Դեկտեմբեր 9-10 (սկիզբը` ժ.10:00) Երեւանի Քոնկրէս հիւրանոցի «Փիքասսօ» դահլիճին մէջ՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, «Հիքսոս» հիմնադրամի եւ «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ տեղի կ՛ունենայ «Հայութեան կրօնադաւանական հատուածներ. մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը:
Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ գիտաժողովին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի հայութեան կրօնադաւանական հատուածներու ազգային ինքնութեան պահպանման եւ միջդաւանական համերաշխութեան, համագործակցութեան մթնոլորտի ապահովման միջոցներուն: Բներգական առումով ասիկա առաջին փորձն է` լուսաբանելու ոլորտի խնդիրները:
Պատմական հանգամանքներու բերումով 19րդ դարու կէսերէն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողքին ստեղծուեցան Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները: Յետագային` Ցեղասպանութեան տարիներուն, հայերը զանգուածաբար ենթարկուեցան բռնի իսլամացման: Իբրեւ արդիւնք` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներու կողքին՝ ներկայիս հայութեան մաս կը կազմեն նաեւ կաթողիկէ, աւետարանական եւ իսլամացուած հայերը:
Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն միջեւ քաղաքական, հասարակական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ պատմականօրէն ձեւաւորուած է համագործակցութեան որոշ փորձ, որ առաւել ակնառու դրսեւորում ստացած է Սփիւռքի մէջ: Ուշագրաւ են, օրինակ, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման համար համատեղ պայքարը, հասարակական կառոյցներու համատեղ հիմնումը եւ տնօրինումը, քրիստոնէութեան ընդունման 1700ամեակին, հայոց գիրերու գիւտի 1600ամեակին նուիրուած համատեղ քայլերը եւ այլն: Միեւնոյն ժամանակ, կան նաեւ որոշ խնդիրներ:
Զեկուցումներով հանդէս կու գան Հայաստանէն` Գ. Յարութիւնեան, Վ. Ասցատրեան, Ռ. Մելքոնեան, Ա. Սիմաւորեան, Յ. Յովհաննիսեան, Ս. Վարդանեան, Սփիւռքէն` Մ.Տապպաղ (Գերմանիա), Վ. Թաշճեան (Լիբանան), Հ. Չոլաքեան (Սուրիա), Հ. Մոսկոֆեան (Լիբանան), եւ այլք:
Tert.am
Leave a Reply