Թուրքիա ինչպիսի՞ պայքար մը տարաւ, որպէսզի Վերֆելի վէպը շարժապատկերի չվերածուի. Այշէ Հիւրի հրապարակումը

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Երէկուան (Կիրակի օրուան, Դեկտեմբեր 18) «Թարաֆ» թերթի իր էջին մէջ յայտնի քրոնիկագիր Այշէ Հիւր այս անգամ կանգ առած է Ֆրանց Վերֆելի նշանաւոր «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին կապուած հարցերու վրայ եւ այս նիւթին շուրջ տուած այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք շատ ալ ծանօթ չեն հանրութեան։

Մեկնելով Ֆրանսայի Խորհրդարանի` քուէարկութեան սպասող օրինագիծի խնդիրէն, Այշէ Հիւր նախ յիշած է, թէ անցեալին ինչ փուլերէ անցած էր ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը, որ հիմա ալ կը պաշտպանուէր Ֆրանսայի նախագահական երկու թեկնածուներուն կողմէ։ Ուշ կամ կանուխ այս օրինագծին կամ անոր մէկ նմանին հետ դէմ յանդիման պիտի գանք, ըսած է Այշէ Հիւր։

Այշէ Հիւր շատ ալ կողմնակից չէ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ յառաջ քշուած այն պնդումին, թէ նմանօրինակ պատմական խնդիրները խորհրդարաններու կողմէ չէ որ կ՛որոշուին, այլ կ՛որոշուին պատմաբաններու կողմէ։ Ըստ Այշէ Հիւրի, տարօրինակ չէ տեսնել թէ իրենց ժողովուրդներուն կողմէ ընտրուած Խորհրդարանները կը զբաղին նմանօրինակ հարցերով։ Իսկ եթէ Թուրքիա կը պնդէ որ վերոյիշեալ օրինագիծը կը խափանէ Ֆրանսայի մէջ մտածումի ու արտայայտութեան ազատութիւնը, այս պնդումն ալ իր պատասխանը գտած է Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանին կողմէ, քանի որ այս վերջինը, պատմաբան Թանէր Աքչամի դիմումին ընդառաջելով, արձակած է այն վճիռը թէ Թուրքիոյ Պատժական Օրէնքի 301րդ յօդուածը պատճառ կը դառնայ որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցով զբաղիլ ուզողներու մտածումի ազատութիւնը կաշկանդուի։ Այսինքն եթէ իմ անցեալը սեւ է, քու անցեալը աւելի սեւ է։

Այնուհետեւ Այշէ Հիւր անդրադարձած է Ֆրանց Վերֆելի վէպին, նաեւ այն խնդիրներուն, որոնք ծագած էին երբ ԱՄՆի մէջ Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր ընկերակցութիւնը որոշած էր շարժապատկերի վերածել այս վէպը։ Հիւր կը պատմէ որ Վերֆել Դամասկոս այցելելու ընթացքին գորգի գործարանի մը մէջ տեսած էր հայ որբ մանուկներ ու առաջին անգամ այսպէս է որ ան ծանօթացած էր Հայկական հարցին։ Վերադարձին ան տեղեկութիւններ հաւաքած է հայկական տեղահանութեան ու Մուսա Լերան պատմութեան մասին։ Ինչպէս յայտնի է, մուսալերցիները  աւելի քան 5000 հոգիով 40 օր դիմադրած էին՝ պաշտպանուելով զիրենք ոչնացնել ջանացող թուրք յարձակողներէն։ Բայց անոնք աւելի չէին կրցած դիմանալ ու Ֆրանսական նաւերով հեռացուած էին Մուսա Լերան իրենց դիրքերէն։

Հետաքրքրական է այն, ինչ Հիւր կը պատմէ ֆրանսացիներու կողմէ փոխադրուած այս մուսալերցիներուն ճակատագրին մասին։ Գրեթէ ոչ մէկ երկիր ուզած էր ընդունիլ զանոնք։ Երկար սակարկութիւններէ վերջ անոնք Եգիպտոսի Փորթ Սաիտ նաւահանգիստին մէջ զինուորական կեդրոնի մը մէջ ընդունուեցան, առժամեայ աշխատանք տանելու պայմանով։ Գաղթականները արկածախնդրական զանազան պատմութիւններէ վերջ, դարձեալ Հաթայ վերադարձան, որ այդ շրջանին ֆրանսացիներու տիրապետութեան տակ էր։

Բայց յօդուածին բուն նիւթն է այն պայքարը, զոր Թուրքիա մղեց Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր շարժապատկերի ընկերութեան դէմ, որպէսզի արգելք ըլլայ Վերֆելի վէպին շարժապատկերի վերածուելուն։ Ամերիկացիները վստահ էին որ ասիկա հրաշալի ժապաւէն մը պիտի ըլլար, բայց Վերֆել դժուար համոզուեցաւ իր վէպին իրաւունքը վաճառելու, ի վերջոյ, 20 հազար տոլարով ծախեց վէպին իրաւունքը։

Մէյըր ընկերակցութեան հասցէին շուտով ազդարարութիւններ եղան, թելադրուեցաւ որ այդ ժապաւէնը այնպէս մը դարձուի որ Թուրքերը շատ չզայրանան, Մէյըր ընկերակցութիւնը համաձայնեցաւ փոփոխութիւններ ընել բեմագրութեան մէջ: Թուրքիա շատ մեծ պայքար բացաւ շարժապատկերի ընկերութեան դէմ։  Այդ շրջանին տակաւին ո՛չ Հայկական Սփիւռքի մասին կը խօսուէր, ոչ ալ Հայկական Ցեղասպանութեան։ Թրքական թերթերու մէջ յօդուածներ կը հրատարակուէին, Վերֆելը կ՛ամբաստանուէր հայկական շատ սուրճ խմած ըլլալու մեղադրանքով։ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը սկսաւ տալ առաջին արդիւնքը, Գերմանիոյ քարոզչութեան նախարար Կէօպէլս Գերմանիոյ մէջ արգիլեց Վերֆելին գիրքը։ Միայն թէ ասիկա ուշ էր, որովհետեւ գիրքը արդէն բոլոր գերման հրեաներուն սնարի գիրքը դարձած էր։

1934ին ԱՄՆի մէջ երկու գիրքեր հրատարակուեցան ու այս գիրքերը մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, այն ատեն Թուրքիա սաստկացուց իր պայքարը։ Երբ կը մօտենար 24 Ապրիլ 1934ը, այսինքն տեղահանութեան քսանամեակը, Թուրքիա, տեսնելով որ Մէյըր տակաւին չէր հրաժարած շարժապատկերի ծրագրէն, յայտնեց թէ Մեթրօ Կոլտուին Մէյէրի բոլոր շարժապատկերները Թուրքիոյ մէջ պիտի արգիլուին, եթէ ան չհրաժարի այս ժապաւէնը պատրաստելէ։ Մեթրօ Կոլտուինի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Ֆահիր Իփէքճին ալ ազդարարեց, որ ամերիկեան ընկերութիւնը մեծ վնասներ կ՛ունենայ եթէ այս ժապաւէնը նկարահանէ։ Այն ատեն Մէյըր խոստացաւ կարգ մը փոփոխութիւններ ընել բեմագրութեան մէջ։ Բայց ասիկա ալ բաւարար չեղաւ Թուրքիոյ համար։

«Ուլուս», «Հիւրրիյէթ» եւ «Ճումհուրիյէթ»  թերթերը ազգային դատ նկատեցին այս հարցը եւ նեցուկ կանգնեցան կառավարութեան։ Անոնք միշտ նոյն ծանօթ պաշտպանութիւնը կ՛ընէին ըսելով, որ «Հայկական հարցը լուծուած է եւ այլեւս մոռցուած է, եթէ այդպէս չըլլար, կարելի՞ էր որ Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան գտնուէր։ Մեթրօ Կոլտուինը հիմա ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր փակուած թղթածրար մը դարձեալ օրակարգի բերելով»։

Ակնարկուած հայ երեսփոխանը Պերճ Քէրէսթէճեան Թիւրքերն էր։ «Թիւրքեր» մականունը Աթաթիւրքին կողմէ տրուած էր իրեն։ Թրքական թերթերը կը գրէին որ Վերֆել հրեայ մըն էր ու Մեթրօ Կոլտուին Մէյըրն ալ հրէական ընկերակցութիւն էր, ուստի այս դէպքը հայ-հրեայ դաւադրութիւն մըն էր։ «Ուլուս»ի մէջ Պուրհան Պելկէ կը գրէր որ ասիկա հայկական հեքեաթ մըն է, որ սակայն գրուած է հրեայի մը կողմէ։

Նոյն օրերուն Հայ Համայնքի Ազգային Մարմինը, որ իբր պատանդ կը գործածուէր պետութեան կողմէ, ճնշումի տակ դրուեցաւ որպէսզի դատապարտէ Ամերիկեան ընկերակցութեան ծրագիրը։ «Ճումհուրիյէթ»ի մէջ Ապիտին Տավէրն ալ հրեայ համայնքի անդամները հրաւիրեց դէմ գալու։ «Թուրքիոյ թշնամի հրեաներուն դէմ ամէնէն առաջ դուք էք որ դէմ պիտի դուրս գաք», կը գրէր ան։ Պուլկարիա, Ռումանիա, Եուկոսլավիա եւ Յունաստանն ալ, որոնք Թուրքիոյ հետ ստորագրուած Պալքանեան համաձայնութեան շնորհիւ երկրորդ գարուն մը կ՛ապրէին, Թուրքիոյ պաշտպան կանգնեցան այս խնդրին մէջ։ Անոնք ալ յայտարարեցին, որ այդ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը պիտի արգիլէին իրենց երկիրներուն մէջ։ Յունաստանի պարագան բնաւ զարմանալի չէր, այդ շրջանին երկու երկիրները հաշտուած էին իրարու հետ, Յունաստանի Վարչապետ Վենիզելոս Նոպէլեան մրցանակի արժանի ցոյց տուած էր Աթաթիւրքը։ Վերջին հարուածը եկաւ Ֆրանսայէն, այս երկիրն ալ յայտնեց թէ Կոլտուին Մէյըրի ժապաւէնները պիտի արգիլուին, եթէ ժապաւէնը նկարահանուի։ Այս բոլորէն վերջ Մեթրօ Կոլտուինի տնօրէնը հասկցաւ որ պիտի չկարենար նկարահանել այս ժապաւէնը ու հրաժարեցաւ ծրագրէն։  Այս կերպով պարտութեան մատնուեցան Ամերիկայի ամէնէն հսկայ շարժանկարի ընկերակցութիւնն ու Ամերիկայի ազատութեան նշանաւոր սկզբունքը։

Այշէ Հիւր իր յօդուածը եզրակացութեան կը բերէ հետեւեալ տողերով.

«Այս թուականէն վերջ Թուրքիա ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի պատմութեան խորքերուն մէջ թաղէ 1915ը ու հասանք մինչեւ այս օրերը։ Հիմա դարձեալ հարց տանք։ Եթէ ԱՍԱԼԱի մահափորձերը չըլլային, եթէ Խորհրդարաններ որոշումներ չընդունէին 1915ին Հայերու դէմ կատարուածներուն մասին, մենք կը յիշէի՞նք արդեօք հայերու դէմ գործուածները։ Ձգեցէք 1915ը, 2009 թուականի հայկական բացումն (հայկական նախաձեռնությունը-Ակունքի խմբ.) իսկ յիշող կա՞յ հիմա։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ այս անգամ ալ այս փորձանքը մեկուսացնելէ ետք մեր ականջներուն վրայ պառկելով պիտի քնանանք մինչեւ յառաջիկայ 24 Ապրիլ։  Եւ որքան ատեն որ մենք պիտի շարունակենք այսպէս ընել, մեզի դէմ նմանօրինակ օրէնքներ պիտի հանուին։ Մենք դարձեալ պիտի նետենք-բռնենք, սպառնալիքներ պիտի ընենք։ Մինչդեռ «գրականութեան մէջ» գրուած է թէ ինչ պէտք է ընենք իրաւական տեսակէտէ»։

http://asbarez.com/arm/118230/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ