Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կալուածներու վերադարձի բանաձեւը պիտի քննուի դեկտեմբեր 13ին. Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ

Երեքշաբթի՝ Դեկտեմբեր 13ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը պիտի քննէ ու քուէարկութեան դնէ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, սրիանիներու եւ այլոց պատկանող եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ունեցուածքի վերադարձին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեան կրօնական ազատութիւններու ապահովման առնչուող թիւ 306 բանաձեւը:

Բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուած էր Յուլիս 20ին, 43ի նպաստ ու միայն մէկ դէմ քուէներով:

կոնգրեսին ներկայացուած այն բանաձեւին համահեղինակներն են՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամներ Էտ Ռոյս (Հ., Քալիֆորնիա) եւ Հաուըրտ Պըրմըն (Դ., Քալիֆորնիա):

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամեիկահայութեան, որ այս բնանաձեւին ի նպաստ քուէարկելու մղէ իրենց շրջանի քոնկերսականները: Հայ Դատի յանձնախումբը այս նպատակով պատրաստած է յատուկ նամակ մը, զոր կարելի է ղրկել ձեր շրջանի քոնկրեսականին: Նամակէն օրինակ մը յղելու համար, այցելել www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=51524506 կայքէջը:

Քննարկման հետեւելու համար, կարելի է այցելել Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»ի կայքէջը՝ www.facebook.com/ancagrassroots հասցէով:

13.12.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ