Ռակըպ Զարաքօլուի համար ընկերները յանձնաժողով կազմեցին

Անցեալ ամիս քրտական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու մեղադրանքով (KCK) հարցաքննութեան առնուած եւ բանտարկուած «Պիլկէ» հրատարակչատան տնօրէն Ռ. Զարաքօղլուին զօրակցելու համար՝ անոր ընկերներն ու զօրակցողները հիմնած են յանձնաժողով մը, որ պիտի զբաղի Զարաքօղլուի ներքին եւ միջազգային խնդրանքներով ու դիմումներով: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հուրիէթ» թերթը։

Յանձնաժողովի անդամ Սաիտ Չէթինօղլու «Հուրիէթ» թերթին պարզաբանումներ տուած է յանձախումբին մասին: «Յանձնախումբը բաց է անոնց, որոնք կ’ուզեն զօրակցիլ եւ օգտակար դառնալ Զարաքօղլուին, կրնան մեզի հետ կապուիլ: Զարաքօղլուի մասին վերջին զարգացումները կը տեղադրուին http://freedom-for-zarakolu.blogspot.com կայքին մէջ, ինչպէս նաեւ բողոքարկողներու համար ստեղծուած է http:/gercek-inatcidir.blogspot.com կայքը: Քայլ առ քայլ նոր արշաւներ կեանքի պիտի կոչենք, անոնք, որոնք կ’ուզեն Զարաքօղլուի հետ տեսնուիլ, իրենց համար արտօնութիւն ձեռք պիտի ձգենք: Զարաքօղլուի թղթածրարին գաղտնիութեան որոշումին պատճառով դատավարութեան ընթացքի մասին տեղեկութիւններ չեն տրուիր: Երբ դատարանին կողմէ հանուի այդ արգիլքը, դատավարութեան մասին ամէն մանրամասնութիւն պիտի բաժնեկցինք մեր կայքէջներու միջոցով»,- ըսած է ան:

Չեթինօղլուն կ’առաջարկէ Զարաքօղլուի զօրակցողներուն, որ անոնք Նոր Տարուան առիթով «Պիլկէ» հրատարակչատան գիրքերէն մէկ հատ գնելով՝ արդէն զօկարցած կ’ըլլան իրեն:

Յիշեցնենք, որ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Քրտական հարցերով Թուրքիոյ պետական դիրքորոշումներուն ընդդիմացող եւ անոնց մասին զանազան հրատարակութիւններ կատարած թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու հոկտեմբեր 29ին դարձեալ ձերբակալուած է, այս անգամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ:

http://tert.am/hy/news/2011/12/14/zarakollou/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ