Կրթական հարցերու շուրջ խորհրդակցական հանդիպում

Համայնքիս վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչները կամ այդ թաղերու թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները 16 Դեկտեմբեր 2011, Ուրբաթ, ժամը 17.15ին ի մի հաւաքուեցան Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ։ Սոյն հաւաքին գլխաւորեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։

Նորին Սրբազնութիւնը բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու ըսաւ թէ վերջերս իրականացած դրական զարգացումներու կարծես մաս կը կազմէ յաջորդ օրուան այն հանդիպումը, որ պիտի իրականանայ մեր վարժարաններու ներկայացուցիչներուն ու Կրթական Նախարար Էօմէր Տինչէրի միջեւ։ Յայտնենք որ 17 Դեկտեմբեր 2011, Շաբաթ երեկոյ Կրթական Նախարար Էօմէր Տինչէր հանդիպում մը պիտի ունենայ քաղաքիս ոչ-մահմետական համայնքներու վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներուն հետ։ Սոյն հանդիպման նախօրեակին, Սրբազան Հայրը յայտնեց որ փափաքած է բոլոր ներկայացուցիչները Պատրիարքարանի երթիքին տակ հաւաքել եւ անոնք նախքան հանդիպում կատարելն իրենց վերջնական խորհրդակցութիւնները եւ այնպէս ներկայանան Կրթական Նախարարին։ Բարի գալստեան խօսքէն յետոյ, Սրբազան Հայրը մեկնեցաւ դահլիճէն, ատենապետութիւնը թողելով աւագագոյն հրաւիրեալին՝ Հայկ Արսլանեանին։

Խորհրդակցութիւններներէ առաջ եղան լուսաբանութիւններ նախապէս կատարուած աշխատանքներու մասին, ապա իւրաքանչիւր հրաւիրեալ պարզեց իր տեսակէտը։ Հաւաքի աւարտին որոշուեցաւ Կրթական Նախարարի ուշադրութեան յանձնել համալսարանի մը մէջ հայկական ամպիոնի մը հաստատութիւնը, դասագիրքերու մէջ առկայ հակահայ կամ թշնամական ասոյթներու վերացումը, հոգեւորականի եւ կրօնագիտութեան ուսուցիչի պատրաստութիւնը, ոչ-թրքահպատակ եւ ծագումով հայ ուսանողներու վիճակը, արհեստի վարժարանի հաստատութիւնը եւ նման այլ կէտեր։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ