Պետութեան կողմէ պատրաստուող նոր սահմանադրութեան համար, երկրի ոչ-մահմետական համայնքներու հոգեւոր պետերն ու ներկայացուցիչները 15 Դեկտեմբեր 2011, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին ի մի հաւաքուեցան Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ։
Հաւաքին ու Յոյն համայնքի պատգամաւորութեան գլխաւորեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, իր հետն ունենալով Ս. Սինոտի Բ. Ատենադպիր Եոաքիմ Սարկաւագը եւ Անտրէա Ռոմվոբուլոսը ու Անտոն Փարիզեանոսը։ Հայ համայնքի պատգամաւորութեան կը գլխաւորէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանը, հետն ունենալով Պատրիարքարանի անձնակազմէն Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը, իրաւաբաններ՝ Լուիզ Պաքարն ու Արման Աթընըզը, ինչպէս նաեւ Երուանդ Էօզուզունը եւ Յարութ Շանլըն։ Յանուն Ասորի Ուղղափառ համայնքի կը մասնակցէր Հայր Փեթրոս Վրդ. Կիւլչէ եւ Սաիթ Սուսինի գլխաւորութեամբ աշխարհականներ։ Հրեայ համայնքէն ներկայ էր Իրաւաբան Նէտիմ Քարաքոն։ Հրաւիրեալ էին Կալաթասարայի Համալսարանէն Իրաւաբան Տոց. Տքթ. Էմրէ Էօքթէմը եւ այլ իրաւաբաններ։ Օրուան կազմակերպողն էր Վաքըֆներու ատեան անդամ Լաքի Վինկաս։
Բացումը կատարուեցաւ աղօթքով, ապա խօսք առաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը ու բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ըսաւ թէ §հաւաքուած ենք այս երկրին որպէս ոչ-մահմետական համայնքները, նոր պատրաստուող սահմանադրութեան մասին խորհրդակցելու եւ մեր առաջարկները տանելու¦։ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Կառավարութիւնը կ՚ուզէ ունենալ ոչ-մահմետական համայնքներու կարծիքը, որով պիտի ձեւաւորուի նոր սահմանադրութիւնը։ Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր պետերուն ու ներկաներուն, ի մասնաւորի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր հիւրասիրութեան համար։
Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց երկու գլխաւոր կէտերու վրայ. Պատրիարքական Աթոռներու ու ոչ-մահմետական համայնքներու հոգեւոր պետերու եւ իրենց աթոռներու օրինական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ §հայրենակից¦ բառի իմաստին ու զայն ըմբռնելու ձեւին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ պէտք չէ օգտագործել §փոքրամասնութիւն¦ բառը։
Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս եւս ելոյթ ունենալով ընդգծեց թէ բոլոր համայնքները գրեթէ նոյն հարցերը ունէին, որոնց մասին առաջարկ պէտք է տարուէր պատկան իշխանութեանց։
Եղան այս եւ նման նիւթերու մասին խորհրդակցութիւններ։ Իւրաքանչիւր մասնակից պարզեց իր տեսակէտը։
Իրաւաբան Լուիզ Պաքար ըսաւ, որ այս նիւթերէն ոմանք դուրս են սահմանադրութենէն եւ առաջին առթիւ պէտք է աշխատիլ սահմանադրութեան հետ կապուած հարցերով։ Իսկ Տոց. Տքթ. Էմրէ Էօքթէմ ըսաւ որ յայտնուած հարցերու նման հարցեր ունի նաեւ երկրի մահմետական տարրը։ Այստեղ կարեւոր է շեշտը դնել սահմանադրութեան 65րդ յօդուածի բարելաւման վրայ։ Յիշեալ յօդուածն է, որ կը սահմանէ §հայրենակից¦ հասկացողութիւնը։ Տոց. Տքթ. Էօքթէմ եւս ըսաւ թէ սահմանադրութեան մասին նիւթերը առաջնակարգ են, միւս նիւթերը զանազան օրէնքներու մաս կը կազմեն, որ սահմանադրութեան նիւթէն դուրս է։
Ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Լաքի Վինկաս, որ ըսաւ թէ §Պետութիւնը կը խօսի բարիկամեցողութեան, ժողովրդավարութեան եւ նման հարցերու շուրջ։ Մենք ալ փոխանակ բողոքելու, մեր ներդրումը ունենանք այս աշխատանքին¦։ Ան, առաջարկեց իրաւաբաններէ ու նիւթին առաջնակարգ տեղեակ անձերէ յանձնախումբ մը կազմել, որ առաջին առթիւ տեղեկագիր մը պատրաստելով յղէ իւրաքանչիւր համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։
Խորհրդակցական հաւաքը վերջ գտաւ աղօթքով։
Leave a Reply