Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Առաջնորդները Կը Հրաւիրուին Նոր Սահմանադրութեան Քննարկումներուն

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նոր սահմանադրութիւն մը պատրաստելու նպատակով, խորհրդարանի երդիքին տակ ձեւաւորուած յանձնախումբը սկսած է գաղափարի փոխանակումներ ունենալու զանազան շրջանակներու հետ։ Յանձնախումբը Չորեքշաբթի օր ժողով մը գումարած է խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի գլխաւորութեամբ։

Ժողովին ընթացքին յանձնախումբի անդամները յստակացուցած են այն կէտը, թէ փոքրամասնութիւններու շրջանակէն որո՛նց հետ հանդիպումներ ու քննարկումներ տեղի պիտի ունենան։ Որոշուած է հրաւէր ուղղել փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն՝ յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանին եւ ասորիներու հոգեւոր առաջնորդ Եուսուֆ Չեթինի։

Հոգեւոր առաջնորդները կա՛մ անձամբ, կա՛մ իրենց կողմէ նշանակուած անձերէ կազմուած խումբ մը պիտի ղրկեն եւ իրենց առաջարկները պիտի ներկայացնեն։ Յանձնախումբի առաջին հանդիպումը նախատեսուած է փոքրամասնութիւններէն հրեաներու կողմէ հիմնուած «500 տարի» վագըֆին հետ։ Այս վագըֆը հիմնուած էր 1992ին, ի յիշատակ 1492ին Սպանիայէն արտաքսուած սպանացի հրեաներու։

Յանձնախումբը ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Լրագրողներու միութեան, Մամլոյ յանձնախումբին, Թուրքիոյ գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ