Թուրքիոյ մէջ հպարգելքի (թապու) նիւթ ըլլալէ դադրած է 1915ի Ցեղասպանութեան օրերուն իրենց ընտանիքներէն եւ ինքնութենէն պոկուած ու բռնի կերպով կամ պարագաներու թելադրումով մահմետական ընտանիքներու անդամ դարձած հայ կիներու պարագան: Այս մասին կը գրէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը։
Հայ ըլլալու այդ գաղտնիքը, առանց կարենալ բաժնելու նոյնիսկ իրենց զաւակներուն հետ, այդ կիներէն շատեր իրենց իսկական ինքնութիւնը իրենց սրտին մէջ վառ պահելով՝ ապրած են ամբողջ կեանք մը:
Շարժանկարիչ Թայֆուր Այտընի նկարահանած «Հետք» տիտղոսը կրող ժապաւէնին հերոսը՝ Շէրիսթանն ալ անոնցմէ մէկն է: Ան 1915ին բռնի կերպով քրտացուած հայուհի մըն է:
Ժապաւէնը կը պատմէ անոր ամբողջ կեանք մը տեւած տառապանքը, որ իրեն նման շատերուն պարագան էր: Նկարահանողին իսկ վկայութեամբ՝ «Այլեւս ամեն մարդ գիտէ, որ այս երկրին մէջ այս հարցը ցաւատանջ հարց դարձած է»: Ու կը շարունակէ. «Գիտէի, թէ որքան դժուար գործի մը ձեռնարկած էի՝ որոշելով նկարահանել այս ժապաւէնը»:
Երբ օր մը զինուորներ, յանկարծակի յարձակում կը գործեն Շէրիսթանի գիւղին վրայ, ան դեռ մանկամարդուհի մըն էր: Ականատես կ՚ըլլայ գիւղի բոլոր այրերուն, ի շարս որոնց իր սիրականին՝ Արթոյի սպանութեան:
Խզումի պահն է ատիկա: Իր ընտանիքէն, արմատներէն պոկումի պահը:
Զինք կը տանին ու բռնի կերպով կ՚ամուսնացնեն քիւրտի մը հետ: Այդ պահէն կը դատապարտուի ապրելու՝ իր գաղտնիքը թաղած սրտին մէջ: Այդ մասին չի համարձակիր խօսիլ նոյնիսկ իր զաւակներուն: Տարիներ անց` իր երկրորդ ամուսնոյն ալ մահէն ետք, երբ արդէն հաստատուած է Պոլիս իր զաւակներուն հետ, իր կեանքին սպառնացող հիւանդութեան ժանիքներուն մէջ կը զգայ հայրենի հողերուն կանչը: Փափաք կը յայտնէ թաղուելու այդ հողերուն մէջ. այդ առթիւ վերջապէս կը բացայայտէ նաեւ այն գաղտնիքը, զոր սրտին խորերը պահած է իր «նոր կեանք»ի ամբողջ տեւողութեան:
…Ու ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Պաթման… դէպի մանկութիւն, դէպի յուշեր, դէպի տառապանքներ, դէպի կորսուած կեանք…
Շարժանկարը Դեկտեմբեր 9ին սկսած է ցուցադրուիլ թրքական պաստառներուն վրայ:
15.12.11
Tert.am
Leave a Reply