Տաւութօղլու Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան շուրջ խորհրդաժողով մը կը կազմակերպէ

Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անձնապէս աշխատանք կը տանի կազմակերպելու Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան խորագիրով խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ մէջ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ ասիկա շրջանային քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ առաջին քայլն է, որ կը վերաբերի քրիստոնեաներուն` նկատի ունենալով, որ անոնք Միջին Արեւելքի հասարակութեանց մէջ հիմնական բաղադրիչ տարրեր են եւ շրջանին մէջ մշակութային ու կրօնական բազմազանութեան երաշխիքներ:

Ըստ թրքական աղբիւրներուն, թրքական քայլին նպատակն է չէզոքացնել պաասական վարչակարգի տապալման պարագային Սուրիոյ մէջ համայնքային բախումներու վտանգը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան պետութեանց ձեռամբ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապագային սպառնացող վտանգի ահազանգումը չէզոքացնելու փորձ մըն է:

http://www.aztagdaily.com/?p=43471

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ