըլլային:
Փոքր Ասիայէն հայուն, յոյնին հետքը ջնջելու նպաակով 1928-ին սկսան տեղանունները թրքացնել: Նոր քարտէսներ հրատարակուեցան: Բարեբախտաբար աշխարհացրիւ հին քարտէսները տակաւին գոյութիւն ունին: Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնացած հայոց 1639 եկեղեցիներուն եւ 210 վանքերուն` տեղացիներու կողմէ քանդումը անուղղակիօրէն քաջալերուեցաւ: Քանդիչները պատմական հնութիւնները պահպանելու օրէնքին պատժական յօդուածներուն չենթարկուեցան:
1930-ին շոգեկառքի ընկերութեան մէջ աշխատող փոքրամասնութիւններուն գործին վերջ տրուեցաւ:
Յունիս 4 1932 թուակիր «Թիւրքիյէտէ թիւրք վաթանտաշլարընա թահսիս էտիլէն սանաթ վէ հիզմէթլէր հաքքընտաքի քանուն-Թուրքիոյ մէջ թուրք քաղաքացիին յատկացուած արհեստ և ծառայութիւններու մասին օրէնք»-ով ոչ-մահմետականներէն շատեր անգործ մնացին: Անգործ մնացած Կ. Պոլսեցի յոյներ Յունաստան գաղթեցին:
Նացիներուն Գերմանիոյ մէջ 30 Յունուար 1933-ին գործի գլուխ գալէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ հակահրէական հոսանքը սաստկացաւ: Իտալիոյ եւ Պուլկարիոյ` Թուրքիոյ հանդէպ ցոյց տուած ոչ-բարեկամական արտայայտութիւններուն իբր հետեւանք Թրակիոյ ներքին ապահովութեան համար որոշուեցաւ տեղւոյն հրեաները տեղահանել: 21 Յունիս 1934-ին հռչակուեցաւ զանազան ընկերատնտեսական արգելքներ պարտադրող 2510 թիւ «Իսկեան քանունը- Բնակեցութեան օրէնք»-ը: Այս օրէնքին 11-րդ յօդուածը ներքին նախարարութեան իրաւունք կուտար այլազան տեղեր վերաբնակեցնել այն քաղաքացիները, որոնց մայրենի լեզուն թրքերէնէ տարբեր էր: Ըստ ներքին գործոց նախարար Շիւքրիւ Քայայի` այս օրէնքին նպատակը Թուրքիան վերածել էր երկրի մը, որուն քաղաքացիները նոյն լեզուն կը խօսէին, համանման կը խորհէին եւ միեւնոյն զգացումները ունէին: Այս օրէնքով քիւրտերն ալ բռնագաղթի ենթարկուեցան:
Թերթերու մէջ հրատարակուած հակահրէական գրութիւններով սաստկացող ժողովրդային հալածանքներու իբր հետեւանք 24 Յունիս 1934-ին սկիզբ առաւ հրեաներու` դէպի Կ. Պոլիս գաղթը: Կազմակերպուած խուժաններ Յուլիսի 3-ին Թրակիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ՝ Էտիրնէ, Չանաքքալէ, Ուզունքէօբրիւ, Քըրքլարէլի եւ Պապաէսքի, հրեաներուն տուներուն եւ վաճառատուներուն վրայ յարձակում գործեցին: Թալանեցին: Կիները բռնաբարեցին: Հրեաներու մօտ տարաձայնութիւնը այն էր, թէ 1915-ին հայերուն պատահածը այժմ իրենց ալ պիտի պատահէր14: Ըստ Էտիրնէի շրջանի հրէական համայնքին ղեկավարի տղուն, որ յառաջիկային ինքն ալ ղեկավար եղած է, եւ որոնց տան մէջ այդ օրերուն Աթաթիւրք մի քանի անգամ թղթախաղ՝ փոքէր խաղացած է, հօրը Աթաթիւրքին ղրկած հեռագրին առ ի պատասխան օրուայ Ներքին Գործոց Նախարար Շիւքրիւ Քայա Էտիրնէ կուգայ եւ դէպքերուն ծաւալման արգելք կ՚ըլլայ: Խնդրոյ առարկայ այս անձին կարծիքը այն է, թէ հրեաներով շրջապատուած, մինչեւ իսկ ատամնաբոյժը (Sami Ginzburg) հրեայ եղող Աթաթիւրք դէպքերէն տեղեակ չէ եղած, բայց երբ կացութեան իրազեկ կը դառնայ, դէպքերուն յառաջխաղացքը կը կանխէ: Ըստ այս անձին տուած տեղեկութեան` այս հարցերէն առաջ, երբ Էտիրնէի քաղաքապետութիւնը հրեաներուն քօշըր միս կտրելուն արգելք կ՚ըլլայ, հօրը Աթաթիւրքին ղրկած հեռագրէն յետոյ այս արգելքը կը վերցուի15:
Թրաքիոյ 15,000 հրեաներէն 13,000-ը, ստեղծուած կացութեան իբր հետեւանք, Կ. Պոլիս գաղթեց: Անոնցմէ ոմանք կրցան իրենց կահ-կարասին, տուները եւ վաճառատուները չափազանց չնչին գինով ծախել: Ուրիշներ այդ իսկ չկրցան ընել:
Հակահրէական դիրքաւորումը հրեայ երիտասարդներու մօտ սիոնիստական շարժումին տարածման պատճառ եղաւ: Մաս մը հրեաներ ալ անգլիական գերիշխանութեան տակ գտնուող Պաղեստին գաղթեցին, ուր յառաջիկային Իսրայէլի պետութիւնը հիմնուեցաւ:
Կառավարութիւնը մերժեց ստանձնել դէպքերու պատասխանատուութիւնը, ոչ ալ հատուցում վճարեց16:
ԱՄՆ-ի Կ. Պոլսոյ հիւպատոսարանի պաշտօնեաներէն Չարլս Է. Ալլընին (Charles E. Allen) պատրաստած 1 Օգոստոս 1938 թուակիր տեղեկատուութեան մէջ Թրաքիոյ դէպքերը հետեւեալ նախադասութեամբ կը ներկայացուին. «Թուրքը իր պատմութեան տեւողութեան, պարտքերուն տուած նեղութենէն ազատելու եւ արժէքաւոր ապրանքներու սեփականատէրը դառնալու համար տեղահանումէն՝ աքսորէն աւելի լաւ ձեւի մը գոյութիւն չունենալը սորված է»17:
1929-ին Անատոլուի մէջ մնացած հայերու դէմ հալածանք սկսաւ: Տիարպագըրի ու Խարբերդի (Հարբուրդ) հայոց հասկցուցին, թէ երկրէն հեռանալ «ի նպաստ իրենց» էր: Սեբաստիոյ (Սիվաս) մէջ հայոց արգիլուեցաւ քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլել, եւ կարգ մը արհեստներ իրենց ձեռքէն առնուեցաւ: Ըստ Ֆրանսական հիւպատոսարանի 1929-ին պատրաստած մէկ տեղեկատուութեան` այդ տարուայ կիսուն Սեբաստիոյ հայոց հարուստ դասակարգին մեծամասնութիւնը քաղաքէն հեռացած է: 1929-1930 թուականներուն աւելի քան 6,000 հայեր ստիպողաբար Սուրիա գաղթեցին: Անոնց` Սուրիական պատասխանատուներուն տուած տեղեկութեան համաձայն` պարտադրուած էին գաղթելու: Գաղթի ճամբուն վրայ յաճախ աւազակներու յարձակումին ենթարկուած ու կողոպտուած էին18:
«Իսքեան քանունը»-ին հռչակումէն (21 Յունիս 1934) մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ Անատոլուի հայերուն դէմ նոր հալածանք մը եւս սկսաւ: Ջանացին տեղացին գրգռել, որպէսզի «կեաւուր»-ը իր բնակավայրէն վտարողը տեղացին ըլլայ: Հայեր իրենց ստացուածքը չափազանց չնչին գիներով ծախեցին: Երկու ամսուայ ընթացքին 600 հայեր պարտադրաբար Կ. Պոլիս գաղթեցին: «Իսքեան քանունը»-ին հռչակումով այս բռնագաղթը օրինականացուեցաւ19: 1915-ին ալ նոյնը ըրած էր Երիտթուրքերու կառավարութիւնը:
13 Յուլիս 1939-ին Ալեքսանտրէթը (Իսքէնտէրուն-Iskenderun) Թուրքիոյ կցուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ Հաթայ (Hatay): Ալեքսանտրէթի ֆրանսական գրաւման շրջանին Կիլիկիայէն հոն հաստատուած 35,000 հայուն պարտադրեցին 18 ամսուայ մէջ երկրէն հեռանալ: Նոյնը պատահեցաւ Մուսա Լերան հայութեան:
Այս բոլորը «ազգ-պետութիւն» կազմելու, փոքրամասնութիւններէն փրկուելու քաղաքականութեան հետեւանքներն էին:
Երկրորդ աշխարհամարտը, երկիրը եւ տնտեսական հրապարակը թրքացնելու նպատակով մշակուած ծրագիրը գործադրութեան դնելու առումով, օգնութեան հասաւ երկրին նախագահ իթթիհատական Իսմէթ Ինէօնիւին, ինչպէս առաջին աշխարհամարտը օգնութեան հասած էր իթթիհատական եռեակին:
Երկրորդ Աշխարհամարտի Պալքանեան պատերազմի օրերուն Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (Ճումհուրիյէթ հալք փարթիսի- CHP) խմբակին 30 Նոյեմբեր 1940 օրուայ նիստին երեսփոխան Քեազըմ Քարապէքիր՝ Հայաստանի վրայ յարձակող քէմալական բանակներու հրամանատարը, ոչ-մահմետականներու նկատմամբ գոյութիւն ունեցող անվստահութեան մասին կը խօսի, որ կը ցոլացնէ քէմալական վերնախաւին մտածելակերպը. «Իսթանպուլին գրաւումը պէտք է նկատողութեան առնենք եւ ըստ այնմ կարգադրութիւններ կատարենք: Այսպիսի պարագայի մը հայերը, յոյները եւ հրեաները ի՞նչ պիտի ընեն… Պատերազմական կացութիւն մը նկատի առնելով` վնասակար տարրերը պէտք է Անատոլու փոխադրենք: Այս տարրերուն լքած տուները պէտք է Թուրքերուն տանք»20:
Երբ գերմանական բանակը Սովետական հողամասերու վրայ յառաջխաղացք արձանագրեց, Թուրք կառավարութիւնը 1941-ի Մայիսին Կ. Պոլսոյ փոքրամասնութեան՝ հայ, յոյն, նաեւ հրեայ, 25-45 տարու՝ 1894-1913 ծնունդ այրերը, առանց կանխաւ լուր տալու, փողոցներու, գործատեղիներու, դպրոցներու մէջ ինքնութեան ստուգում կատարելով, 48 ժամուայ մէջ հաւաքեց: Փոքր Ասիոյ ոչ-մահմետական այրերն ալ հաւաքուեցան: Յառաջիկային այս հաւաքումը կոչուեցաւ «Քսան դասակարգի ինուորագրում»: Հաւաքուածներուն մէջ երկու, նոյնիսկ երեք անգամ զինուորագրուած, զինուորական ծառայութենէն հազիւ արձակուած անձեր ալ կային: Անոնց զինուորական համազգեստ եւ զէնք չտրուեցաւ: Փոխան համազգեստի` անոնց տրուեցաւ 1939-ի Երզնկայի (Էրզինճան) երկրաշարժէն յետոյ Յունաստանէն որպէս օգնութիւն ղրկուած աղբահաւաքի հագուստները: Զինուոր նկատուելով հանդերձ, փոխանակ անոնցմով զինուորամարզութեան ջոկատներ կազմելու, ընդհանրապէս հայերով կազմուեցաւ «ամէլէ թապուրլարը» (amele taburlari- բանուորական գումարտակներ): Յոյները եւ հրեաները բանակի մէջ երկրորդական գործերու մէջ աշխատցուեցան: Բանուորական գումարտակները երկրին խորերը փապուղի բանալու (Զօնկուլտաք), քար կոտրելու, ճամբայ շինելու (Աֆեօն, Քարապիւք, Քօնեա, Քիւթահեա…) ղրկուեցան: Ցուրտ կլիմայի տակ ենթարկուեցան տաժանելի աշխատանքի: Իրենց հրամանատարները յաճախ «Իսթանպուլը եւ ձեր ընտանիքները անգամ մը եւս պիտի չտեսնէք» ըսին21: Տարաձայնութիւններու համաձայն` անոնց բնաջնջման համար պետական որոշում կար22: Հաւաքումի նպատակը շատ յստակ էր. աճելու, բազմանալու եւ տնտեսապէս արդիւնաւոր տարիքի մէջ գտնուողները «չէզոքացնել»: Անոնք, որոնք այդ անհանդուրժելի չարչարանքներուն չկրցին տոկալ, մեռան: Գերմանացիներուն Ստալինկրատի առջեւ կրած պարտութիւնը (18 Նոյեմբեր 1942) 20 դասակարգը ստոյգ մահէ ազատեց: Ձախողեցաւ Իսմէթ Ինէօնիւի` փոքրամասնութիւններու այր մարդիկը «չէզոքացնելու» ծրագիրը: Անոնք 27 Յուլիս 1942-ին ազատ արձակուեցան:
1942-ին ազգայնամոլ ու ցեղապաշտ շարժումը սաստկացաւ: Հակահրէական հոսանքը դարձեալ չափազանց զգալի դարձաւ: Գերմանական գրաւման տակ գտնուող Ռումանիայէն փախած 769 հրեաներ, «Struma» անուն նաւով, 1941-ի Դեկտեմբեր 15-ին Կ. Պոլիս հասան: Ուզեցին Թուրքիա ապաստանիլ: Վարչապետ Րէֆիք Սայտամ, նաւը երկու ամիս սպասցնելէ յետոյ, 24 Փետրուար1942-ին մերժեց անոնց խնդրանքը, ու նաւուն հրամայուեցաւ Ռումանիա վերադառնալ: Գերմանական ընդծովեաներ նաւը Սեւ Ծովու մէջ ընկղմեցին: Միայն մէկ հոգի ազատեցաւ: Վարչապետը «Թուրքիա ուրիշներու համար անբաղձալի նկատուած անձերուն բնակավայր չկրնար ըլլալ» ըսաւ23: Նոյն վարչապետի հրամանով 4 Մայիս 1942-ին Անատոլու Աժանսը (թրքական լրատուական գործակալութիւն) աշխատող 26 հրեայ գործէն արձակուեցան24: Մի քանի ամիս յետոյ, հակառակ լեզուի ազատութիւնը երաշխաւորող Լոզանի դաշնագրի 38-րդ յօդուածին, որպէս մշակուած ծրագրի գործադրութիւն` երեսփոխան մը Ազգային Ժողովի անպիոնէն «…մաս մը քաղաքացիներու հասարակաց վայրերու մէջ խօսած լեզուն թրքերէն չէ: Ո՛վ քաղաքացի, եթէ թրքահպատակ ես, թրքական լեզուին յարգանք ցոյց տուր: Դիմացդ գտնուող թուրքին զգացումները մի՛ վիրաւորեր» պոռաց: Ցեղապաշտներ, ազգայնամոլներ, պանթուրանիստներ փոքրամասնութիւններու թաղերուն մէջ «քաղաքացի’, թրքերէն խօսէ» բացագանչութիւններով թաղեցին սարսափի մատնեցին, նոյնիսկ ֆիզիքապէս ալ անհանգստացուցին:
Րէֆիք Սայտամի 7 Յուլիսին յանկարծական մահով նորանշանակեալ վարչապետ Շիւքրիւ Սարաճօղլու 1942-ի Նոյեմբեր 12-ին կիրարկութեան դրաւ 4305 թիւ օրէնքը՝ « Varlik Vergisi -Վարլըք Վէրկիսի»-ին` խորհրդարանի նիստին մասնակցող 350 երեսփոխաններուն միաձայութեամբ քուէարկած տխրահռչակ «Ունեւորութեան տուրք»-ը, որու նպատակը, պատերազմական վիճակէն օգտուելով, օտարահպատակները եւ փոքրամասնութիւնները ամենածանր տուրքերու ենթարկել, անոնց հարստութեան տիրանալ ու առեւտրական հրապարակը թրքացնել էր: Այդ օր 76 երեսփոխաններ քուէարկութեան չեն մասնակցած: Վարչապետ Սարաճօղլու իր կուսակցութեան գաղտնի մէկ նիստին կուսակցական երեսփոխաններուն վստահեցուցած է, թէ այս տուրքը յատկապէս փոքրամասնութիւններու համար պատրաստուած է, եւ շնորհիւ այս տուրքին` երկրին տնտեսական ոյժը, որուն տէրն էին փոքրամասնութիւնները, պիտի անցնէր թուրքերուն ձեռքը25:
Հարկատուները չորս դասակարգի բաժնեցին եւ ճշդեցին անոնցմէ ակնկալուած գումարին համեմատութիւնը:
M- Միւսլիւման (Մահմետական) – նախատեսուած տուրքին 12,5 առ հարիւրը:
G- Կայրը միւսլիւմ (Ոչ-մահմեական) – 50 առ հարիւրը:
D- Տէօնմէ (Մահմետականացած-Դաւանափոխ) – 25 առ հարիւրը:
E- Էճնէպի (Օտարահպատակ) – նախ` բաւական բարձր, ապա՝ 12,5 առ հարիւրը:
Օրէնքին 7-րդ յօդուածին համաձայն` իւրաքանչիւր նահանգի մէջ կազմուեցաւ տեղւոյն կուսակալին գլխաւորութեամբ հարկահաւաքներէ, Առեւտրական սենեակներու եւ թաղապետութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ յանձնախումբեր՝ ճշդելու իւրաքանչիւր անհատէ գանձելի գումարը: Կազմուած այս յանձնախումբերու անդամներէն ոմանք նախկին Իթթիհատականներ էին26: Պատրաստուած ցանկերէն Կ. Պոլսոյ ցանկը 17 Նոյեմբեր 1942-ին յայտարարուեցաւ: Ելեւմտական նախարարութենէ հարկահաւաքներուն ղրկուած հրահանգները «գաղտնապահութեան համար», որպէսզի ոչ ոքի ձեռքը փաստաթուղթ գտնուի, բերանացի տրուեցան27:
Հարկատուները, ըստ օրէնքին 11-րդ յօդուածին, զրկուած էին նշանակուած տուրքերուն առարկելու իրենց իրաւունքէն:
Տուրքի կապակցութեամբ վարչապետը յատկանշական յայտարարութիւններ ունեցաւ. «Այս երկրին ցոյց տուած հիւրընկալութենէն օգտուելով հարստացողները այս տուրքը պէտք է վճարեն: Անոնք, որոնք տուրքը վճարելէ կը խուսափին, օրէնքին բոլոր խստութիւններուն պիտի ենթարկուին»28: Կ. Պոլսոյ բոլոր թրքական թերթերը տուրքին ի նպաստ յօդուածներ հրատարակեցին:
1877-1878 ռուս-թուրքական պատերազմի նախօրեակին ալ ոչ-մահմետականներէն պահանջուած էր թրքական բանակին մեծ գումարներ նուիրել` պատճառաբանելով, թէ իսլամ զօրքը անոնց հանգստութեան, ինչքի եւ կեանքի ապահովութեան համար ճակատ պիտի երթար:
Փոխուած էր ժամանակը, պետութեան անունը, ինչպէս նաեւ՝ դերակատարները, բայց ոչ՝ մտայնութիւնը:
Ըստ 1935-ի մարդահամարի տուեալներուն՝ փոքրամասնութիւնը Կ. Պոլսոյ բնակչութեան 22 առ հարիւրը կը կազմէր, իսկ Զմիւռնիոյ՝ (Իզմիր) 6 առ հարիւրը: Հաւաքուած տուրքին ընդհանուր գումարը 317 միլիոն թրքական լիրա էր: Պոլսեցիէն գանձուածը այդ գումարին մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը 211 միլիոն էր, որուն 155 միլիոնը փոքրամասնութիւնները վճարած էին: Ուրիշ տուեալի մը համաձայն` ոչ-մահմետականներուն վճարած ընդհանուր գումարը 280 միլիոն էր:(29) Հայեր, յոյներ եւ հրեաներ, որպէսզի իրենց վիճակուած ահռելի տուրքը օրէնքին 12-րդ յօդուծով ճշդուած 15 օրուայ պայմանաժամին մէջ կարենան վճարել, ստիպողաբար իրենց կալուածները չնչին գիներով ծախեցին:
Գերմանիան, իր հետ առեւտրական կապեր ունեցող օտարահպատակներուն տուրքի լուծը թեթեւցնելու նպատակով, 5 միլիոն մարք ղրկեց: Օտար պետութիւններու ճնշումներով E դասակարգի անձերուն բարձր տուրքերը վերաքննութեան ենթարկուեցան: Անոնց ալ, նման M դասակարգի մարդոց, փոքր գումարներ նշանակուեցաւ:
Անոնք, որոնք նոյնիսկ իրենց տուրքը մասամբ չկրցին վճարել, իրենց կահն ու կարասին, եւ եթէ ունէին, անշարժ կալուածները բռնագրաւուեցան ու աճուրդով վաճառուեցան: Աճուրդով ծախուեցաւ 885 անշարժ կալուած՝ 330 բնակատեղի, 197 վաճառատուն, 190 հողաշերտ, 80 յարկաբաժին, 42 մթերանոց, 7 շէնք, 8 գործարան, 5 փուռ, 12 դաշտ, 2 բաղնիք, 1 վիլլայ, 3 փոխադրանաւ…: Եթէ գոյացած գումարը տուրքը վճարելու բաւարար չէր, ենթական աքսորուեցաւ: 2057 պարտական անձեր, աքսորուելու համար, զանազան վայրերու մէջ արգելափակուեցան: 1943-ի Փետրուարի 21-էն սկսեալ` 1400 ոչ-մահմետականներ, 1229-ը` Կ. Պոլսէն, մաս առ մաս, Կարնոյ (Էրզուրում) Եփրատ (Ֆրատ) գետի շուրջի Աշքալէ գաւառը աքսորուեցան: Աքսորեալները պարտաւոր էին իրենց ճամբու պարենաւորումը ապահովել: Նախապէս պատրաստուած ճամբարներու մէջ հաւաքուած այս աքսորեալները Իրան-Տրապիզոն մայրուղիի ձիւնը մաքրեցին, Կարին-Սեբաստիա (Էրզուրում-Սիվաս) ճամբուն վրայ հող փորեցին, քար կոտրեցին:
Երբ աքսորեալներու կառախումբերը Անգարայի կայանէն կ՚անցնին, Անգարացիներ, կայան հաւաքուած, զանոնք կը դիտեն այդպէս, ինչպէս պիտի դիտէին կենդանաբանական պարտէզի մը անասունները30:
«Զօրունլու Չալըշմա Քամբ»-երուն մէջ (Բռնի աշխատանքի ճամբարներ) 25 աքսորեալ մեռաւ: Շատերու առողջութիւնը խանգարուեցաւ:
Օտար երկիրներու թերթերուն մէջ «Անասունը իր չուանները քակեց», «Ունեւորութեան Տուրք. Թուրք բարբարոսութեան մէկ նոր օրինակը», «Ցեղապաշտ կիրարկում մը. Թուրքիոյ մէջ Ունեւորութեան Տուրք»….. խորագիրներով քննադատականներ հրատարակուեցան31: Անգլիական կառավարութիւնը քանիցս բողոքագրեր ղրկեց:
Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու ծագումով հրեայ դեսպանը՝ Շթայնհօրտ (Steinhord), արտաքին նախարարութեան ղրկած իր տեղեկատուութեան մէջ տուրքի կիրարկումը կը նկատէ ցեղապաշտական, տուրքերու քանակը ենթակային վճարելու կարողութենէն բարձր եւ Սարաճօղլուն կը դատապարտէ փոքրամասնութիւնները «ճզմել»-ով32:
Թէեւ ունեւորութեան տուրքը Լօզանի դաշնագրին փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն պաշտպանումի յօդուածին ներհակ էր, սակայն դաշնագիրը ստորագրող պետութիւնները կը պատերազմէին ու բողոքագիր ղրկելէ աւելի բան մը չէին կրնար ընել:
Ըստ ունեւորութեան տուրքի օրէնքին` 55 տարիքը անց հարկատուն ֆիզիքական աշխատանքի պիտի չենթարկուէր, սակայն 75-80 տարու անձեր ալ աշխատանքի ճամբարներ ղրկուեցան33:
Երբ տակաւին բոլոր տուրքերը չէին գանձուած՝ բռնագրաւուած անշարժ կալուածներուն աճուրդով վաճառքը չէր աւարտած, զարմանալի զուգադիպութեամբ, Գերմանիան պարտութեան մատնող երեքներու Եալթայի վեհաժողովէն (4-11 Փետրուար 1944) ամիս մը յետոյ ունեւորութեան տուրքի կիրարկման 4530 թիւ եւ 15 Մարտ 1944 թուակիր օրէնքով վերջ տրուեցաւ: Երեսփոխան մը նոյն օրը Ազգային Ժողովի մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «…այս օրէնքով զանոնք կը ներենք: Սակայն ժողովուրդը զանոնք ինչպէ՞ս պիտի ներէ: Անոնք մեր ժողովուրդին մէջէն պէտք է ելլեն ու երթան: … ժողովուրդը իր ոխը կ՚առնէ, զանոնք լինչ կ՚ընէ, կամ ի՞նչ կ՚ընէ, չեմ գիտեր34»:
Երկրորդ աշխարհամարտէն միջոց մը յետոյ, յարմար առիթներով, հայեր, յոյներ իրենց ծննդավայրը լքեցին ու երկրէն հեռացան: Ասիկա ունեւորութեան տուրքէն ակնկալուած արդիւնքն էր: Ասիկա Իթթիհատ վէ թէրրաքի կուսակցութեամբ սկսած եւ պետական քաղաքականութիւն դարձած երկիրը եւ տնտեսական հրապարակը փոքրամասնութիւններէն մաքրելու ծրագրին հետեւանքն էր:
Իշխող Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (Ճումհուրիյէթ հալք փարթիսի- CHP) պատրաստած մէկ տեղեկագրին համաձայն` մինչեւ 1950 Փոքր Ասիան մաքրուելու էր հրեաներէն ու քրիստոնեաներէն, եւ Կ. Պոլիսն ալ՝ մինչեւ 1953՝ Կ. Պոլսոյ գրաւման 500-ամեակը, հոն համախմբուած յոյներէն:
Երբ Սովետական Միութիւնը 1945-ի Դեկտեմբերին հայերու` դէպի Հայաստան գաղթը քաջալերող կոչ ըրաւ, տարուան մը մէջ՝ մինչեւ 1946-ի Դեկտեմբերը, 10 հազար Պոլսահայեր Սովետական դեսպանատուն դիմում կատարեցին:
Օրուայ Պատրիարքական տեղապահ Գէորգ Արք. Արսլանեան 18 Հոկտեմբեր 1946 թուակիր նամակով Գէորգ Զ. (1945-1954) Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կը տեղեկացնէր, թէ Թուրքիա գտնուող հայեր շատ կը փափաքին մայր հայրենիք գաղթել, բայց պէտք էր նախապատուութիւն տալ այն բազմահազար հայերուն, որոնք Անատոլուի զանազան գաւառներուն եւ առաւելապէս գիւղերուն մէջ ցիր ու ցան, դառն վիճակի մէջ կը գտնուէին:
Դիմողները Հայաստան տանելու համար Սովեթները նաւ չղրկեցին, ինչպէս ղրկած էին տարբեր երկիրներէն դիմողները Հայաստան փոխադրելու համար:
Ամերիկացիներու ստիպումներով, որպէս ժողովրդավարութեան ապացոյց, 18 Յուլիս 1945-ին հիմնուած Թուրքիոյ երկրորդ քաղաքական կուսակցութիւնը՝ Տեմոքրատ կուսակցութիւնը (Տեմոքրատ փարթի-DP) Ատնան Մենտերէսի վարչապետութեամբ 1950-ին գործի գլուխ եկաւ: Քաղաքական օդը այնքան ալ հեղձուցիչ չէր: Այդ օրերուն քաղաքական ծաղրանկարներ սկսան թերթերու էջերը զարդարել: Խորհրդարանի անդամ ընտրուեցան հայ մը, հրեայ մը եւ երկու յոյներ: Որոշ ու նշմարելի ազատութիւն մը կար: Նախորդ` Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան (CHP) միահեծան, ազգայնամոլ եւ բռնատիրական շրջանը կարծես վերջ գտած էր: Թերթերու մէջ մահմետական ժողովուրդը փոքրամասնութիւններու դէմ քրքրող հրատարակութիւնները դադրեցան: Ըստ ՏՓ կուսակցութեան ներքին կանոնագրութեան` բոլոր քաղաքացիները, առանց կրօնքի ու ցեղի խտրութեան, թուրք կը նկատուէին: Սակայն քաղաքացիութեան սահմանումը հասարակաց պատմութիւն եւ նման տեսլական ունենալ էր, ինչ որ Հալք կուսակցութենէն տարբերութիւն չունէր: Թէեւ փոքրամասնութիւններուն պետական պաշտօնեայ կամ համալսարանի դասախօս ըլլալը արգիլող գրաւոր օրէնք մը չկար, սակայն, ինչպէս Հալք կուսակցութեան, նոյնպէս ալ տեմոքրատներու շրջանին անոնց այդ տեղերը գործ չէր տրուեր: Կուսակցութեան գլխաւոր հիմնադիրները՝ Ատնան Մենտէրէս, Ֆուաթ Քէօբրիւլիւ, Րէֆիք Քօրալթան…. Հալք կուսակցութեան անդամներն էին եւ ունեւորութեան տուրքին ի նպաստ քուէարկած: Հիմնադիրներէն Ճէլալ Պայար այդ օրէնքի քուէարկութեան օրը ժողովէն բացակայած էր, ինպէս նաեւ` 75 ուրիշ երեսփոխաններ:
1952-ին ծագեցաւ Կիպրոսի հարցը:
Կիպրոս Անգլիական գաղթավայր մըն էր: Կիպրայոյները կղզին Յունաստանին կցելու (Enosis) մտադրութեամբ զինեալ ընդդիմութեան դիմեցին: Անգլիա, իր հանճարեղ դիւանագիտութեամբ, հարցը թուրքի-յոյնի հարցի վերածեց եւ 1954-ին Թուրք կառավարութիւնը Յունաստանի հետ բանակցելու համար Լոնտոն հրաւիրեց:
Երկրին մէջ ծագած տնտեսական դժուարութիւնները, ընդդիմադիր կուսակցութեան եւ մամուլի սուր քննադատութիւնները Մենտերէսի կառավարութիւնը դժնդակ կացութեան մատնած էին: Հարկաւոր էր ժողովուրդին եւ մամուլին ուշադրութիւնը ուրիշ հարցի մը վրայ կեդրոնացնել՝ զանոնք տարբեր հրատապ հարցով մը զբաղեցնել:
Կիպրոսի հարցը Մենտերէսի փրկութեանը հասաւ:
Կ. Պոլսոյ յոյները եւ հայերը Թուրքիոյ համար կասկածելի տարրեր էին: Անոնք երկրին թշնամիները կը նկատուէին: Առեւտրական հրապարակը տակաւին որոշ չափով այս փոքրամասնութիւններուն ձեռքն էր: Ձուլման քաղաքականութիւնը ակնկալուած արդիւնքը չէր տուած:
Կիպրոսի հարցը մենտերէսեան Թուրքիոյ տուաւ երկիրը թրքացնելու քաղաքականութեան կիրարկման այն առիթը, ինչ որ երկրորդ աշխարհամարտը տուած էր Իսմէթ Ինէօնիւին գլխաւորած հանրապետական իթթիհատականներուն:
Եկաւ-հասաւ 1955-ի Սեպտեմբերի 6-ը:
Պետական ռատիոկայանը կէսօրէ յետոյ` ժամը 1-ին, տեղեկացուց, թէ Աթաթիւրքին Սելանիքի մէջ ծնած տան պարտէզը յոյները ռումբ պայթեցուցած էին: Վարչապետին բարեկամ անձի մը հրատարակած «Իսթանպուլ էքսբրէս» լրագիրն ալ յետմիջօրէին 250 կամ 290 հազար տպաքանակով նոյն լուրը հրատարակեց: Այդ օրերուն այդքան մեծ տպաքանակ այդքան կարճ ժամանակի մէջ տպել տակաւին կարելի չէր35: Համապատասխան տպաքանակի համար թուղթ հայթայթել ալ բաւական խրթին հարց մըն էր: Կառավարութեան թելադրութեամբ 1954-ին կազմուած եւ պետութեան նիւթական աջակցութիւնը վայելող երիտասարդական միութեան մը՝ «Կիպրոսը թուրք է ընկերութիւն»-ին (Քպրըս Թիւրքտիւր Ճէմիյէթի-KTC) անդամները այս թերթը քաղաքի բոլոր շրջաններուն մէջ ժողովուրդին բաժնեցին: Այս կազմակերպութիւնը իր հիմնարկութեան շրջանին պետութենէն ստացած է նախ` 20 հազար լիրա, յետոյ ալ՝ 200 հազար36:
Յետագային բացայայտուեցաւ, թէ Անգլիոյ Աթէնքի դեսպանը տարի մը առաջ` Օգոստոսին, Լոնտոն ղրկած իր մէկ տեղեկագրին մէջ թելադրած էր ռումբ պայթեցնել37:
«Պիտի չզղջաք» թելադրութիւններով Անատօլուէն կանխաւ բերուած38, իրենց զանազան փոխադրական միջոցներ տրամադրուած եւ բահերով, բրիչներով, կացիններով, փայտերով զինուած խուժանը 20-30-ական խումբերու բաժնուած, յոյներու եւ հայերու տուներուն, խանութներուն, գործատեղիներուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն հասցէագրուած ցանկերուն տէր առաջնորդներով սկսաւ իր կործանարար առաքելութեան: Խանութներու երկաթեայ փեղկերը կոտրեցին, ցուցափեղկերուն ապակիները փշրեցին եւ ապրանքները փողոց թափեցին, կոխկռտեցին, կոտրեցին: Տուներու, նոյնիսկ շէնքերու չորրորդ, հինգերորդ յարկի բնակարաններուն մուտքի դռները կոտրեցին: Ներս խուժեցին: «Այսօր` ձեր ինչքը, վաղը` ձեր կեանքը»39 բացականչութիւններով տնեցիները ահ ու սարսափի մատնեցին: Կահ-կարասին պատուհաններէն դուրս նետեցին: Փողոցները կոտրուած սառնարաններով եւ դաշնակներով, ապակիի, հայելիի եւ պնակեղէնի փշրութներով, տնային զանազան առարկաներով, կտրուած, պատռուած հագուստի եւ կերպասի կտորներով, ծաղարաններու եւ նպարավաճառներու ուտեստեղէններով լեցուեցաւ: Այն, ինչ որ չկրցին կոտրել, փոխադրական միջոցներու ետին կապած փողոց-փողոց քաշկռտեցին: Թալանեցին, աւար տարին: Ինչ որ կրնային հետերնին տանիլ՝ հագուստ, կօշիկ, զարդեղէն, առին-տարին: Փողոցներէն անցնիլ քալելով կամ երթեւեկի միջոցներով գրեթէ անկարելի եղաւ: Եկեղեցիները պղծեցին: Եկեղեցապատկան գոյքերը կոտրեցին: Կարգ մը եկեղեցիներ հրկիզեցին: Վանքերը թալանեցին: Գերեզմանատուներու մէջ գերեզմանաքարերը կոտրեցին:
Դագաղները բացին, ոսկորները կոտրեցին, այրեցին: Նոր թաղուած դիակները դաշունահարեցին:
Ոստիկանութիւնը չմիջամտեց. մնաց դիտող: Խուժանին օգնող, անոնք խրախուսող ոստիկաններ ալ եղան40: 1960-ի յեղափոխութենէն յետոյ կայացած «Եասսը ատա»-ի դատաւարութիւններուն ընթացքին ի յայտ եկաւ, թէ ոստիկաններուն հրահանգուած էր միայն հրդեհի պարագային միջամտել41: Գիշերը ուշ ատեն, երբ քաղաքը անճանաչելի երեւոյթ մը ստացած էր, բանակը քաղաք իջաւ: Գիշերը փողոց ելլելը արգիլուեցաւ: Պարէտական կարգեր հաստատուեցան: Բանակի հրամանատարութիւնը զինուորական ատեաններ հաստատեց ու թերթերը ենթարկեց խիստ գրաքննութեան: Արգիլուեցաւ 6 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին յօդուած եւ նկար հրատարակել: Օտար թղթակիցներ, որոնք IMF-ի ժողովներուն հետեւելու եկած էին, գրաքննութեան չենթարկուելու եւ դէպքերու նկարները իրենց թերթերուն հասցնելու համար անմիջապէս երկրէն դուրս ելան:
Կ. Պոլսոյ մէջ 5104 անձ ձերբակալուեցաւ: Կառավարութիւնը առաջին հերթին դէպքերը վերագրեց ժողովրդային պոռթկումի, ապա համայնավարները մեղադրեց: Ձերբակալեալներուն մեծամասնութիւնը Դեկտեմբերին դատական որոշումով ազատ արձակուեցան: Բացայայտուեցաւ, թէ դէպքերը համագործակցաբար կազմակերպած էին իշխող կուսակցութիւնը, Ազգային ապահովութեան գրասենեակը, աշակերտական միութիւնները եւ «Կիպրոսը թուրք է ընկերակցութիւն»-ը:
Թէմբօ պարբերաթերթը իր 9 Յունիս 1991 թիւին մէջ հրատարակեց Զինուորական յատուկ գրասենեակի (Էօզէլ հարբ տայրէսի) նախկին պետերէն հանգստեան կոչուած զօրավար Սապրի Եիրմիպէշօղլուի հետ եղած հարցազրոյց մը, ուր ան կ՚ըսէ, թէ Զինուորական յատուկ գրասենեակը 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը շատ լաւ կազմակերպած էր եւ իր նպատակին ալ հասած42:
Դատարաններու արձանագրութիւններուն համաձայն` յարձակումի եւ թալանի ենթակուած էր 5317 վայր՝ 4214 տուն, 1004 աշխատատեղի, 73 եկեղեցի, մէկ սինակոկ, երկու վանք, 26 դպրոց, գործատեղի, պանդոկ… : Այս վնասուած շէնքերուն 59 առ հարիւրը կը պատկանէին յոյներուն, 17 առ հարիւրը՝ հայերուն եւ 12 առ հարիւրն ալ՝ հրեաներուն: Հասցուած վնասը, այդ օրուայ արժէքով, կը հասնէր մօտաւորապէս 150 միլիոն թրքական լիրայի՝ 54 միլիոն տոլարի43: Ուրիշ տուեալներ ալ այդ թուանշանը կը բարձրացնեն 69,5 միլիոնի: Համաձայն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գնահատման՝ վնասը հասած է 150 միլիոն տոլարի, իսկ յունական կառավարութեան հաշիւներով ալ՝ 500 միլիոն տոլարի:
Ուրիշ աղբիւրներ վերեւի ծանօթութիւններուն առընթեր կուտան յաւելեալ տեղեկութիւններ: Պարկի մը մէջ գտնուած էր 3 այրած դիակ: Մեռցուած էին 16 անձեր՝ ներառեալ 5 կրօնաւորներ: Բռնաբարուած էին մօտաւորապէս 50 յոյն կիներ՝ իրենց ընտանեկան անդամներուն ներկայութեան: Վիրաւորուած էին աւելի քան 500 հոգի, որոնցմէ 50-ը՝ ծանրապէս: Երկու գերեզմանատուներու վնաս հասցուած էր: Այրուած, փլցուած, վնաս հասցուած, թալանուած վայրերուն թիւը հասած էր 5622-ի:(44) Վիրաւորեալներուն մէջ կային 6 յոյն եպիսկոպոսներ: Բռնաբարուած 60 յոյն կին բուժման համար դիմած էր յունաց հիւանդանոցը45:
Ըստ յունաց արքեպիսկոպոսարանի տուեալներուն` 95 եկեղեցիներէն 61-ը ամբողջովին կամ մասամբ աւերուած, 8 հատը հրկիզուած, 1 յոյն-կաթոլիկ եկեղեցի քանդուած, 48 դպրոցներէն 36-ին փոքր կամ մեծ վնաս հասցուած էր: Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակուող չորս յունական թերթերուն գրասենեակները եւ անոնցէ տպարան ունեցող երկուքին տպարաններն ալ քանդուած էին46:
Մեծ կորուստի մատնուած գործատեղիները, վաճառատուները չվերաբացուեցան: Ուրիշներ իրենց գործը տեղացիներուն ծախեցին: Պետութեան եւ կառավարութեան հանդէպ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած 70 հազար քրիստոնեաներ՝ հայեր եւ յոյներ, 1955-62 թուականներուն իրենց ծննդավայրէն հեռացան: Կառավարութիւնը 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերով քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն ձերբազատուելու եւ տնտեսական կեանքը ազգայնացնելու իր նպատակին հասաւ: 1920-ական թուականներուն շուրջ 200000, 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու նախօրեակին ալ` մօտաւորապէս 110,000 նկատուած Կ. Պոլսոյ յոյն համայնքը քսաներորդ դարու վերջաւորութեան հազիւ 1,600 հոգի կը հաշուէ: Մինչդեռ քաղաքի բնակչութեան թիւը հասած է 15 միլիոնի: 200-250 հազար հաշուող հայ համայնքէն ալ մնացած է մօտաւորապէս 70 հազար հայ:
Բոլոր անոնք, որոնք ձգտեցան երկրին տնտեսական հրապարակը թրքացնել, բնաւ չխորհեցան, թէ թուրքը հարստացնել ուրիշ բան էր, զայն գործարարի մը ձիրքերով օժտել՝ տարբեր: Թուրքերը հազիւ 1970-ականներուն սկսան առեւտրական հրապարակին տիրել:
Բանակին 27 Մայիս 1960-ին կատարած պետական հարուածէն յետոյ տեղի ունեցած դատաւարութիւններու ընթացքին ի յայտ եկաւ, թէ Սելանիկի ռումբը տեղւոյն համալսարանի ուսանողներէն յունահպատակ Օքթայ Էնկին անուն թուրք մը պայթեցուցած, տեղւոյն ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած, դատուած, դատական ծախսերը թուրք կառավարութիւնը վճարած, երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուած եւ բանտէն փախցուելով Կ. Պոլիս բերուած էր: Թուրք կառավարութիւնը անոր ընտանիքին նիւթապէս օժանդակած եւ զինք ալ վարձատրած էր: Անոր նախ` պաշտօն տրուած էր Կ. Պոլսոյ քաղաքապետութեան կազմին մէջ, յետոյ ալ՝ Միլլի իսթիհպարատ թեշքիլաթը (MIT)-ին (Ազգային տեղեկութեան գործակալութիւն) շարքերուն մէջ: Յառաջիկային ալ նշանակուած էր Նեւշեհիր քաղաքին կուսակալ: Ան 1960-ի պետական հարուածէն յետոյ ձերբակալուեցաւ, սակայն շուտով ազատ արձակուեցաւ47:
«Իսթանպուլ էքսբրէս» լրագիրին արտօնատէրը յառաջիկային երեսփոխան ընտրուեցաւ: Թերթին հրատարկչութեան պատասխանատուն ալ միջազգային լրատուական հաստատութիւն մը հիմնեց: «Կիպրոսը թուրք է ըընկերակցութիւն»-ի երկրորդ նախագահն ալ, որ դէպքերու շրջանին MIT գործակալութեան անդամ էր, դէպքերէն տասը տարի յետոյ` 1965-ին, երեսփոխան ընտրուեցաւ ու մինչեւ 1980 մի քանի նախարարական աթոռներ գրաւեց:
50 տարի առաջ պատահած 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը թուրք պետութեան ընդգրկած` Թուրքիան թրքացնելու եւ տնտեսական կեանքն ալ ազգայնացնելու քաղաքականութեան արիւնոտ հանգրուաններէն մին է: Հակառակ այս անմարդկային իրադարձութիւններուն` Արեւմուտքը, յատկապէս ԱՄՆ-ը, Թուրքիան նկատած է ու տակաւին կը նկատէ արեւմտեան ժողովրդավարական չափանիշներով երկիր մը:
6-7 Սեպտեմբերի յիսնամեակին Կ. Պոլսոյ մէջ թրքական կազմակերպութիւն մը ցուցադրեց դէպքերուն 250 մեծահասակ անտիպ լուսանկարները, որոնք ցայտուն վկաներն են գազանացած ամբոխին` ոչ-մահմետականներուն հասցուցած վնասին: Նկարներուն մէջ կ՚երեւին խուժանին մաս կազմած, երկաթներով եւ կացիններով խանութներու ցուցափեղկերը քանդող արդիազարդ հագուստներով կիներ: Բազմաթիւ նկարներ կան, ուր խանութներ կը քանդուին ու կը թալանուին ի ներկայութեան ոստիկաններու ու զինուորներու:
Ցուցահանդէսը յատկանշական եղաւ ոչ միայն յիշողութիւններու մէջ անցեալը վերականգնող իր ցուցադրած ցնցիչ նկարներով, այլ նաեւ նկարներուն վրայ եղած յարձակումով: Կարգ մը շրջանակներ՝ աջակողմեան ազգայնամոլներ, որոնք հանդուրժողականութիւն չունին եւ ժողովրդավարութեան դէմ են, «Կա՛մ սիրէ այս երկիրը, կամ հեռացիր», «Թուրքիա թուրք է եւ թուրք պիտի մնայ», «Երբ մենք մանուկ էինք, Աթաթիւրքին տունը ռմբահարուեցաւ, մենք ապրեցանք այս բոլորը» կարգախօսներով ցուցասրահ խուժեցին, կարգ մը նկարներ պատռեցին, անոնց վրայ հաւկիթ նետեցին: Կ՚երեւի` իրենց կամ իրենց դաս տուողներուն յիշողութիւնը շատ տկար էր, որով մոռցած էին, թէ ռումբը թրքական կառավարութեան հրահանգով թուրք մը պայթեցուցած էր: Այդ ցուցահանդէսը թուրքեր կազմակերպած էին եւ նման իրենց` այդ թուրքերն ալ Թուրքիոյ մէջ ապրելու իրաւունքը ունէին:
Յայտնի է, թէ 50 տարուայ մէջ որոշ շրջանակներու գլուխները ոչ միայն չէին փոխուած, այլ իրենց նման համախոհներ ալ հասցուցած էին: Ցաւալին այն է, որ այդ յետադիմական փոքրամասնութիւնը շատ աւելի ձայն եւ քաղաքական ազդեցութիւն ունի, քան լայնախոհ շրջանակը: Այս անհանդուրժող, յետադիմական, թապուներու ետին պահուտած շրջանակը չկրցաւ ուրանալ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը, սակայն պատմութիւնը շրջելու աստիճանին հասած լրբութեամբ կը պնդէ, թէ հայկական ցեղասպանութիւն չէ եղած:
Միջազգային հանրային բացասական կարծիքը փոխելու միտումով, դէպքերէն միջոց մը վերջ, աղէտեալներուն անբաւարար՝ կորուստին մօտաւորապէս 30 տոկոսին համապատասխանող հատուցումներ եղան: Հատուցումները վճարելու նպատակով հանրապետութեան նախագահի հովանաւորութեամբ յանձնախումբ կազմուեցաւ, որ երկու տարուայ ընթացքին դրամատուներէ եւ մեծ հաստատութիւններէ մօտաւորապէս 9 միլիոն լիրա նուիրատուութիւն հաւաքեց48:
Հատուցում ստացողներէն գրաւոր հաւաստիք պահանջուեցաւ, թէ իրենց կորուստին լման փոխարժէքը ստացած էին ու յառաջիկային հատուցում պահանջելու համար որեւէ տեղ դիմում պիտի չկատարէին49: Յանձնախումբը, ի միջի այլոց, 3 հայ վարժարանի 150-500 լիրա եւ աղջկանց կարուձեւի վարժարանին ալ 2000 լիրա հատուցում տուաւ50:
1964-ին Կիպրոսի մէջ թուրքերու եւ յոյներու միջեւ կացութիւնն ալ աւելի պրկուեցաւ: Թուրք կառավարութիւնը, առիթէն օգտուելով, Թուրքիա բնակող յունահպատակները երկրէն դուրս հանելու համար, 1930-ին Յունաստանի հետ ստորագրուած` յունահպատակներուն Թուրքիոյ մէջ եւ թրքահպատակներուն ալ Յունաստանի մէջ աշխատելու իրաւունք տուող՝ «Իքամէթ, թիճարէթ վէ սէյրիսէֆանին» կոչեալ համաձայնութիւնը 16 Մարտ 1964 թուականին միակողմանի կերպով ջնջեց: Ութը օր յետոյ, առեւտրական հրապարակը թրքացնելու միտումով, ինը յունահպատակ գործատէրերու հրահանգուեցաւ 15 օրուայ մէջ իրենց գործատեղիները փակել: Առաջին հերթին 150 յունահպատակ գործատէրեր երկրէն դուրս հանուեցան: Այդ թուականին Կ. Պոլսոյ Առեւտրականներու սենեակին արձանագրուած 1000 յունահպատակ գործատէր կար: Կառավարութիւնը նախ` արգիլեց որ այս մարդոց անշարժ կալուածները ծախուին, ապա` անոնց դրամատուներու մէջի հաշիւները սառեցուց: Մինչեւ 1965-ի առաջին կէսը 12592 յունահպատակ երկրէն դուրս հանուեցաւ: Այս յունահպատակները թրքահպատակ յոյներու հետ տուն տեղ կազմած էին, որով մօտ 30 հազար յոյն Թուրքիայէն հեռացաւ:
Այսօր` 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերէն 50 տարի յետոյ, թէեւ ցաւերը որոշ չափով մեղմացած են, սակայն վէրքը տակաւին չէ բուժուած: 6-7 Սեպտեմբերի այս բարբարոսական դէպքերուն համար Թուրքիոյ կառավարութիւններէն ոչ մին ցարդ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է:
Թուրքիոյ օրէնքները, յատկապէս փոքրամասնութիւնները շահագրգռող օրէնքները, բաղդատմամբ Եւրոպական միութեան երկիրներու օրէնքներուն, չափազանց նախնական են: Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու սկսելու համար թէեւ կարգ մը օրէնքներ բարեփոխութեան ենթարկուեցան, սակայն անոնք կը մնան թուղթի վրայ: Ոմանք բնաւ չփոխուեցան: Երկրին մէջ տակաւին խօսքի, կարծիք յայտնելու ազատութիւնը չկայ: Որեւէ հարցով պետութեան տեսակէտին հակառակ արտայայտուող անձ ինքզինք դատարանը կը գտնէ:
Կայսրութեան շրջանին օսմանեան վերնախաւը կ՚ուզէր հաւատալ, թէ «օսմանցի» կոչուած ժողովուրդ մը կար: Այսօր ալ հանրապետական Թուրքիոյ մէջ տիրապետողը նոյն մտածելակերպն է, սա տարբերութեամբ, որ փոխանակ «օսմանցի» բառին, կը գործածուի «թուրք» բառը: Թուրքիոյ ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարը՝ Տէնիզ Պայքալ, որ անցեալին նախարարաց խորհուրդի անդամ ալ եղած էր, 2005-ի Նոյեմբերի 29-ին` իր կուսակցական խմբակի ժողովին կ՚ըսէ. «Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ միայն մէկ ազգ կայ եւ ատիկա ալ թուրք ազգն է»51:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը տակաւին չէ կրցած իւրացնել այն իրողութիւնը, թէ Թուրքիա միայն թուրքերուն երկիրը չէ: Հոն թուրքերու կողքին կան չէչէններ, ալեւիներ, լազեր, չէրքէզներ, ասորիներ, պոշնակներ, արաբներ, քսան միլիոն քիւրտեր,1915-ին մահմետականացած, առեւանգումով մահմետականացուած կամ մահմետականներէ որդեգրուած հայերու շառաւիղը (մէկ միլիոն, կամ աւելի) եւ Լոզանի Դաշնագրով պաշտօնապէս փոքրամասնութիւն նկատուող հայեր, յոյներ, հրեաներ: Այս բազմազգ իրողութիւնը առանց նկատի առնելու նման յայտարարութիւն կատարել նեղմտութիւն է, ազգայնամոլութիւն է:
Բոլոր անոնք, որոնք իրենց մայրենի լեզուն սորվելու առիթն ու կարելիութիւնը չեն ունեցած, որով ստիպողաբար թրքերէն կը խօսին, թուրք նկատել կարելի չէ: Բոլոր անոնք, որոնք մահմետական են ու թուրքին հետ իրենց կապը միայն ու միայն կրօնակից ըլլալու հանգամանքն է, անոնք ալ թուրք համարել կարելի չէ:
Օսմանեան Կայսրութեան փլուզման պատճառներէն մին թուրք վերնախաւին ազգայնամոլութիւնն էր: Այսօր հանրապետական Թուրքիոյ ղեկավարութիւնն ալ նման ընթացք որդեգրած է:
Մարտ 2006
Աղբիւրներ
1. Արսէն Աւագեան, Էրմէնիլէր վէ Իթթիհաթ վէ Թէրաքքի, Իշպիրլիղինտէն Չաթըշմայա (Հայերը ու Իթթիհատ եւ թէրաքքի-Համագործակցութենէ բախում), Արաս հրաարակչութիւն, Իսթանպուլ, 2005, էջ 89-91:
2. Մէվլան Զատէ Րիֆաթ, Օսմանեան Յեղափոխութեան Մութ Ծալքերը, Տօնիկեան Հրատարակչութիւն, Գ տպագրութիւն, Պէյրութ 1975, էջ 97, 98, Մէվլանէզատէ Րըֆաթ, Թիւրքիյէ Ինքըլապընըն Իչ Եիւզիւ, Փնար Եայընլարը, Իսթանպուլ, 1993, էջ 108 (Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է Հալէպի մէջ 1929-ին, արաբական տառերով: Քիւրտ ծագումով Մէվլանէզատէ Րըֆաթ Աթաթիւրքի հակառակորդ 150-ներուն մաս կը կազմէր: Մեռած է 1930-ին Հալէպ, ուր աքսորեալ կ՚ապրէր):
3. Նոյն, Հայերէնի մէջ` էջ 98, 99, իսկ թրքերէնի մէջ՝ 109:
4. Նոյն, Հայերէնի մէջ` էջ 99, իսկ թրքերէնի մէջ՝ 110:
5. Նոյն – Հայերէնի մէջ` էջ 101, իսկ թրքերէնի մէջ՝ 113: Տօքթ. Նազըմ, Ճաւիտ, Թալաթ Սելանիկ քաղաքի Սապէթայական (հրէութենէ իսլամութեան դարձածներ) համայնքին կը պատկանին:
6. Թանէր Աքչամ, Ինսան Հագլարը վէ Էրմէնի Սօրունու (Մարդկային իրաւունքները եւ Հայկական Հարցը), Իմկէ Եայըմլարը, 2002, էջ 191:
7. Արսէն Աւագեան, Էրմէնիլէր վէ Իթթիհաթ վէ Թէրաքքի, Իշպիրլիղինտէն Չաթըշմայա (Հայերը ու Իթթիհատ եւ թէրաքքի-Համագործակցութենէ բախում), Արաս հրաարակչութիւն, Իսթանպուլ, 2005, էջ 78:
8. Նոյն, էջ 81:
9. Մէվլան Զատէ Րիֆաթ, Օսմանեան Յեղափոխութեան Մութ Ծալքերը, Տօնիկեան Հրատարակչութիւն, Գ տպագրութիւն, Պէյրութ 1975, էջ 97, 98, Մէվլանէզատէ Րըֆաթ, Թիւրքիյէ Ինքըլապընըն Իչ Եիւզիւ, Փնար Եայընլարը, Իսթանպուլ, 1993, Հայերէնի մէջ` էջ 134, 135, իսկ թրքերէնի մէջ՝ 156,157 :
10. Նոյն, Հայերէնի մէջ` էջ 170, իսկ թրքերէնի մէջ՝ 198:
11. Նոյն – Հայերէնի մէջ` էջ 324:
12. Նոյն – Հայերէնի մէ`ջ էջ 324:
13. Թէֆիք Չաւտար, Թիւրքիյէ Էքօնօմիսինին Թարիհի 1900-1960, 2003, (Թուրքիոյ Տնտեսութեան Պատմութիւնը 1900-1960), էջ 146:
14. Եահեա Քօչօղլու, Հաթըրլըեօրում. Թիւրքիյէտէ Կայրըմիւսլիմ Հայաթլարը, (Կը յիշեմ. Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետական կեանքեր), Իսթանպուլ, 2003, էջ 166:
15. Նոյն, էջ 162-164:
16. Տիլէք Կիւվէն*, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 100:
17. Նոյն, էջ 99 :
18. Նոյն, էջ 103-105:
19. Նոյն, էջ 105:
20. Նոյն, էջ 107:
21. Նոյն, էջ 108:
22. Եահեա Քօչօղլու, Հաթըրլըեօրում. Թիւրքիյէտէ Կայրըմիւսլիմ Հայաթլարը, (Կը յիշեմ. Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետական կեանքեր), Իսթանպուլ, 2003, էջ 40:
23. Նոյն, էջ 162, նաեւ` Րըտվան Աքար, Վարլըք վէրկիսի (Ունեւորութեան տուրք), Իսթանպուլ, 1992, էջ 84:
24. Րըտվան Աքար, Վարլըք վէրկիսի (Ունեւորութեան տուրք), Իսթանպուլ, 1992, էջ 83:
25. Նոյն, էջ 49, 87:
26. Տիլէք Կիւվէն, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 111:
27. Րըտվան Աքար, Վարլըք վէրկիսի (Ունեւորութեան տուրք), Իսթանպուլ, 1992, էջ 9:
28. Նոյն, էջ 61:
29. Տիլէք Կիւվէն, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 117:
30. Եահեա Քօչօղլու, Հաթըրլըեօրում. Թիւրքիյէտէ Կայրըմիւսլիմ Հայաթլարը, (Կը յիշեմ. Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետական կեանքեր), Իսթանպուլ, 2003, էջ 45:
31. Րըտվան Աքար, Վարլըք վէրկիսի (Ունեւորութեան տուրք), Իսթանպուլ, 1992, էջ 72:
32. Նոյն, էջ 73:
33. Տիլէք Կիւվէն, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 116:
34. Րըտվան Աքար, Վարլըք վէրկիսի (Ունեւորութեան տուրք), Իսթանպուլ, 1992, էջ 76:
35. Եահեա Քօչօղլու, Հաթըրլըեօրում. Թիւրքիյէտէ Կայրըմիւսլիմ Հայաթլարը, (Կը յիշեմ. Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետական կեանքեր), Իսթանպուլ, 2003, էջ 103,104:
36. 6-7 Էյլիւլ Օլայլարը, Ֆօթօկրաֆլար, Պէլկէլէր. Ֆահրի Չօքէր Արշիւի, Թարիհ Վաքֆը Եուրտ Եայընլարը – 2005 (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը. Լուսանկերներ, Վաւերաթուղթեր, Ֆահրի Չօքէրի Արխիւը):
37. Թօբլումսալ Թարիհ, Էյլիւլ 2005 (Հաւաքական Պատմութիւն, Ամսաթերթ, Սեպտեմբեր 2005):
38. Իսթանպուլտա, Տիյարպաքըրտա ազալըրքէն (Երբ Իսթանպուլի, Տիյարպաքըրի մէջ կը նուազին), Եէլտա, Պէլկէ Եայընճըլըք, 1996:
39. Տիլէք Կիւվէն, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 19:
40. Նոյն, էջ 20,21:
41. Նոյն, էջ 22:
42. Իսթանպուլտա, Տիյարպաքըրտա Ազալըրքէն… էջ 21 եւ 6-7 Էյլիւլ Օլայլարը, էջ 72:
43. 6-7 Էյլիւլ Օլայլարը – Ֆօթօկրաֆլար-Պէլկէլէր էջ IX եւ Թօբլումսալ Թարիհ էջ 39
44. Իսթանպուլտա, Տիյարպաքըրտա Ազալըրքէն… էջ 16 եւ 20:
45. Տիլէք Կիւվէն, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 39:
46. Նոյն, էջ 35 եւ 36:
47. Իսթանպուլտա, Տիյարպաքըրտա Ազալըրքէն… էջ 21:
48. Տիլէք Կիւվէն, 6-7 Էյլիւլ օլայլարը (6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը) – Իսթանպուլ թարիհ վաքֆը, 2005, էջ 41, 42:
49. Նոյն, էջ 43:
50. Նոյն, էջ 45, 46:
51. Եահեա Քօչօղլու, Հաթըրլըեօրում. Թիւրքիյէտէ Կայրըմիւսլիմ Հայաթլարը, (Կը յիշեմ. Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետական կեանքեր), Իսթանպուլ, 2003, էջ 115, 116:
* Տիլէք Կիւվէն Գերմանիոյ մէջ հաստատուած թուրք ընտանիքի մը 1969-ին ծնած մէկ զաւակն է: Ան եղած է Պոխում քաղաքի Րուր (Bochum Ruhr) Համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի ուսանող: Նոյն համալսարանը 2004-ին գերմաներէն լեզուով հրատարակած է անոր «6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը՝ հանրապետական շրջանի փոքրամասնական քաղաքականութիւններու ու ռազմավարութիւններու լոյսին տակ» խորագրեալ դոքթորայի թէզը: Ան իր այս լուրջ աշխատութիւնը պատրաստելու համար լայն ուսումնասիրութիւններ ըրած է զանազան արխիւներու մէջ, ինչպէս նաեւ կատարած է մօտաւորապէս 40 հարցազրոյցներ` դէպքերու ականատես 60-ը անց անձերու հետ: Գիրքը 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերու յիսնամեակին առիթով թարգմանուած է թրքերէնի ու հրատարակուած «6-7 Eylul Olaylari, 6-7 Սեպտեմբերի Դէպքերը» խորագրով:
http://ermeni.hayem.org/ermenice/trqatsnelu_qaghaqakanutyune.htm
Leave a Reply