Իզմիրի մէջ իր մայրենի լեզուով երգ ունկնդրելուն պատճառով սպաննուած է Տերսիմցի Կազի Աքպայըր անունով երիտասարդ մը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Տեմոքրաթ Հապէր» կայքը:
Իզմիրի Ալիաղա շրջանին մէջ, Կազի Աքպայըր ճաշարանին մէջ խնդրած է զազայերէն երգ լսել: Իր մայրենի լեզուով երգի ունկնդրութենէն ետք սրճարանի տիրոջ եւ այլ ներկաներուն հետ ունեցած վիճաբանութեան եւ կռիւի ժամանակ Տերսիմցի երիտասարդը չորս տեղէ դանակահարուած, ապա դուրս դրուած է: 15 վայրկեան ետք ան արիւնլուայ վիճակով ինքնաշարժով վերադարձած է նոյն ճաշարանին առջեւ եւ շարունակած կռիւը: Անյայտ անձերու կողմէ ինքնաշարժը ենթարկուած է փամփուշտներու տարափի, որուն իբրեւ հետեւանք Տերսիմցի երիտասարդը անշարժացած է։
Նոյն ընթացքին աղբահաւաք մեքենայի վարորդը նկատելով զայն՝ տեղեկացուցած է ոստիկանութիւնը:
Հիւանդանոց տեղափոխուած երիտասարդը մահացած է մարմնին վրայ ստացած դանակի չորս եւ փամփուշտի վեց հարուածներուն պատճառով:
http://tert.am/hy/news/2011/12/19/dersim-zaza/
Leave a Reply