Թուրքերը գիտեն 1915-ի ցեղասպանութեան իրողութիւնը. Ռապըրթ Ֆիսք

Յայտնի անգլիացի լրագրող եւ Միջին Արեւելքի մասնագէտ Ռապըրթ Ֆիսք «Ակօս» շաբաթաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կ’ըսէ, թէ նոր Թուրքիան Հայկական ցեղասպանութիւնը պիտի յաջողի ճանչնալ: Ըստ Ֆիսքի՝ Թուրքիան այս հարցին դէմ հանդիման գալու համար 30 տարի առաջ աւելի աշխոյժ եւ ինքնավստահ էր:

«Ինտիփենտընթ» թերթի թղթակից՝ երկար տարիներ Լիբանան ապրած եւ Միջին արեւելքի հարցերուն լաւատեղեակ Ռ. Ֆիսքի անդրադարձած է իր 2005 թուականին լոյս տեսած «Մեծ Պատերազմ Քաղաքակրթութեան համար. Միջին Արեւելքի Նուաճումը» գիրքի 24 գլուխներէն մէկուն՝ Հայկական ցեղասպանութեան վերաբերող բաժինին: Ան այսօրուան Թուրքիոյ մասին իր համոզումները կիսելով «Ակօս»ի հետ յայտնած է, որ Թուրքերը Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւն ըլլալու մասին շատ կասկածներ ունին: Բայց ամէն անգամ, որ Թուրիա այցելեմ շատերու հարց կու տամ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին եւ կը տեսնեմ, որ շատ շատեր սկսած են համոզուիլ Ցեղասպանութեան իրողութեան հետ: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ կը յայտնեն, թէ իրենց մեծ հայրը կամ մեծ մայրը հայ եղած է: Վերջիններս իսլամութիւնը ընդունելով կրցած են երենց կեանքը փրկել: Այսպիսով հազարաւոր թուրքեր կիսով հայ կը համարուին: Թուրքերը այս բոլորը պէտք է գիտնան, որովհետեւ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ոչ միայն հայերուն պատմութիւնն է, այլեւ թուրքերուն: Անոնք պէտք է գիտնան իրենց պատմութիւնը:

Իսկ ինչո՞ւ ժխտումի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի հարցումին Ռապըրթ Ֆիսք կը պատասխանէ, որ թուրքերը կը վախնան, որ եթէ ընդունին Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրենք իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն պիտի արժեզրկուին, որ ըստ ինծի սխալ է: Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ շատ պերութիւններ ընդունեցին իրենց գործած յացագործութիւնները՝ Անգլիան Իրլանտայի նկատմամբ, Գերմանիան հրէաներու նկատմամբ, Ուքրանիան Փոլոնիայի նկատմամբ եւայլն:

http://tert.am/hy/news/2011/12/16/robert-fiks/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ