Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Հայաստանի նախագահի մարսելեան ելոյթը ցնցած է Թուրքիան

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մարսէլի մէջ ունեցած յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ իրաւասուները օր մը քաջութիւն պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց մօտեցումները վերագնահատելու, եւ ուշ թէ շուտ ինքզինք եւրոպական երկիր համարող Թուրքիան պիտի կառավարուի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցող իսկական եւրոպացի կառավարութեան կողմէ, ցնցած է Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը։

Ըստ «Տողան»ի՝ առաջին արձագանգը հնչած է Թուրքիոյ մէջ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար, ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւններուն գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի կողմէ:

Արդարութիւն եւ զարգացում Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան Քաղիթհանէի քաղաքային բաժանմունքի համագումարին, խուսափելով խնդիրի բուն էութենէն, Պաղըշ խօսած է Հայաստանի փոքր երկիր ըլլալուն, Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ հայաստանցիներու աշխատելու խնդիրին եւ «թուրքերու բարեսիրտ» ըլլալուն մասին: Ան նաեւ յոխորտալով նշած է, թէ «ոչ մէկուն ուժը չի բաւեր՝ թուրքերը ծունկի բերելու»:

12.12.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ