“Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը չի կրնար կանգ առնել: Ինչքան ալ Թուրքիան հզօր ըլլայ, միեւնոյնն է` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը դատապարտուած է շարունակման”,- այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Անոր խօսքով` Թուրքիան շատոնց տանուլ տուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, լրատուական, ակադեմիական եւ գիտական ասպարէզներու մէջ:
“Տաս տարի առաջ Ֆրանսան հրապարակայնօրէն ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տաս տարուան ընթացքին Թուրքիան կը գտնուի անընդմէջ ցնցումներու մէջ, դեսպաններ կ’ուղարկէ, կը յոխորտայ: Անով Թուրքիան կը նուաստանայ միջազգային հանրութեան առջեւ երբեմն մանկամիտ, երբեմն վայրագ յանցագործին վայել գործելաոճով”,- յայտնեց Հայկ Դեմոյեան:
Անոր կարծիքով` ցեղասպանութեան ժխտումը եւրոպական երկրներու մէջ պէտք է ըլլայ պատժելի, քանի որ ժխտելը ռասիստական մօտեցում է եւ կը վիրաւորէ ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու յիշատակը:
Հայկ Դեմոյեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի համար ստեղծուած է պետական յանձնաժողով, որուն նախագահը ՀՀ նախագահն է:
“Պիտի կատարուին շարժական ցուցադրութիւններ, շարժական շուրջ 30 թանգարաններու բացում աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ մօտակայ երեք տարիներու ընթացքին, այդ ձեւով ցեղասպանոււթեան թեման պիտի լուսաբանուի նորովի, նոր մօտեցմամբ”,- ըսաւ Հայկ Դեմոյեան:
http://tert.am/hy/news/2011/12/19/haykdemoyan/
Leave a Reply