Անգարան սպառնացած է Փարիզէն ետ կանչել իր դեսպանը, եթէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Դեկտեմբեր 22ին ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Դեսպանութեան մամուլի քարտուղար Էնկին Սոլագօղլու ֆրանսական «ՖրանսՓրէս» գործակալութեան հետ զրոյցին ըսած է, թէ այդ օրինագիծի ընդունումը անդառնալի հետեւանքներ պիտի ունենայ «երկկողմ յարաբերութիւններու բոլոր ոլորտներուն վրայ` սկսած Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի` անորոշ ժամանակով ետ կանչելէն»:
Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը Դեկտեմբեր 22ին պիտի քննարկէ ռասիզմի դէմ պայքարի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին նոր օրինագիծը: Վերոնշեալ օրինագիծը օրեր առաջ ընդունուած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Իրաւական հարցերով յանձնաժողովին կողմէ:
«Յոյսով եմ, որ մենք կ’երթանք մինչեւ վերջ, եւ Ֆրանսան կ’ըլլայ մարդու իրաւունքներու երկիր»,– ըսած էր օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պոյեր:
Նոր օրինագիծին համաձայն` Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն մինչեւ մէկ տարուան ազատազրկում պիտի սպառնայ եւ 45.000 եուրօ տուգանք:
16 Հոկտեմբեր 2006ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը հաւանութիւն տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այլ օրինագիծի մը: Սակայն այդ օրէնքը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ էր անոր հաստատումը Ծերակոյտին կողմէ: Ֆրանսայի Ծերակոյտը, սակայն, 2011 Մայիսին կայացած նիստին՝ ձայներու 196 դէմ եւ 74 կողմ յարաբերակցութեամբ մերժեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այդ օրինագիծը:
Leave a Reply